Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի յիշատակման իւրօրինակ ցուցահանդէս մը կազմակերպուած է Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Մայք Անթոնովիչի նախաձեռնութեամբ: Մէկ ամիս տեւելիք ցուցահանդէսին մեկնարկը պիտի կատարուի ապրիլ 25-ին, Լոս Անճելըսի «Կրենտ» զբօսայգիին մէջ: «iwitness» խորագիրը կրող ցուցահանդէսին իրարու կից եւ ոչ համաչափ յուշարձաններու վրայ եռաչափ պիտի պատկերուին Ցեղասպանութենէն վերապրած ականատեսներու լուսանկարները:
250-450 սմ յուշարձանները պիտի չունենան ուղիղ անկիւններ` խորհրդանշելու համար անհաւասարակշիռ աշխարհը, որ միշտ պատերազմի եւ ցեղասպանութեան վտանգի մէջ է:
Ցուցադրութեան գաղափարին հեղինակներն են Արա Օշականն եւ Լեւոն Փարեանը, ինչպէս նաեւ` ճարտարապետ Վահագն Թովմասեանը:
«Այս իւրայատուկ ձեռնարկը պիտի յարգէ Հայոց ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն զոհերուն յիշատակը եւ պիտի պատմէ 20-րդ դարու ամենասարսափելի կոտորածներէն ողջ մնացած ականատեսներու պատմութիւնները», նշած է Անթոնովիչ: