ԷՄՄԱ
«Եկեղեցին Հայկական ծննդավայրն է հոգւոյս», որովհետեւ հոն կազմաւորուած է հայ ժողովուրդի էութեան հոգեկան դիմագիծը. սրբազան կառոյցն է ան, որ եղած է բերդը հաւատքի մեր նախնիներուն, որոնք գերագոյն յանձնառութեամբ ձգտած են զայն պահել անսասան` որպէս կուռ ամրոց նախնիներու լինելութեան:
Դարերու հոլովոյթին հետ Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցին եղած է մեզի` հաւատացեալներուս համար ինքնայատուկ գոյութիւն մը, մոգական վայր մը, ուր թրծուած են հասակ առնող նոր սերունդի ապրումն ու ձգտումը: Ինչպէ՞ս չյիշել կիրակնօրեայ առաւօտեան փութկոտ այն վազքը, որ զիս հոն կը հասցնէր. վարդագոյն շրջազգեստով մանուկի մը համար վայելք եւ ուրախութիւն էր առանձնակի այդ արշաւը, երբ կը ձգտէր տեղ գրաւել դասին մէկ կողմը, ուր էին նաեւ տարեց կիներ, որոնք նախորդ շաբաթուընէ աթոռակները ամրացուցած էին ատեանը բաժնող վանդակորմէն: Ինչպիսի՜ ապրումն ու հաւատք հոն բերած էին զանոնք: Անոնք հաւատարմաբար կը ձգտէին ներկայութիւն ունենալ իրերայաջորդ կիրակնօրեայ սուրբ եւ անմահ պատարագի մատուցման:
Տարիներ ետք, որպէս դպրոցի պաշտօնեայ, կիրակի առաւօտեան դարձեալ կը փութայի եկեղեցւոյ բակը, ուր աշակերտներ իրենց լաւագոյն զգեստաւորումով զիս կը սպասէին, եւ այսպէս, համատեղ մուտք գործելով, կը գրաւէինք ուսանողներու յատկացուած բաժինը: Յիշե՞լ արդեօք եկեղեցիէն ներս «Խորհուրդ Վարդանանց»-ի նուիրուած Վ. Թէքէեանի սրտառուչ տողերը, երբ այնքան խոր ապրումով կը ներկայացնէին աշակերտները` առանձնակի թէ խմբական բաժիններով:
Եւ այսպէս, Ամանորի, Ս. Ծննդեան, Զատկի եւ տօնական այլ օրերու նուիրուած արարողութիւնները, յատկապէս զանգակի խորհրդաւոր ելեւէջներով, կը դառնային տօն ու հանդէս` ներկայ թէ բացակայ եղող հաւատացեալ-ներուն համար: Յիշե՞լ ապա Մեծ պահքի սրբազան եօթը շաբաթներու ընթացքին կայացող արեւագալի եւ նոյն շրջանին ուրբաթ երեկոներուն տեղի ունեցող հսկումի ժամերգութիւնները. ապա եւ Աւագ շաբթուան իւրաքանչիւր օրուան խորհուրդը բնորոշող արարողութիւնները. «Տասը կուսանաց»-ը, «Ոտնլուայ»-ն, «Վերջին ընթրիք»-ը` հարստացած «Խաւարում»-ի ջերմեռանդ փոխասացութիւններով: Աւարտին, սրտառուչ տեսարան էր. դուրսը բակին մէջ սպասողները, որոնք միացած իրենց հարազատներուն` անմեղ եւ բարի տրամադրութեամբ տուն կը շտապէին, հաւանաբար գիշերուան ժամը տասնմէկ քառասունհինգին, երբ բնական երեւոյթ էր թաղին ծայրը հանդիպումը իրենց եկեղեցիէն դուրս ելած քրիստոնեայ արաբ հաւատացեալներուն: Եւ վերջապէս, Ճրագալոյցի շաբաթ երեկոյեան եւ կիրակի առաւօտեան հրաշափառ յարութեան նուիրուած պատարագն ու պատգամը:
Տասնեակ տարիներու սովորութեան համաձայն, կրկնուած են հաւատարմաբար բոլոր արարողութիւնները դարաւոր եկեղեցւոյ սրբատաշ կամարներուն ներքեւ: Առօրեային ամէն կարգի այցելուներուն վերապահուած էր առիթը` այցելելու «Զարեհեան» գանձատուն, ուր ծանօթանալէ ետք եկեղեցական կարգ մը սպասներու գոյութեան եւ գործածութեան, դուրս կու գային, անկորնչելի մեր անցեալը ներկայացընող մեծարժէք իրեղէններու գոյութեամբ:
Ի՞նչ պատահեր է սակայն այսօր… Դարաւոր անցեալ ունեցող մայր եկեղեցին մնացած է առանձին, չկան զուարթ քրքիջն ու խուռներամ երիտասարդութեան խոյանքները, պատանիներու խմբակները, որոնք հոգեւոր իրենց պարտականութիւնը կատարելէ ետք կը վազէին դաշտ` մարզական իրենց խաղերուն:
Յետմիջօրէի ամէն երեկոյեան զանգակը անշեղ ուղիով կը ղօղանջէր` տեղեկացնելու հայ քրիստոնեային գոհաբանական սրտաբուխ աղօթքը առ Աստուած: Այսօր եկեղեցւոյ մուտքին եւս ուշագրաւ է տիրող ընդհ. պատկերն ու ստեղծուած մթնոլորտը: Շրջափակի մանրավաճառներէն իւրաքանչիւրը, տարուած իր առօրեայով, չէր նկատեր զինք շրջապատող հանդարտ եռուզեռը: Այժմ ամայութիւն է եւ յուսահատեցուցիչ լռութիւն. ամբողջ թաղը կոչուած «Բուրդերու շուկայ»-ն կը տագնապի իր առանձնութեամբ: Եւս առաւել` եկեղեցւոյ զանգակը երեք տարիէ ի վեր լռած է, երբ ամէն առաւօտ ժամը 8-ին անվրէպ կը ղօղանջէր հաւատարմաբար: Հանդիպակաց շէնքը, որ Ազգ. առաջնորդարանն էր, դարձեալ ամայացած է: «Օշական» գրատունը ենթարկուած է նոյն ճակատագրին, շրջանը ամբողջ կը մնայ լուռ եւ սպասողական վիճակի մէջ:
Միայն մե՞ր եկեղեցին… ո՛չ, մեր եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող յոյներու, առաւել Սահաթ Ֆարհաթի մարոնիթներու եւ յոյն ուղղափառ եկեղեցիները կը մնան փակ. ինչ կը վերաբերի Թիլելի մէջ գտնուող Ս. Ռիթա եկեղեցւոյ, ան եւս վերջին օրերու ռմբակոծումէն ետք կը մնայ փակ, Մարոնիներու եկեղեցւոյ զանգակատան ժամացոյցը` վիրաւոր, առանց աշխատանքի: Մնացեալ փողոցները եւս կորսնցուցած են անցեալի իրենց խանդավառ մթնոլորտը:
Այս բոլորէն ետք մեզի կը մնայ միայն հաւատքը` որպէս լուսաւոր փարոս, ինքնակորոյս մեր խարխափումներուն որպէս փրկարար առաջնորդ, այն յոյսով, որ օր մը անպայման խութերու միջեւ տուայտող մեր նաւը անվրէպ պիտի տեսնէ իր ուղին, առաջնորդուի դէպի լուսափայլ ապագան` հեռու մնալով չար եւ յուսահատեցուցիչ փորձութիւններէ, որոնք կը սպառնան Սուրիոյ քաղաքացիի հանդարտ հոգեվիճակին:


