ՅԱԿՈԲ ԽԱՉԻԿԵԱՆ
Ծ.Խ.- Յակոբ Խաչիկեան (Agop Acikyan) ծնած է Պոլիս եւ 1957-ին փոխադրուած է Քանատա: Եղած է գրականութեան պատուական փրոֆ. Ռոյըլ Միլիթըրի քոլեճի մէջ: Հեղինակն է եօթը վէպերու եւ գրական ու լեզուական զանազան հատորներու: Իր «Ը սամըր ուիթաութ տաուն» վէպը թարգմանուած է զանազան լեզուներու եւ արժանացած` համաշխարհային ուշադրութեան: Յակոբ Խաչիկեան կը գրէ անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով: Սոյն գրութիւնը լոյս տեսաւ Keghart.com-ի մարտ 26, 2015-ի համարին մէջ, անգլերէն լեզուով:
Եօթը տարեկան եմ: Կ’ապրիմ Պոլիս եւ կը յաճախեմ Մխիթարեան հայրերու վարժարանը: Առաւօտեան ժամը 8:00-ին մեր տունէն կ’ելլեմ եւ կը վերադառնամ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին: Պատերազմ մը տեղի կ’ունենայ: Մարդիկ կ’ըսեն` Համաշխարհային Բ. պատերազմն է: Թուրքիան պատերազմին չի մասնակցիր: Ճիշդը` չեմ գիտեր, թէ այդ ի՛նչ կը նշանակէ: Կը փորձեմ լուծել շքեղ վերնագիրները եւ կը նայիմ հօրս գնած թերթերուն մէջ երեւցող զազրելի նկարներուն:
Կէսօրէ ետք ժամը չորսը քսան անց է: Դպրոցէն տուն կը վերադառնամ: Դրան զանգը երկու անգամ կը զարնեմ: Մայրս գիտէ, որ ես եմ, եւ առանց «ո՞վ է» հարցնելու կը բանայ դուռը:
«Օ՜հ, ճանըս, հո՞ս ես արդէն» ըսելով եւ զուարթ ժպիտով մը կը դիմաւորէ զիս:
«Մայրի՛կ, անշուշտ որ հոս եմ, ուրիշ ո՞ւր կրնայի ըլլալ»:
«Աստուծոյ սիրոյն, գիտես` ի՛նչ ըսել կ’ուզեմ»:
Մայրս Ցեղասպանութենէն փրկուած վերապրող մըն է: Սվազէն է: Իր երկու եղբայրներէն եւ ծնողքէն բաժնուած է հայկական տեղահանութեան ատեն: Ամիսներ եւ չարչարանքով լեցուն փորձառութիւններէ ետք, հրաշքով զիրար կը գտնեն:
Ան սակայն վիրային երկարատեւ տառապանք ունեցող մայր մըն է: Ինքնին` ապշեցուցիչ պատմութիւն մը ունեցող մայր:
Մերինին պէս, ամէն մէկ պատմութիւն մասնակի մանրամասնութիւն մըն է, դրուագ մը` ամբողջական համախորտակման: Մե՛ր պատմութիւնները, միասնաբար գիրքի մը մէջ բոցավառուելով, կը լուսաւորեն դժոխքը հայ ազգին:
Ամէն անգամ երբ մեր դրան զանգը կը զարնէի եւ մայրս դուռը կը բանար, կը հաւատացնէր զիս, որ ինք պարզ մայր մըն է, որ ուրախ էր իր զաւկին ողջ-առողջ տուն վերադառնալը տեսնելով:
Բայց ան վերապրող մըն էր, կասկածամիտ, երկչոտ եւ հնազանդ: Ան Ցեղասպանութեան իր փորձառութիւնը պահած էր շարունակաբար ցնցուող իր անգիտակցութեան շտեմարանին ծալքերուն մէջ:
Երբ ան վերջին անգամ ըլլալով փակեց իր աչքերը, ես հոն չէի: Միացեալ Նահանգներ կը գտնուէի: Կը յուսամ, որ ան իր կեանքի վերջին պահուն չերեւակայեց, որ իր փոքրիկ զաւակը խլուած է թուրքերուն կողմէ, այնպէս` ինչպէս որ ինք խլուած էր իր ծնողքէն, երբ փոքրիկ աղջիկ մըն էր: Կը յիշեմ իրեն ըսած իմ վերջին խօսքերը. «Մայրի՛կ, Ամերիկան երբեք պիտի չկրնայ մեզ իրարմէ բաժնել»: Բայց, անշուշտ, ան բաժեց մեզ: Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա, Աւստրիա, Քանատա, Միջին Արեւելք, Հոլանտա, Սկանտինաւիա… բոլորն ալ իրենց դռները բացին բիւրաւոր հայերուն դիմաց` ընծայելով բաժան-բաժան եղած երկիր մը սփիւռք անունով:
Այն Ցեղասպանութիւնը, որ մեր մայրերը ապրեցան, արիւնահեղ, դիւային եւ անարդար էր, նման` միւս ցեղասպանութիւններուն: Շատեր մերժեցին խօսիլ այդ մասին: Փոխարէն` խտացուցին զայն այս կարճ հինգ բառերուն մէջ. «Օ՜հ, որդիս, հո՞ս ես արդէն»
* * *
Ռաֆայէլ Լեմքին, լեհ հրեայ մը, դարձաւ բառակերտը «ցեղասպանութիւն» բառին, որը գործածած էր 1944-ին հրատարակուած «Աքսիս ռուլ ին օքիւփայտ Եուրոփ» գործին մէջ. անուանում մը, որ տարիներով լայնօրէն գործածուած եւ նոյնիսկ շահագործուած է: «Հայոց ցեղասպանութիւն»-ին փոխարէն` ես կը նախընտրեմ «Հայկական կիրք» անուանումը, որովհետեւ 1915-ին, եւ ատկէ ետք, իմ ժողովուրդիս գարշելի այդ մղձաւանջը ապրելով հանդերձ, տոկա՛լ կրցած ըլլալուն համար… Անոնց համար, իբրեւ քրիստոնեայ ժողովուրդ, այդ տառապանքը խորաթափանց, կատարեալ եւ, ի վերջոյ, հոգեկա՛ն էր, այնպէս` ինչպէս որ էր մեր Փրկիչինը իր խաչելութեան ժամերուն: Անոնք մեռան մեր բոլորին համար, չարչարուեցան ամբողջ հայութեան համար, որ մենք, իբրեւ ժողովուրդ, կարենանք մաքառիլ` տոկալու համար:
Հարիւր տարի անցած է` րոպէներու անմիջականութեան մէջէն մեզի ձգելով անվերջանալի պատրանք եւ բեռնաւորելով մեզ կոթողական պարտականութեամբ մը: Պարտականութիւն, որ կը մղէ մեզ համայն աշխարհին բարձրաձայն եւ յստակօրէն լսելի դարձնելու, թէ այդ շաբաթ օրը, 1915-ի ապրիլ 24-ին, օսմանեան կառավարութիւնը ձերբակալեց Կոստանդնուպոլսոյ հայ մտաւորականութիւնն ու ղեկավարութիւնը եւ դաւադրօրէն աքսորեց ու սպաննեց զանոնք:
Ո՞վ կը լսէր այդ ատեն: Որո՞ւ աչքերը կը դիտէին:
Ո՞վ կը դիտէր, երբ մայրեր, հայրեր, քոյրեր, եղբայրներ եւ զաւակներ կ’առաջնորդուէին դէպի անյագ խորքերը կիզիչ անապատին, տեղ մը, ուր չորցած ոսկորներ ու գանկեր պիտի թաղուէին լռութեան դատապարտուած աղերսանքներու եւ հեղձամահ ձայներու հետ:
Ո՞վ կը դիտէր, երբ անշօշափելի պատերը կը բանտարկէին զանոնք` խեղդելով ճիչն ու հեծկլտանքը անոնց:
Ո՞վ կը դիտէր, երբ անտեսանելի վանդակները կը փակէին անոնց աղէտալի հառաչանքները` դադրեցնելով թռիչքն անոնց:
Ո՞վ կը դիտէր, երբ անոնք կը ջախջախուէին խեղդիչ ահով եւ տառապանքով:
Ո՞վ կը դիտէր, երբ թաղումն իսկ կը մերժուէր անոնց մարմիններուն: Մարմինները կը ձգուէին, որ փտին աւազին եւ անհամար քարերուն մէջ` դառնալու քարացած կտակ ապագային համար:
Ո՞վ կը դիտէր…
Միացեալ Նահանգները դիտեցին զանոնք: Եւրոպան նկատեց զանոնք: Իսկ աշխարհի մարդկութիւնը երես դարձուց: Անոնք, որ իրապէ՛ս նայեցան, տեսա՛ն անտեսանելի սեւեռումով… Եւ յետոյ անապատին անվերջանալի տարածութիւնը կլլեց զանոնք, սփռուելով նախաճաշի անսահման սեղանի մը նման` պատրաստուած բարբարոս մարդոց հացկերոյթի խնճոյքին համար: «Բարբարոսներուն համար կար այդ անճառելի ախորժակը` ճաշի մը հետ կապ չունեցող ախորժակ, որ կ’ընծայէր անհաւատալի տեսիլքներ` գազաններու հետ ունեցած ճաշկերոյթի մը ընթացքին…»(1):
Ան, որ հաւատք ունէր, աղօթեց: Ան, որ անհաւատ էր, հաւատացեալ դարձաւ: Անոնք, որոնք ձայն ունէին, մռնչացին: Անոնք, որոնք զէնք ունէին, կռուեցան: Եւ անոնք, որոնք գրիչ ունէին, գրեցին:
Հայերը պիտի շարունակեն (թուղթեր) մրոտել, վիճիլ եւ ազդարարել, մինչեւ որ Միացեալ Նահանգները, Անգլիան եւ բոլոր միւս «ծեփուած սուրբեր»-ը քաւութիւն խնդրեն իրենց կեղծաւորութեան համար: Հայերը պիտի շարունակեն, մինչեւ որ Թուրքիան ճանչնայ, ընդունի իր գործած ոճիրը եւ դադրի իր գործած սպանդը ուրանալէ եւ պատմութիւնը վերաքննութեան ենթարկելէ:
Հայերը պիտի շարունակեն պահպանել իրենց ստոյգ պատմութիւնը` ապահովելու համար անոր արժանի մշտնջենականութիւնը: Եւ ատիկա պիտի ընեն հպարտութեամբ, պիտի ընեն ճառախօսութեամբ ու վիճաբանութեամբ, դժգոհութեամբ, քաղաքականութեամբ, դիւանագիտութեամբ եւ ըստ կանոնի: Պիտի ընեն իրենց բանաստեղծութիւններով, պատմական տեղեկագրութիւններով եւ վաւերագրութիւններով: Պիտի ընեն իրենց պատմութիւններով, թատերախաղերով եւ վէպերով: Անոնք պիտի գործածեն գրական ամէն մէկ տեսակ, եւ ամէն մէկ քննադատութիւն ու վիճաբանութիւն իր բաժինը պիտի բերէ այդ բարձրաձայն ու անվերջանալի սաղմոսերգութիւնը կերտելու համար: Եւ հայուն միակ ձգտումը` ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ, հասցնելու բարձրագոյն այնպիսի մակարդակի, ուր ան իր երգով պիտի կարենայ հարիւրամեայ մերժումը շնչահեղձ դարձնել:
Ձեռագիրն ու տպագիրը դեռ հիմնական միջոցներն են յիշողութիւնը պահպանելու, տեղեկութիւնը ծաւալելու, գաղափարախօսութիւնը դրոշմելու, հարստութիւնը բաշխելու եւ զօրութիւնը գործադրելու համար: Գիրքը միշտ հիմքն է եղեր հայկական աստուածաբանութեան, հայկական մշակոյթին եւ հայուն յարատեւման:
Այս երեւոյթը, սակայն, ամբողջովին կը հակասէ նշանաւոր ընկերային քննադատական տեսաբան Թիոտոր Ատոռնոյի այն յայտարարութեան, թէ Աուշուիցէն ետք այլեւս բանաստեղծութիւնը գոյութիւն պէտք չէ ունենայ, եւ միայն լռութիւնը տիրական պիտի դառնայ: Իր յայտարարութիւնը ունի իւրայատուկ իրականութիւն մը, որ տարրական երկսայրի դժուարութիւն մը ստեղծած է արուեստագէտներուն համար: Բայց անոնց գործունէութիւնն ու արտայայտութիւնը չեն դադրած. ընդհակառա՛կը, բազմապատկուած են: Ամերիկացի հրեայ վերապրող Սինթիա Օզիք հետեւեալն ըսած է Ողջակիզման մասին. «Կը գրեմ այդ մասին: Չեմ կրնար չգրել: Բայց չեմ կարծեր, որ պէտք է գրեմ: Մենք պէտք է որ սպառենք անսահման վաւերագրերն ու նոթերը, անվերջ ու անսպառ պատահարները: Ես չեմ ուզեր միջամուխ ըլլալ, ստեղծել կամ երեւակայել այդ մասին: Բայց եւ այնպէս, ըրած եմ: Չեմ կրնար չընել: Որովհետեւ ան կու գայ, կ’արշաւէ…» (2):
Յայտնի է` որեւէ ցեղասպանութեան ճշմարտութիւնը կատարեալ կերպով կրնան հասկնալ միայն մեռնողներն ու վերապրողները: Այդ ճշմարտութիւնը թաքնուած է անոնց անկենդան մարմիններուն մէջ, մոխիրներուն մէջ: Դիակներու, զոհերու եւ նահատակներու վիժած երազներուն մէջ է թաքնուած ճշմարտութիւնը: Նոյնիսկ այն պատմաբանը որ կրնայ փաստել, թէ ցեղասպանութիւնը տեղի ունեցեր է, զոհերուն եւ վերապրողներուն գիտցածէն աւելի ան երբեք պիտի չգիտնայ:
Ինչ կը վերաբերի ստեղծագործ գրողին, ան, կարելիութեան սահմաններուն մէջ, կրնայ նրբամտութեամբ երեւակայել, թէ այդ մարդիկը ինչերէ՜ անցան, ի՞նչ կը զգային եւ ի՞նչ կը մտածէին իրենց ապրած վերջին պահուն` մահուա՛ն ատեն: Գրողը ուշադիր պէտք է ըլլայ, վաւերագիր մը պատրաստողէն աւելի ուշադիր` յարգանքով եւ ակնածանքով յայտնելու զոհերուն ունեցած յուզումները, զգացումները, յուսախաբութիւնները, վախերն ու ատելութիւնները: Գրողին փոխանորդական զգացումները պէտք է հոսին` բխելով իր երեւակայութեան զօրութենէն, եւ, այո՛, նոյնքա՛ն կարեւոր, իր ընթերցանութիւններէն, ուսումնասիրած փաստաթուղթերէն եւ ականատեսներէն հաւաքած իր տեղեկութիւններէն: Գրողին ստեղծագործութիւնը հիմնուած ըլլալու է թէ՛ գրական եւ թէ՛ բարոյական ճիգի վրայ:
Հայ գրողը բարոյական պարտաւորութիւն մը ունի` բարձրաձայն արտայայտուելու դառնութեան, կեղծաւորութեան եւ նենգութեան դէմ: Մեր հաւաքական յիշողութիւնը վէրքերու եւ սպիներու շտեմարան մըն է: Իբրեւ զաւակներն ու թոռները երանացուած վերապրողներուն, եւ իբրեւ ժառանգորդները անոնց վիրային փորձառութիւններուն, մենք պիտի շարունակենք գրել բոլոր լեզուներով ու գրական զանազան տեսակներով ու ոճերով: Եւ կը յուսանք հայթայթել աղմկալից հակակէտ մը բոլոր ուրացող մարդոց. հայթայթե՛լ, մինչեւ որ անոնց մտքերը ձերբազատին սխալ ուղղամտութենէ եւ թաքուն երկիւղէ:
***
Ապրիլ ամիսը մեր մեռելներուն յիշատակութեան ամիսն է: Եւ 2015 թուականը 100-րդ տարեդարձն է «Հայկական կիրք»-ին: Պիտի յիշենք բոլոր անոնք, որոնք զոհուեցան Անատոլիայի եւ Կովկասի մէջ, 1914-1923 տարիներուն: Պիտի յիշենք բոլոր անոնք, որոնք անհետացան Սուրիոյ անապատին մէջ: Պիտի յիշենք անոնք, որոնք մեռան պարզապէս հայ ծնած ըլլալնուն համար: Եւ պիտի յիշենք հայ ժողովուրդի արիութիւնը, ոգին, քաջութիւնն ու յարատեւելու ապշեցուցիչ կամքը: Անոնց պիտի ըսենք` «Պիտի բերենք ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ, որուն բոլո՛րդ արժանի էք…»:
Յ.Գ.
Բացառիկ առիթը ունեցայ ծանօթանալու փրոֆ. Ճորճ Սթայնըրին` գրական աշխարհի տիտաններէն մէկը, երբ կը դասաւանդէի Ժընեւի համալսարանին մէջ, 1975-ին: 1971-ին հրատարակուած իր «Ին պլուպըրտծ քասըլ» գիրքին մէջ Սթայնըր կը գրէ. «Ան, որ լիովին կ’ըմբռնէ իմաստը Տանթէի «Դժոխք»-ին գիրք 33-ին մէջ յիշուած «Հո՛ն նոյնիսկ արտասուելու արարողութիւնը կ’արգիլէ արտասուիլը» խօսքին, կը հաւատամ, որ ան ըմբռնած պիտի ըլլայ էաբանական ձեւի բանտարկութեան (Concentration Camp) աշխարհը» (3): Սթայնըր հոս կ’ակնարկէ այս տողերուն.
«Հո՛ն նոյնիսկ արտասուելու արարողութիւնը կ’արգիլէ արտասուելը
Եւ արցունքով պատուած վիշտը գտնող աչքերը
Կ’ուղղուին դէպի ներս` հոգեվարքը վսեմացնելու համար»:
ՅԱԿՈԲ ԽԱՉԻԿԵԱՆ
Թարգմանեց` ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄՍԸՐԼԵԱՆ
ՆՕԹԵՐ
(1 ) Տե՛ս Gwendolyn MacEwen, «A Breakfast for Barbarians» from Magic Animals: Selected Poems Old and New. Copyright 1974 by David Mackinnon.
(2) Տե՛ս Interview by Tom Teicholts with Cynthia Ozik. The Paris Review v.102 (the Art of Fiction 95). Spring 1987.
(3) Տե՛ս George Steiner. In Bluebird’s Castle: Some Notes Towards the Redefinition of Culture (Yale University Press. 19710.P.54.