Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հալէպը Թրքական Էրտողանեան Նահանգ…

Մարտ 23, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԵՒՈՆ Զ. ԵՏԱԼԵԱՆ

Հալէպը շրջափակելու միտող, Հալէպէն հիւսիս ընթացող սուրիական բանակի գործողութիւններու ընթացքին հետեւողներուն համար անակնկալ չէ Թուրքիոյ նախագահ Ռ. Թ. Էրտողանի բացայայտ եւ անպատկառ միջամտութիւնը, որ կը հետապնդէ Թուրքիոյ հովանաւորած զինեալ խմբակցութիւններուն ի նպաստ պայմաններուն ստեղծումը միջազգային բանագնաց Սթեֆան Տի Միսթուրայի նախաձեռնութեամբ գումարելի հաւանական բանակցութիւններուն մէջ:

Օսմանցի թուրքերու նախահայրը նկատուող Սուլէյման Շահի աճիւնները սուրիական տարածքներու բռնաբարումով եւ զինուորական միջամտութեամբ այլ տարածք տեղափոխելու այս արարքը Տաւութօղլուի կառավարութեան կողմէ, միջազգային օրէնքի կոպիտ խախտում է եւ, պարզապէս, Սուրիոյ գերիշխանութեան բռնաբարումի նոր պատճառաբանութիւն:

Արդարութիւն Եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան կառավարութիւնը յարատեւօրէն կը միջամըտէ Սուրիոյ ներքին խնդիրներուն: Ան

նորօսմանական գաղափարաբանութեամբ կը նպատակադրէ ընդարձակել նոր կայսրութեան տարածքները: Իսլամական գրագէտ Ահմետ Հաքանի «Հիւրրիյէթ» թերթի մէջ կատարած հարցադրումը Էրտողանի կողմէ յառաջ մղուած այն խոստումներուն մասին, որ` «Մուսուլը թրքական ութսուներկրորդ նահանգը պիտի ըլլայ, որուն պիտի յաջորդէ Գահիրէն, եւ թէ ինք երեք ժամէն Դամասկոս պիտի մտնէ Օմայան մզկիթի մէջ աղօթելու», այս մէկուն կ՛ակնարկէր:

Իսկ Հալէպը տարբեր պատմութիւն է, որ կը համառօտագրէ նորօսմանական ձգտումները: Ան չէ առնչուած ժամանակի մը կամ վայրի մը հետ, այլ կը տեղադրուի դէպքերու պատմական ընթացքին մէջ:

Եթէ ուզենք դէպքերու ընթացքը եւ անոր տրուած վերնագրումները մանրազննել, ապա կարելի կը դառնայ օրինակներով շրջագծել ժամանակներն ու վայրերը…

Ժամանակը` «Արաբական գարուն»-էն շատ առաջ,

Վայրը` Հալէպի առեւտրական գրասենեակ,

Առիթը` Այնթապի առեւտրական գրասենեակի պատուիրակութեան գրեթէ շաբաթական դարձած այցելութիւններէն մին:

Եղելոյթին հերոսը` պատուիրակութեան անդամներէն մին, որ իր ելոյթի ընթացքին,  մատչելի դարձնելու համար իր ներկայացումը, Այնթապի առեւտրական գրասենեակի ծրագրումները ներկայացնող Թուրքիոյ մէջ իրենց աշխատանքներու շրջագիծը պատկերացնող քարտէս մը ցոյց կու տար, ուր Այնթապ քաղաքը իր շրջակայքով կլորի մը մէջ առած էր եւ այդ կլորի ծայրամասին մէջ ներառած` Հալէպը:

Որպէս ժողովական միջամտութիւն կատարեցի` սրբագրելու այս «սխալը»` ըսելով, որ Հալէպը Այնթապի չի պատկանիր: Պատասխանը եղաւ կայծակնային: Ներկայացումը կատարողը մերժեց «սխալ» որակումը` ըսելով. «Վերջին քանի մը տարիներուն յաջողեցանք վերցնել մաքսային տուրքերը եւ տնտեսական սահմանները… յառաջիկայ քառամեակին պիտի շրջանցենք քաղաքական սահմաններն ալ…»:

Ներկաները ծանր «կատակ» կարծեցին այս մեկնութիւնը, հակառակ անոր որ բոլորն ալ գիտեն, թէ ի՛նչ կը մտածէր թուրք կառավարութիւնը Հալէպի մասին. սակայն երկու երկիրներու «եղբայրական» յարաբերութիւններու սկզբնաւորութեան զուգադիպած այս պատահարը շրջանցեցինք առանց քննարկումի կամ հակաճառութեան, անդրադառնալով սակայն, որ մօտիկ ապագային վտանգ մը կայ մեզ դարպասող: Կամաց-կամաց ի յայտ սկսաւ գալ այդ վտանգը` կնքուած առեւտրական-տնտեսական պայմանագրութիւններու արդիւնքներէն, որոնք միշտ ալ ի նպաստ Թուրքիոյ էին, ի վնաս` մեր սուրիական ազգային տնտեսութեան: Այդ օրերու ազատական ուղղուածութեամբ երկրի տնտեսութիւնը վարող խումբը այնքան ալ ուշադրութիւն չդարձուց մեր կանչերուն եւ ձախողութիւններու մատնանշումներուն, մինչ դրացիներու եւ եղբայրներու միջեւ առաւել մօտիկացման ջատագովները հրճուանքով կը ծափահարէին:

Յիշողութիւնն է միայն, որ օգնութեան կը հասնի ինծի իմ նեղ իրավիճակներուս մէջ: Ան այժմ վերադարձուց զիս  Սուրիա-Թուրքիա տնտեսական յարաբերութիւններու ներդաշնակման ժամանակահատուածի սկզբնաւորութեան: Հալէպի մէջ գումարուած տնտեսական համագումարի մը մէջ Թուրքիոյ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Քիւրշատ Թուզան առ ի պատասխան այն հարցումին, թէ ինչպէ՛ս կարելի է օգտուիլ Թուրքիոյ փորձառութենէն Սուրիոյ տնտեսական դժուարութիւններու յաղթահարման համար,  պատասխանեց բացայայտօրէն. «Ձեր առջեւ ծովն է, իսկ ետին տգիտութիւնը: Պարտաւոր էք նաւարկել, նոյնիսկ եթէ պիտի ընկղմիք»: Թուրք պետութեան վարած նարսիսական քաղաքականութեան բացայայտումն էր այս, որ կը յուշէր, թէ թուրք կառավարութիւնը տրամադիր չէ իսկական որեւէ օժանդակութիւն տրամադրելու Սուրիոյ տնտեսական զարգացման համար: Սուրիան պարտաւոր է իր փուշը իր ձեռքով հանել:

Այս հիմունքով իսկ անակնկալ չէ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան երեսփոխաններէն մէկուն այն յայտարարութիւնը, որ կատարեց արբանեակային եթերով, թէ` Թուրքիան իրաւունք ունի, եթէ Սուրիոյ բաժանումը տեղի ունենայ, վերադարձնելու Հալէպն ու Մուսուլը` համաձայն Թրքական Հանրապետութեան հիմնադիր սահմանադրութեան:

Բացայայտ է Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան կառավարութիւններու տրամադրութիւնը Հալէպը նորօսմանեան կայսրութեան կցելու հարցով: Այս տրամադրութիւնը առկայ էր տուեալ կուսակցութեան մշակոյթին մէջ իշխանութեան հասնելու առաջին իսկ օրերէն, երբ Սուրիոյ տնտեսական մայրաքաղաք Հալէպը «օսմանեան նահանգ» կը նկատուէր այնպէս, ինչպէս` Ա. Համաշխարհային պատերազմի նախօրէին:

Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի աչքը, տակաւին վարչապետ եղած օրերէն, յառած է Հալէպին,  նոյնիսկ երբ տագնապ գոյութիւն չունէր տակաւին: Ան ահաբեկչութեան զօրակցութեան, մատակարարումի եւ այդպիսով Սուրիոյ մէջ առկայ իրավիճակի երկարաձգման նպաստելու կողքին, ուղղակի կերպով Հալէպի տնտեսական կառոյցներու քանդումի նպատակ կը հետապնդէ, միաժամանակ յետտագնապի վերականգնումին ալ մասնակից դառնալու առաջադրանքով, սակայն` միշտ տկարացնելով Սուրիոյ տնտեսութեան մրցունակութիւնը յատկապէս Թուրքիոյ նկատմամբ:

Պատմութեան ընթացքին թուրքերը յաճախ ստորնացուցած են արաբներն ու սուրիացի փոքրամասնութիւնները: Այնպէս կ՛երեւի այսօր, որ Էրտողանը կը վերականգնէ օրինական եւ զինուորական հնարաւորութիւնները Հալէպի եւ սուրիական այլ տարածքներու մէջ միջամտութիւն կատարելու, իրականացնելու համար

նորօսմանական երազը Հալէպ նահանգը` երազուած կայսրութեան գիրկը վերադարձնելու, հակառակ անոր որ պատմութեան ընթացքը եւ իրողութիւնը այլ բան կ՛ըսեն… Այնթապը փոքր քաղաք էր Հալէպի մեծ նահանգին մէջ…

Իր այս երազանքը իրականացընելու համար Էրտողան անվարան կերպով կը մխրճուի «Իսլամական պետութեան» ստեղծման եւ ընդարձակման գործին մէջ: Անկէ առաջ «Ժեպհեթ Նուսրա»-ի հետ ալ նոյնը կատարած էր` Սուրիան բաժնելու եւ «անջատման շրջաններ» ստեղծելով իրավիճակը իր զինուորական ներխուժման ծառայեցնելու համար: Այդ ծրագիրը սակայն հանդիպեցաւ ամերիկեան եւ եւրոպական մերժումին եւ սուրիական կառավարութեան ուժեղ հակադարձութեան:

«Էրտողանի համար Սուրիոյ թղթածրարը ձեռքէ տալ` կը նշանակէ աստիճանաբար դուրս գալ տարածաշրջանային հաւասարակշռութեան թատերաբեմէն, որ կը նշանակէ դուրս գալ իշխանութենէն եւ պատմութենէն նաեւ», այսպէս կ՛ըսէր Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր ամերիկացի գործընկերոջ: Հոս է խնդիրը, որուն չեն անդրադառնար Սուրիոյ տագնապի մեղսակիցները եւ անոնց շուրջ բոլորուած արաբներն ու այլք…

Հալէպը հաստատապէս պիտի չըլլայ թրքական, էրտողանեան նահանգ մը, ո՛վ կ՛ուզէ` թող ուզէ, ո՛վ չ՛ուզեր` թող չուզէ…

 

 

Նախորդը

Աստուած Միշտ Մի Դուռ Բացում Է. Հայ Ժողովրդի Համար Այդ Դուռը Դաշնակցութիւնն Է

Յաջորդը

Անդրանիկ Ծառուկեան… Մանկութիւն Չունեցող Յեղափոխականը

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?