Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անցեալ Շաբաթ Նիւ Եորքը Քանի Մը Օրով Վերածուեցաւ Հայկական Քաղաքի

Մարտ 23, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախօրէին աշխարհի ոչ պաշտօնական մայրաքաղաք Նիւ Եորքը անցեալ շաբաթ դարձաւ հայկական ձեռնարկներու մեծ կեդրոն:

Մարտ 10-ին Նիւ Եորքի Քառնեկի ընկերակցութեան նախագահ Վարդան Գրիգորեան, գործարարներ` Ռուբէն Վարդանեան (Մոսկուա) եւ Նուպար Աֆէեան (Պոսթըն) ազդարարեցին «100 կեանք» (100 LIVES) նախաձեռնութեան մեկնարկը:

Կազմակերպիչները կը նախատեսեն հաւաքել ուշագրաւ պատմութիւններ Հայոց ցեղասպանութեան վերապրածներու եւ անոնց փրկիչներու, ներառեալ` որոշ թուրքերու մասին: «100 կեանք» նախագիծը կը սահմանէ 1 միլիոն տոլար արժողութեամբ ամէնամեայ մրցանակ, որ պիտի յանձնուի այն անձերուն, որոնք իրենց կեանքը վտանգի ենթարկելով` փրկած են այլոց կեանքը աշխարհի որեւէ մասի մէջ: 2016թ. ապրիլ 24-ին Երեւանի մէջ յայտնի դերասան եւ հասարակական գործիչ Ճորճ Քլունին պիտի յանձնէ առաջին «Մարդկութեան զարթօնքին համար «Աւրորա» մրցանակը»: Կ՛ակնկալուի, որ այս մրցանակին յաղթողները, որ այդպէս կոչուած է  Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած Աւրորա (Արշալոյս, Ա.) Մարտիկանեանի պատուին, որ 1919 թուականին նկարահանուած է «Յօշոտուած Հայաստան» շարժանկարին մէջ, 1 միլիոն տոլար մրցանակը պիտի փոխանցեն որեւէ կազմակերպութեան, որուն գործունէութենէն անոնք ամէնէն շատ ոգեշնչուած են իրենց մարդասիրական նախաձեռնութիւններուն մէջ:

Այս յատուկ մրցանակի ընտրող յանձնաժողովի համանախագահներն են Ճորճ Քլունին եւ Նոպելեան մրցանակի դափնեկիր Էլի Ուիզել: Յանձնաժողովի կազմին մէջ ընդգրկուած են Քոսթա Ռիքայի նախկին նախագահ Օսքար Արիասը, ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու հարցերով նախկին գերագոյն յանձնակատար Մերի Ռոպինսընը, ցեղասպանութեան հարցերով ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի խորհրդական Կարեթ Էւանսը, մարդու իրաւունքներու պաշտպան Հինա Ճիլանին եւ դոկտ. Գրիգորեանը:

«100 կեանք» նախագիծին հիմնադիրները նաեւ կը նախատեսեն իրականացնել աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու արխիւներուն մէջ պահուող Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ միլիոնաւոր փաստաթուղթերու թուայնացման հսկայական աշխատանքը:

Ձեռնարկի մեկնարկին ներկայ էին` հոլիվուտեան հանրաճանաչ աստղեր, Նիւ Եորքի անուանի անձնաւորութիւններ եւ յայտնի լրագրողներ «Սի. Էն. Էն.» էն, «Սի. Պի. Էս. 60 վայրկեան» հեռուստաներկայացումէն եւ «Թայմզ» շաբաթաթերթէն: Ճորճ Քլունին եւ Ռուբէն Վարդանեանը մասնակցեցան քննարկման մը, որ կը վարէր «Ուաշինկթըն ուիք»ի գլխաւոր խմբագիր եւ «Փի. Պի. Էս. Նիուզ Հաուըր» հեռուստածրագիրի համահաղորդավար ու համախմբագիր Կուէն Իֆիլը:

Այստեղ համառօտ հատուածներ` Ճորճ Քլունիի ելոյթէն.

«Հայաստանի մասին տեղեկացայ իմ ընկերներէս մէկուն` Պոպ Մանուկեանին միջոցով, որ հաւանաբար օգտուելով այն ժամանակուան իմ անտեղեակութենէն` ըսաւ. «Դուն ծանօթ ես որոշ ծերակուտականներու, հաւանաբար կրնաս խօսիլ անոնց հետ` ծերակոյտին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը քննարկելու համար»: Ես փորձեցի…Այնքան ալ յաջող չեղաւ, ինչպէս կը պատկերացնէք: Պարզուեցաւ` մենք քանի մը ռազմակայան ունինք Թուրքիոյ մէջ, որուն մասին ես չէի գիտեր: Ինճիրլիք, ո՞վ պիտի իմանար…Ես ցնցուած էի: Եւ այդպէս, սկսայ աւելի շատ տեղեկանալ Հայաստանի մասին ընկերական կապերու միջոցով: Ես դանդաղ յառաջ կ՛երթայի այս գործին մէջ…Միայն այն պատճառով, որ «ցեղասպանութիւն» բառը յօրինուած էր 30 տարի աւելի ուշ, չի նշանակեր, որ անիկա տեղի չէ ունեցած…Կինս չէր գիտեր, որ ես կը հանդիպէի Ռուբէնին հետ: Ան Սթրազպուրկ մեկնելու պատրաստութիւններուն մէջ է`  Եւրոպական դատարան, որպէսզի պայքարի իսկական հայկական հետաքրքրական գործին համար: Երբ Լոս Անճելըսի մէջ ինքնաշարժս կը կայանէի, կայանատեղի աշխատակիցները բոլորը հայեր էին, անոնք կը մօտենային ինծի ու կ’ըսէին. «Ես պիտի ուզէի համբուրել ձեր կինը…Դուք կարիք չունիք վճարելու»:

«100 կեանք» նախագիծին մեկնարկը լուսաբանուեցաւ միջազգային լրատուամիջոցներու, ներառեալ` «Նիւ Եորք Թայմզ»-ին կողմէ: Ես զարմացած էի, երբ Ուաշինկթընի մեծ պարբերականի` «The Hill» թերթի առաջին էջին տեսայ իմ լուսանկարս` Ճորճ Քլունիի հետ ձեռքսեղման պահուն: Ամալ Քլունիի հետ զրոյցի ժամանակ ես երախտագիտութիւն յայտնեցի անոր` վերջերս Սթրազպուրկի մէջ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ նշանաւոր միջազգային փաստաբան Ճեֆրի Ռոպըրթսընի հետ միասին Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայացնելու համար:

Նոյն շաբաթավերջին Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցաւ  Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի «Պատասխանատուութիւն 2015» համաժողովը, որ տեւեց երեք օր, եւ որուն աշխատանքներուն մասնակցեցան շուրջ 50  հանրայայտ մտաւորականներ, իրաւաբաններ, գրողներ, արուեստագէտներ, լրագրողներ եւ հասարակական գործիչներ ամբողջ աշխարհէն, որոնք լուսաբանեցին տարբեր ցեղասպանութիւններու հետ կապուած հարցեր:  Նշանաւոր բանախօսներու շարքին էին` Դաւիթ Պալապանեան, Դաւիթ Պարսամեան, Էրիկ Պօղոսեան, Քրիս Պոհչալեան, Իսրայէլ Չառնի, Տէյվիտ Կոնթ, Արամ Համբարեան, Ռիչըրտ Յովհաննիսեան, Ռայմոնտ Գէորգեան, Չարլի Մահտեսեան, Մարք Մամիկոնեան, Խաչիկ Մուրատեան, Մերի Փափազեան, Ճեֆրի Ռոպըրթսըն, Ռոժէ Սմիթ եւ Հենրի Թերիօ: Ինծի համար մեծ պատիւ էր գտնուիլ նման նշանաւոր մարդոց շրջապատին մէջ եւ զեկուցել «Անհատական ու խմբային փոխհատուցման» մասին:

Համաժողովի զեկուցողներու շարքին էին նաեւ քանի մը թուրք մտաւորականներ, որոնք շատ բովանդակալից զեկոյցներ ունեցան Հայոց ցեղասպանութեան մասին:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

Նախորդը

«250 Տարուայ Ընթացքում Հայերը Եւ Ռուսները Իրար Վրայ Չեն Կրակել»

Յաջորդը

«Բ. Կանաչեան» Երաժշտանոցի Սենեկային Համոյթի Ելոյթը Զարեհեան Դպրեվանքին Մէջ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ.  Յուշեր Եւ Վկայութիւններ – 4 –
Անդրադարձ

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ. Յուշեր Եւ Վկայութիւններ – 4 –

Մարտ 31, 2023
Բժիշկներու Միջազգային Օրուան Առիթով.    Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը
Անդրադարձ

Բժիշկներու Միջազգային Օրուան Առիթով. Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը

Մարտ 31, 2023
Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Գարեգին Պուճիքանեան
Անդրադարձ

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Գարեգին Պուճիքանեան

Մարտ 31, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In