Հարցազրոյցը վարեց` ՐԱՖՖԻ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ
Նոր սերունդը այսօր կը մեծնայ արդիական գործիքներով եւ ան կանուխէն արդէն կը տիրապետէ համակարգիչին` անոր միջոցով շատ մը պրպտումներ կատարելով եւ գիտելիքներ հաւաքելով: Արդիականութեան դէմ պայքարիլը արդէն ապարդիւն է այսօր: Մեր աշխատանքը պէտք է ըլլայ իմաստուն մօտեցում ցուցաբերել` ծանօթանալու եւ տիրապետելու այն նորութիւններուն, որոնք կրնան հայոց լեզուին նպաստել:
Հետեւաբար, քայլ պահելու համար արդիականութեան հետ, հարկ է համակարգչային ծրագիրներ մշակել` անոնց միջոցով տարածելու համար հայոց լեզուն, պատմութիւնն ու մշակոյթը:
Լիբանանէն արդէն լսեցինք եւ կարդացինք Համազգայինի նոր ծրագրին մասին` «Լալան ու Արան», որուն ստեղծագործութեան համար օգտագործուեցան վերջին արդիական միջոցները` Kickstarter, iPad/iphone:
Արդիական հնարաւորութիւնները օգտագործելու այս ծիրին մէջ, եւ նոյն մտահոգութեամբ, հայոց լեզուն փոքրիկներուն մատչելի դարձնելու համար, Պոլիսէն կու գայ յատուկ համացանցային ծրագիր մը` http://www.pokrig.org:
Այս գեղեցիկ եւ տպաւորիչ համացանցային ծրագիրին մասին յաւելեալ բացատրութիւն եւ տեղեկութիւն ստանալու համար կապ հաստատեցինք Սէլմա Մէլէքեանին հետ:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Շատեր տեղեակ չեն «Փոքրիկ հեքիաթարան»-ի կայքին մասին: Կրնա՞ք պատմական մը տալ մեր ընթերցողներուն, թէ ո՞ւր եւ որո՞ւ կողմէ ստեղծուեցաւ այս կայքը եւ ի՞նչ կը միտի իրագործել:
ՍԷԼՄԱ ՄԷԼԷՔԵԱՆ.- Այս կայքը Գարակէօզեան վարժարանի 100-ամեակին առիթով պատրաստուեցաւ եւ բացումը 20 մայիս 2014 թուականին տեղի ունեցաւ: Կեդրոնը Պոլիս է: Կայքին մէջ գտնուող «Մեր մասին» բաժինին մէջ մանրամասնութիւնները կրնաք գտնել: Կայքի գաղափարը Աննա Թուրային կը պատկանի: Ան գեղարուեստական գրող եւ խորհրդատու է: 1980-էն մինչեւ այսօր պոլսահայ համայնքի զանազան հաստատութիւններու մէջ աշխատած է իբրեւ համակարգող եւ ծրագիրներ տնօրինող պատասխանատու: Միեւնոյն ատեն ինք «Ժպիտ»-ի եւ «Ակօս»-ի հիմնադիրներէն մէկն է:
Հ.- Անձնակազմը քանի՞ հոգիէ կը բաղկանայ եւ ինչպէ՞ս կ՛աշխատիք ու կ՛ընտրէք պատմուածքները:
Ս. Մ.- 14 գծագրիչ, 15 ձայնագրող, 7 հոգիէ բաղկացած խմբագրական կազմ (խմբագիր, թարգմանիչ), 6 գրող, 1 անիմաթէօր, 1 ընդհանուր համակարգող, 1 ընդհանուր տնօրէն եւ համացանցի մասնագէտ մը միասին կ՛աշխատինք: Խմբագրական կազմը հեքիաթները կ՛ընտրէ, կը կրճատէ, կը սրբագրէ:
Յետոյ յարմար գծագրիչներուն կը ղրկուին հեքիաթները` գծագրելու համար: Եւ այսպիսով կը շարունակուի աշխատանքը:
Հ.- Համացանցային ո՞ր դրութիւնները կ՛օգտագործէք կայքէջին վրայ եւ ինչպիսի՞ անդրադարձներ կը ստանաք փոքրիկներէն եւ ծնողներէն:
Ս. Մ.- Բաւական լաւ անդրադարձներ ստացած ենք թէ՛ փոքրիկներէ եւ թէ՛ ծնողներէ: Մայիսէն մինչեւ այսօր մեր կայքէջը 10,000-էն աւելի այցելուներ ունեցած է: Տարածելու համար Ֆէյսպուք եւ Թուիթըր կ՛օգտագործենք:
Հ.- Արեւմտահայերէնի նկատմամբ ձեր տարած բծախնդրութիւնը գնահատելի է: Ինչո՞ւ այս մօտեցումը:
Ս. Մ.- Որովհետեւ արեւմտահայերէնը կորսուելու վտանգի մէջ է: Պոլիսէն եւ Թուրքիայէն գաղթող հայերն ալ կրնան օգտուիլ: Մինչեւ այսօր այսպիսի ծրագիր մը չունէինք, պէտք էր որ բան մը ընէինք:
Հ.- Հետաքրքրական է կարդալու եւ պատմելու ոճը (օրինակ` Անի մայրիկին ոճը): Դաստիարակչական ի՞նչ մեթոտները օգտագործած էք, մանաւանդ` փոքրիկներու նկատմամբ:
Ս. Մ.- Մանկապարտեզի եւ նախակրթարանի ուսուցիչներու առաջարկած գաղափարներուն հիման վրայ կը պատրաստենք կայքէջը: Մեր նպատակը հայերէնը փոքրիկներու մակարդակին համեմատ պարզացնելն է:
Հ.- Իսկ ձեր գունագեղ կայքը ո՞վ պատրաստեց եւ արդեօք հետեւողականօրէն կը թարմացուի՞ նոր պատմութիւններով:
Ս. Մ.- Մեր նպատակը ամէն ամիս նոր երկու հեքիաթ հրատարակել է, եւ մինչեւ այսօր այս նպատակը իրականացած է:
Հ.- Ի՞նչ են ձեր նորութիւնները:
Ս. Մ.- Մեր նորութիւնները պիտի ըլլան` նոր գրողներ, արդիական նոր հեքիաթներ եւ նոր բաժանմունքներ աւելցնելը:
Մեր Մասին
Սիրելի՛ ընթերցող,
«ՓՈՔՐԻԿ» հեքիաթարանին գլխաւոր նպատակը, համացանցի օժանդակութեամբ, արեւմտահայերէնով կարդալու եւ լսելու առիթ մը եւս ստեղծել է մեր երեխաներուն համար: Մեր մեծագոյն փափաքն է, որ փոքրիկը արդիական գործիքներու մէջ տեսնէ ու լսէ իր մայրենիով հեքիաթներ, ու հաստատէ աւելի ջերմ եւ մտերիմ զգացում մը անոր հանդէպ: Ան հայերէնի հետ յարաբերութեան մէջ ըլլայ կարդալով եւ լսելով: Եւ այդ յարաբերութիւնը իրեն օգնէ`, թէ՛ իր հայեցի դաստիարակութեան եւ թէ՛ առօրեայ հայերէնին:
Այս կայքէջին համար ճոխ յայտագիր մը պատրաստել ջանացինք , ուր գտնուին` հայկական ժողովրդական հեքիաթներ, համաշխարհային մանկական գրականութեան դասականներ, ժամանակակից հեքիաթներ եւ գծաժապաւէնի հերոսներու հեքիաթներ:
Մասնաւոր կարեւորութիւն ցոյց տուինք հայ գրականութեան նշանաւոր դէմքերուն եւ, անշուշտ, անոնց գործերուն, որոնք են` հեքիաթներ, աւանդական եւ ժողովրդական առասպելներ, դիցաբանական կամ ժողովրդական հերոսներ եւ կամ առակներ: Նաեւ մեր կայքէջին յատուկ նոր հեքիաթներ, նոյնիսկ նոր հերոսներ ստեղծելու աշխատեցանք` նկատելով, որ հինն ու նորը քով քովի աւելի հրապուրիչ մթնոլորտ մը կը ստեղծեն:
Մեծ բծախնդրութեամբ ջանացինք պարզացնել լեզուն` ընտրելով այն բառերը, որոնք մանուկը լսած ըլլայ իր առօրեայ կեանքին մէջ: Այս պատճառով երբեմն ժամերով վիճաբանեցանք կարգ մը բառերու վրայ, որպէսզի գտնենք այդ բառերուն տեղ աւելի պարզ բառեր: Երբեմն ալ գործածեցինք այն բառերը, որոնք գիտէինք, որ երեխաներուն անծանօթ պիտի թուէին, սակայն ստիպուեցանք գործածել` գրութեան բուն արժէքն ու համը պահելու համար:
Իւրաքանչիւր հեքիաթ զարդարուեցաւ շարժուն գծանկարներով եւ ձայնի սարքաւորումով, որպէսզի աւելի ուշագրաւ եւ հաճելի դառնայ երեխաներուն համար:
«ՓՈՔՐԻԿ»-ը ունի նաեւ երգեր, բանաստեղծութիւններ, շուտասելուկներ, որոնցմէ տղաքը պիտի օգտուին իրենց ծնողքին կամ ուսուցիչներուն օժանդակութեամբ:
Սիրելի՛ ընթերցող, «ՓՈՔՐԻԿ»-ը փոքրիկին հետ միասին որքան կարդաք, միասին որքան մեկնաբանէք եւ իրեն որքան ուշագրաւ հարցումներ հարցնէք, այնքան կրնաք զարգացնել անոր միտքն ու հայերէնը:
Եկէ՛ք` միասնաբար երեխային համակարգիչի հանդէպ ունեցած հետաքրքրութեան «ՓՈՔՐԻԿ» ուղղութիւն մը ցոյց տանք, որպէսզի իր մայրենի լեզուն իրեն համար դառնայ ա՛լ աւելի հաճելի եւ նոյնիսկ ստեղծէ կարդալու սէր եւ հետաքրքրութիւն:
Բարի ընթերցումներ`
«ՓՈՔՐԻԿ»
«ՓՈՔՐԻԿ» հեքիաթարանը «Գարակէօզեան տան» հիմնադրութեան
100-ամեակի տօնակատարութիւններու ծիրին մէջ պատրաստուած է:
Յատուկ «Ազդակ»-ին
Սիրելի՛ ընթերցող,

