Մարտ 19-ի այս օրը, 59 տարի առաջ, Պէյրութի մէջ վախճանեցաւ հայ ժողովուրդի ֆետայական շարժման առասպելական հերոսներէն Խմբապետ Մուշեղը:
Հայ ժողովուրդի անձնուրաց հերոսներու փաղանգին մէջ առանձնայատուկ իր պատուանդանը ունի Սասնոյ Խիանք գաւառի ծնունդ այս քաջագործ ֆետային, որուն աւազանի անունը Աւետիսեան Մուշեղ էր, եւ որ հայոց ազգային յիշողութեան մէջ անմահացաւ Խմբապետ Մուշեղ անունով:
Իր անձին ու գործին վառ օրինակով Խմբապետ Մուշեղ իւրովի մարմնաւորեց սասունցի քաջորդիի, Դաշնակցութեան անկեղծ զինուորի եւ հայդուկապետ ֆետայիի ոգեւորող ու առաջնորդող աւանդը` հայ ժողովուրդին ու Հայաստանի ազատագրութեան համար մինչեւ վերջին շունչ պայքարելու անձնուիրումը:
1887-ին ծնած` Մուշեղ կը պատկանէր Հայկական Յեղափոխութեան միջնաբերդը` Տարօնայ Աշխարհը ըմբոստացման եւ պայքարի հանած աննման Ֆետայիներու երկրորդ սերունդին:
Մանուկ տարիքին Խմբապետ Մուշեղ ականատես դարձաւ 1894-1895 Սասնոյ առաջին ապստամբութեան, իր կարգին կրեց հետեւանքները համիտեան կոտորածներու մահասփիւռ խորշակին եւ Ս. Կարապետ վանքի ու Մշոյ վարժարաններուն մէջ յեղափոխաշունչ ուսումի տիրանալով` պատանի տարիքէն սնանեցաւ ու առաջնորդուեցաւ Սերոբ Աղբիւրներու եւ Հրայր Դժոխքներու, Անդրանիկներու եւ Գէորգ Չաւուշներու յանդգնութեան, արութեան եւ անձնազոհութեան օրինակով:
Սասնոյ երկրորդ եւ երրորդ ապստամբութեանց շրջանին, 1904-ին եւ 1907-ին, Մուշեղ արդէն անդամագրուած էր Դաշնակցութեան եւ աշխուժ մասնակից էր ֆետայական կռիւներուն: Երիտասարդ իր այդ տարիքէն Մուշեղ գրաւեց ուշադրութիւնը Ռուբէն Տէր Մինասեանի, որուն վստահուած էր Տարօն աշխարհի յեղափոխական կազմակերպումը:
1908-ի օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, Ռուբէնի յանձնարարութեամբ, Մուշեղ անցաւ Տիգրանակերտ եւ լծուեցաւ տեղւոյն հայութեան ինքնապաշտպանութեան կռուանները կազմակերպելու գործին: Դաշնակցութեան զինուորի իր կերպարը այդպէ՛ս արմատաւորուեցաւ եւ ամրապնդուեցաւ:
Մինչ իթթիհատական իշխանութեան առաջին այդ տարիներուն ամէնուր խանդավառութիւն կը տիրէր ազատութեան, հաւասարութեան եւ արդարութեան իթթիհատական խոստումներուն նկատմամբ, Մուշեղ ամբողջապէս նուիրուեցաւ Տարօնի հայութեան դիմադրական կորովը վառ պահելու, զէնքերը վար չդնելու եւ յոռեգոյնին` արիւնալի պատուհասին կազմակերպականօրէն պատրաստ գտնուելու տենդագին աշխատանքին` Ռուբէնի իսկ խրախուսանքով եւ յանձնարարութեամբ:
Այդ շրջանին էր նաեւ, որ հայ ֆետայական շարժման առասպելատիպ քաջերէն Կորիւնի հետ, Մուշեղ անմիջական գործակիցը դարձաւ Սիմոն Զաւարեանի, որ իբրեւ կրթական հսկիչ եւ ուսուցիչ Պոլիսէն առաքուած էր գաւառները: Այդ ճամբով էր, որ գաւառներու հայութիւնը եւ յատկապէս Տարօնի աշխարհը թէ՛ հոգեմտաւոր, թէ՛ զինումի առումներով նախապատրաստուեցաւ ցեղասպանին հետ օրհասական ճակատումին:
1915-ին, Տարօնի հայութեան վեցամսեայ հերոսամարտին ամբողջ տեւողութեան, Մուշեղ դարձաւ շրջանի զինուորական հրամանատարութեան գլխաւոր դէմքերէն մէկը` հնարաւորինս փրկելով Տարօնի հայութիւնը:
Իսկ 1916-1917, երբ ռուսական զօրքին հետ հայ կամաւորական գունդերը ազատագրեցին Արեւմտահայաստանի կարեւոր մասը, իբրեւ Խնուսի ձիաւոր գումարտակի հրամանատար` Մուշեղ գործեց Սասնոյ լեռներուն վրայ եւ ձեռնարկեց քրտական ու թրքական սանձարձակութեանց ենթակայ հայութեան բեկորները հաւաքելու եւ փրկելու գործին:
Ռուսական զօրքերու նահանջէն եւ Արեւմտահայաստանի հայութեան պարպումէն ու Արեւելահայաստան գաղթէն ետք, 1918-1920, զէնքի իր հին ընկերոջ` Փեթարայ Մանուկին հետ, ապա անոր նահատակութենէն ետք` առանձինն, Մուշեղ պատմական նշանակութեամբ մեծ գործ կապեց իր անունին` Թալինի ամբողջ շրջանը թաթարներէն մաքրագործելով եւ Սասունէն ու Մուշէն գաղթած հայութիւնը հոն բնակեցնելով:
Խմբապետ Մուշեղի վերջին խոյանքը հանդիսացաւ 1921-ի փետրուարեան համաժողովրդական ապստամբութեան յաղթանակը: Սասունցի իր քաջագործ մարտիկներուն գլուխն անցած` Խմբապետ Մուշեղ եղաւ փետրուար 18-ի ըմբոստացման առաջին ազդանշանը տուողներէն մէկը` Էջմիածինէն ու Աշտարակէն վտարելով կարմիր ջոկատայիններուն ապաւինած հայ պոլշեւիկները:
Այնուհետեւ` Ատրպատական անցած Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութեան հետ, Խմբապետ Մուշեղ իր կարգին ցմրուր ճաշակեց տարագիր հայու ճակատագրին դառն բաժակը: Որոշ ժամանակ ապրեցաւ Յունաստան, ապա` Հալէպ եւ վերջնականապէս հաստատուեցաւ Պէյրութ, ուր եւ վախճանեցաւ 19 մարտ 1956-ին:
Իր մահուան 59-րդ տարելիցին, իբրեւ ոգեկոչման թեւաւոր վկայութիւն, կ՛արժէ խօսքը տալ սփիւռքահայ տաղանդաւոր բանաստեղծ, գրող եւ հրապարակագիր Անդրանիկ Ծառուկեանի, որ մօտէն ճանչցաւ Խմբապետ Մուշեղը եւ «Երազային Հալէպը» անուն իր գործին մէջ հետեւեալ կենդանագիրը արձանագրեց հերոս ֆետայիին մասին.
«Հսկայ մարմին մը, վրան առիւծի գլուխ մը եւ երկու աչքեր, լեռնային լճակներու պէս խաղաղ ու վճիտ աչքեր: Ամէն ինչ այդ աչքերուն մէջ է: Իր մտածումները, զգացումները, ապրումները հոն են, այդ աչքերուն մէջ, որոնց թափանցիկ պայծառութեան մէջ կը կարդաս իր պարզունակ հոգին: Հոգի մը, որ ծալքեր չունի, ներքին ալեկոծումներ եւ բարդութիւններ չի ճանչնար, այլ անմեղ մանուկի աչքերով կը դիտէ աշխարհը, զարմացած եւ զարմանալու միշտ պատրաստ:
«Ուսման բարիքները, ինչպէս եւ չարիքները անծանօթ են իր ուղեղին, որ դեռ մաքուր է, կաւիճէն չաղարտուած գրատախտակի մը պէս: Մեսրոպեան տառերը հեգելու ժամանակ չէ ունեցած: Իր կոշկոռած ձեռքերը հազիւ սորված են գութանին մաճը բռնել, անմիջապէս յետոյ հինգ մատներով գրկելու համար հրացանին պողպատը: Ուրիշ գործ չի գիտեր, չէ ունեցած: Ո՛չ արհեստ, ո՛չ ուսում:
«Իր սպիտակ նժոյգով եւ հրացանով պատմութեան անցած եւ այնտեղ ալ մնացած` Խմբապետ Մուշեղը հիմա պարզապէս եղած է ընկեր Մուշեղ մը, որուն հետ կը նստինք, կը խօսինք, կը խօսեցնենք: Խօսիլ շատ չի սիրեր, մանաւանդ իր մասին: Եւ մեր պատանեկան անյագուրդ ծարաւին գոհացում տալու համար է, որ երբեմն կը զիջի պատմել դրուագ մը:
«Այդտեղ` տղերքը իսկոյն դիրք գրաւեցին: Տղաներէն մէկը ծանր վիրաւորուեցաւ, ինչ որ կատաղութեան հասցուց ընկերներուն զայրոյթը եւ գրոհի անցան` փախուստի մատնելով թշնամին:
«Միշտ տղերքն էին, տղաները, ինք չկայ: Միշտ կը խօսի երրորդ դէմքով: Անգամ մը միայն շեղում ունեցաւ. «Այդ կռիւին, ներողութիւն սրա համար, ձիս զարնուեցաւ»: Անձնական այդ միակ յիշատակութեան համար` ներողութի՜ւն…
«Մուշեղին այդ համեստութիւնը եւ պարզութիւնը կանուխէն ազդած են վրաս եւ մէկէ աւելի յօդուածներ գրած եմ իր մասին: Դիպուածական պատահմունք պէտք չէ եղած ըլլայ, որ «Թուղթ առ Երեւան»-ի մէջ մեր ապրող մարտիկներէն միայն Մուշեղն է, որ կը յիշատակուի, երբ դեռ ողջ էին Դրոն, Ռուբէնը եւ ուրիշներ…
«… Ի՞նչ եղած էր սակայն Մուշեղին գործը անցեալին: Անձնուրաց եւ անվեհեր մարտիկ Սասունի լեռներուն վրայ` եզական պարագայ մը չէր: Շատեր կային իրեն պէս: Մուշեղին իսկական գործը, մեծ գործը, Կովկասի մէջ էր, Հանրապետութեան շրջանին: Հայաստանը հայացնող հեծեալ մարտիկներու ջոկատին խմբապետն էր: Սասունցիներու այդ գումարտակը, թիւով 200 հոգի, զինուորական հրամանատարութենէն անջատ միաւոր մըն էր, որ դրուած էր ուղղակի պատերազմական նախարար Ռուբէնի հրամանատարութեան տակ:
«Գրաւոր կամ բերանացի հրաման տալու պէտք չունէի Մուշեղին,- կ՛ըսէր Ռուբէն: Սեղանիս բացուած Հայաստանի քարտէսին վրայ թուղթէ պզտիկ դրօշակներ կը դնէի եւ բարձրաձայն կը կարդայի նշուած թրքական գիւղին կամ աւանին անունը: Մուշեղը կը հասկնար ու կ՛երթար: Ինծի զեկոյց տալու պէտք չունէր: Գիտէի, թէ ճշդուած վայրը մաքրուած է»…
Ն. Պ.