Հարցազրոյցը վարեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Լիբանանի մէջ նախաձեռնուած դասախօսութեան մը շրջագիծին մէջ Պէյրութ այցելած եգիպտացի պատմաբան, համալսարանի դասախօս դոկտ. Մոհամետ Ռիֆաաթ Իմամ այցելեց «Ազդակ» օրաթերթ, ուր ան ունեցաւ շահեկան հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին ան անդրադարձաւ Հայ դատի մասին իր կատարած ուսումնասիրութիւններուն, արաբական աշխարհին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումի հարցին, շրջանին մէջ իսլամական խալիֆայութիւնը վերականգնելու թրքական երազին, ինչպէս նաեւ` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով իր տեսակէտները փոխանցեց հայութեան:
Հայ դատի մասին իր ուսումնասիրութիւններուն եւ գրած գիրքերուն ներշնչման աղբիւրին մասին հարցումի մը պատասխանելով` դոկտ. Իմամ յայտնեց, որ տակաւին ուսանող տարիքէն զինք հետաքրքրած է Եգիպտոսի մէջ հայոց ներկայութիւնը. ան հարց տուած է անոր պատճառներուն մասին եւ սկսած է փնտռտուքի:
«Անշուշտ այս աշխատանքը դիւրին չէր, որովհետեւ բազմաթիւ ճնշումներու ենթարկուեցայ: Տրուած ըլլալով, որ հայերը քրիստոնեայ են, ինծի համար, իբրեւ իսլամի, կրնար այս աշխատանքը ամօթ նկատուիլ: Ճնշում բանեցնող կողմերը Իսլամ եղբայրներն էին, որոնք 1991-ին բաւական ճնշում բանեցուցին վրաս` հետեւեալ պատճառաբանութեամբ. «Դուն իսլամ ես եւ երբ քրիստոնեայ հայոց մասին խօսիս պիտի ըսես, որ անոնք ցեղասպանութեան ենթարկուած են, սա կը նշանակէ, թէ դուն ինքնաբերաբար իսլամականութիւնը ամբաստանած ես»: Սակայն այս մեկնաբանութիւնը զիս բնաւ չկրցաւ համոզել, որովհետեւ իմ միտքս կը չարչրկէին բազմաթիւ հարցումներ. հայերը ինչո՞ւ Եգիպտոսի մէջ կը գտնուին, իսլամականութի՞ւնն է Ցեղասպանութեան պատասխանատուն, թէ՞ Օսմանեան կայսրութիւնն է, որ իսլամականութիւնը մղեց Հայոց ցեղասպանութիւնը գործելու», շեշտեց ան:
Դոկտ. Իմամ շեշտեց, որ ինք այս դժուար մարտահրաւէրին պատասխանատուութիւնը ստանձնած է` աւելցնելով, որ առաջին տարիներուն հայերը եւս չեն գործակցած եւ չեն օժանդակած իր ուսումնասիրութիւններուն, որովհետեւ անոնք եւս ունեցած են իրենց մտահոգութիւնները եւ կասկածները, թէ իսլամ մը ինչո՞ւ հետաքրքրուած պէտք է ըլլայ Հայոց ցեղասպանութեամբ: «Տակաւին կայ այլ պատճառ մը եւս, որ իմ անունս կ՛ընդգրկէ Ռիֆաաթ անունը, որ կասկածներ կրնայ արթնցուցած ըլլալ, թէ ես թուրք եմ», աւելցուց դոկտ. Իմամ:
Ան հաստատեց, որ ինք դիմագրաւած է նաեւ հայութեան կողմէ իր դիմաց ցցուած մարտահրաւէրները եւ կատարած` իր ուսումնասիրութիւնները եւ արդէն իսկ հայութեան նուիրուած բազմաթիւ գիրքեր գրած է: Այդ հրատարակութիւններէն են. «Հայերը Եգիպտոսի մէջ 19-րդ դարուն», «Հայերը Եգիպտոսի մէջ 20-րդ դարուն», «Հայերը, Արեւմուտքը եւ իսլամականութիւնը` նահատակներ, դահիճներ եւ ամբաստանեալներ», «Ատանայի հարցը», «Մեծ եղեռնի ուղին, 1915», «Հայ դատը Օսմանեան կայսրութեան մէջ»:
Այս հրատարակութիւններուն կողքին, Հայ դատին մասին դոկտ. Իմամ իր ընթացիկ յօդուածները կը գրէ եգիպտական շարք մը օրաթերթերու մէջ, որոնք են` «Ահրամ»-ը, «Ախպար»-ը եւ «Ժումհուրիա»-ն, ինչպէս նաեւ` եգիպտական ծանօթ այլ թերթեր, որոնք զինք հրաւիրած են հարցազրոյցներու` Հայ դատին մասին:
Դոկտ. Իմամ շեշտեց, որ Գահիրէի մէջ ինք ամէն մակարդակներու վրայ յարաբերութիւններ մշակած է հայութեան հետ, ունի բարեկամութիւններ, մտերմութիւն եւ հայութեան հետ լաւ յարաբերութիւններ, անկախ այն իրականութենէն, որ կարգ մը հայեր չեն հանդուրժեր իր կատարած աշխատանքները եւ իրենց մեկնաբանութիւններով կը նեղացնեն զինք:
«Սակայն ես ուսումնասիրութիւններս կը շարունակեմ եւ ընդհանրապէս աշխատանքներս կը կատարեմ համալսարաններու մէջ. սակայն, ընդհանուր առմամբ, եգիպտահայութիւնը նեցուկ կը կանգնի աշխատանքներուս, եւ ես ամէն ջանք ի գործ կը դնեմ, յատկապէս այս հանգրուանին, օժանդակելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նշումին», ըսաւ ան:
Շարունակելով իր աշխատանքներուն մասին ներկայացուցած մանրամասնութիւնները` դոկտ. Իմամ յայտնեց, որ ինք 15 տարիէ ի վեր, 2000-էն սկսեալ, կ՛ուսումնասիրէ արաբական մամուլը եւ հաւաքած է շուրջ 35 հազար յօդուած, որոնք հրատարակուած են 1878-1923, այսինքն` Սան Սթեֆանոյի եւ Պերլինի խորհրդաժողովներէն մինչեւ Լոզանի խորհրդաժողով երկարող ժամանակաշրջանին լոյս տեսած յօդուածները, որոնք կը վերաբերին Հայ դատին: Ան նշեց, որ այս հսկայ աշխատանքը մօտիկ ապագային պիտի հրատարակուի վեց հատորներու մէջ:
«Այս աշխատանքը ինծի համար մեծ նշանակութիւն ունի, եւ վստահ եմ, որ անիկա օգտակար պիտի ըլլայ նաեւ հայութեան եւ Եգիպտոսի պետութեան համար, որովհետեւ Եգիպտոսի ազգային գրադարանը իսկապէս հարուստ է աղբիւրներով եւ հոն կարելի է գտնել օրաթերթեր, որոնք իրենց հրատարակուած երկիրներուն մէջ իսկ չեն պահուած», ըսաւ ան:
Արաբական աշխարհին կողմէ Հայ դատին զօրակցութեան նկատմամբ գոյութիւն ունեցող բացթողումներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` դոկտ. Իմամ նշեց, որ Լիբանանէն բացի, արաբական ոչ մէկ երկրի մէջ հայկական զօրաւոր լոպի կայ, աւելցնելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն արաբական աշխարհը եւ արաբական երկիրները սրտբաց հիւրընկալած են Մեծ եղեռնէն ճողոպրած հայերը:
«Եգիպտոսի Ուաֆըտ կուսակցութեան ղեկավար, վարչապետ Սաատ Զաղլուլ որոշում մը տուած է Երուսաղէմէն 1006 հայ որբեր բերել Եգիպտոս եւ խնամել զանոնք», յայտնեց ան:
Դոկտ. Իմամ նշեց նաեւ, որ Հայոց ցեղասպանութեան մասին առաջին գիրքը գրուած է 1916-ին, Գահիրէի մէջ, Ֆայեզ Ղուսէյնի կողմէ, երբ տակաւին աշխարհը լուր չունէր Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայոց դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան մանրամասնութիւններուն մասին:
Արաբական երկիրներուն կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը չճանչնալու իրականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` դոկտ. Իմամ շեշետեց, որ անիկա ուղղակիօրէն կապուած է շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող շահերուն:
«Թուրքիոյ հետ Իսրայէլի սերտ յարաբերութիւնները մեծ դերակատարութիւն ունեցած են եւ ժխտական ազդեցութիւն բանեցուցած են արաբական աշխարհին վրայ` չճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը: Արաբական երկիրներու հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւնը իր կարգին «նպաստած» է, որ Հայ դատը անտեսուի: Սակայն Եգիպտոսի մէջ Հայ դատի քարոզչութեան մասին ոչ մէկ արգելք կայ, ընդհակառակը, այդ հարցը մնայուն ներկայութիւն է երկրին մէջ` մամուլով, լսատեսողական լրատուամիջոցներով եւ այլ», ըսաւ ան:
Դոկտ. Իմամ աւելցուց նաեւ, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Եգիպտոսէն 60 հոգի հաշուող պատուիրակութիւն մը պիտի մեկնի Հայաստան, ընդգծելով, որ անոնցմէ 5-ը կը ներկայացնեն եգիպտական պետութիւնը:
Միւս կողմէ, ան շեշտեց, որ Հայոց ցեղասպանութենէն դար մը ետք դժուար թէ արաբական աշխարհի ղեկավարներուն ուշադրութիւնը հրաւիրուի զայն ճանչնալու հարցին վրայ, երբ բաւարար լոպիինկ չկայ այդ երկիրներուն մէջ, իսկ վերջին հնգամեակին արաբական աշխարհի իրադարձութիւնները բնաւ յարմար միջավայր եւ մթնոլորտ չեն ստեղծեր քննարկելու հարցը, որովհետեւ արաբական վարչակարգերը իրենց ներքին կացութիւնը հակակշիռի տակ պահելու հրամայականին տակ կը գտնուին:
«Սակայն այս իմաստով Եգիպտոս լաւ օրինակ մըն է, այն իմաստով, որ 25 յունուար 2011-30 յունիս 2013 երկարող հանգրուանին իր դիմագրաւած ներքին հարցերուն կողքին, գրեթէ զուգահեռաբար, անդրադարձաւ Հայ դատի հարցին: Այսինքն երկրին ներքին հարցերէն բացի, լուսարձակի տակ առնուած միակ տարբեր հարցը Հայ դատն էր: Իսկ այս օրերուս, Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հայ դատին մասին օրական դրութեամբ անդրադարձ կը կատարուի եգիպտական պետական մամուլով, սեփական մամուլով, ինչպէս նաեւ` խորհրդաժողովներով, կլոր սեղաններով, դասախօսութիւններով եւ այլ ձեռնարկներով: Եգիպտոսի մէջ տիրող մթնոլորտը ի նպաստ հայութեան է, եւ արդէն իսկ կայ պահանջը, որ Եգիպտոս ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը` իրաւունքի, պատմութեան եւ մարդկութեան արդարութեան ի խնդիր», ըսաւ ան:
Թէ այս մթնոլորտը եգիպտական-թրքական յարաբերութիւնները ի՞նչ վիճակի կը մատնէ հարցումի մը մասին, դոկտ. Իմամ շեշտեց, որ Եգիպտոս-Թուրքիա երկկողմանի յարաբերութիւնները արդէն իսկ վատթարացած են, երբ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 30 յունիս 2013-ի յեղափոխութիւնը կոպիտ կերպով մերժած է եւ զայն որակած է զինուորական յեղաշրջում եւ ոչ թէ եգիպտացի ժողովուրդին կամքը արտացոլացնող իրականութիւն: «Այդ վատթարացումը հասաւ այն աստիճան, որ Եգիպտոս որոշեց վտարել Եգիպտոսի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը: Հոս կ՛արժէ նշել, որ օտար դեսպաններ վտարելու Եգիպտոսի ամբողջ պատմութեան մէջ արձանագրուած են միայն 5 պարագաներ, որոնցմէ երեքը կապուած են Թուրքիոյ դեսպաններուն վտարումին», նշեց դոկտ. Իմամ:
Հայոց ցեղասպանութեան հանդէպ Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութեան շարունակութեան վերաբերեալ մատնանշումի մը մասին դոկտ. Իմամ հաստատեց, որ
շարունակելով ուրացման իր քաղաքականութիւնը` Թուրքիա անկասկած կը շարունակէ կառչած մնալ այն իրականութեան վրայ, որ ինք իր պետութիւնը հիմնած է հայութեան գոյութեան վրայ:
«Պատմական տուեալներով, արեւելեան Անատոլուն, որ կը պարփակէ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ բռնագրաւուած հայկական վեց վիլայէթները` Վան, Սվազ, Պիթլիս, Տիարպեքիր, Խարբերդ եւ Էրզրում, ուղղակիօրէն մաս կը կազմեն պատմական Հայաստանին:
Պատմութիւնը կը փաստէ նաեւ, որ արձանագրուած իշխանափոխութիւնը` Օսմանեան կայսրութենէն թրքական արդի պետութեան, կ՛ենթադրէր, որ թրքական բանակի զօրավարները կաշառուին, որպէսզի ձեւով մը մեղմացուի այն իրականութիւնը, թէ անոնք օսմանեան հսկայ կայսրութիւնը վերածած են թրքական արդիական պետութեան: «Այդ կաշառքը կարելի եղաւ գոյացնել հայութեան հարստութենէն. արեւելեան Անատոլուի մէջ հայութեան ձգած ամբողջ հարստութիւնը մտաւ թրքական բանակի զօրավարներուն գրպանները, որպէսզի անոնք լուռ մնան կատարուածին մասին: Հետեւաբար բոլորին համար յստակ պէտք է ըլլայ, որ արդի Թուրքիան կառուցուած է հայութեան աճիւններուն վրայ, եւ թուրք զօրավարները հարստացած են հայութեան կալուածներուն, հարստութիւններուն եւ ինչքերուն շնորհիւ: Ուրեմն ներկայ Թուրքիան, որ հիմնուած է հայոց անշնչացած մարմիններուն վրայ, ամբողջ անցեալին զաւակն է, եւ եթէ ան պիտի ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, պէտք է հողային, նիւթական եւ բարոյական հատուցում կատարէ հայութեան. այդ բոլորին զուգահեռ, ան պէտք է պատրաստ ըլլայ անարգանքի` մարդկութեան դէմ իր գործած ոճիրին համար: Անկախ այս բոլորէն, Թուրքիա Իսրայէլի մտերիմ դաշնակիցն է եւ բազմաթիւ ձեւերով ծառայած է անոր, հետեւաբար ան Իսրայէլի միջոցով կ՛արգիլէ եւ կը խոչընդոտէ տարբեր պետութիւններուն կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը», ըսաւ ան:
Դոկտ. Իմամ աւելցուց նաեւ, որ Արեւմուտքին համար Թուրքիա յուսադրիչ էր նաեւ իբրեւ երկիր մը, ուր կը տիրէ իսլամական չափաւորականութիւն, սակայն Թուրքիա ձախողեցաւ այդ առաքելութեան մէջ եւ ոչ մէկ երկրի մէջ կարելի եղաւ գործադրել «չափաւորականութեան» այդ օրինակը: «Ընդհակառակն, Թուրքիա ահաբեկչական բոլոր կազմակերպութիւններուն կը զօրակցի, նոյնիսկ` իրարու հակադրուածներուն: Այս մէկը Թուրքիոյ վերաբերող պատմական իրողութիւն է, բռնարարքներու եւ ծայրայեղութիւններու որդեգրումը եւ արիւնահեղութիւնը թրքական իսկական վարուելակերպ է, եւ անիկա տարիներու ընթացքին գործադրուած է հայութեան, արաբներուն, քիւրտերուն եւ այլոց դէմ», ընդգծեց դոկտ. Իմամ:
Խօսելով թրքական երազին մասին` դոկտ. Իմամ ըսաւ, որ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում թրքական կուսակցութեան իշխանութեան հասնելով` ծնունդ առած է նորօսմանականութիւնը, որ որդեգրուած է վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուի կողմէ: «Խորքին մէջ այս ծրագիրը իսլամական աշխարհը մասնատելու ծրագիր մըն է, որ մշակուած է բրիտանացի-ամերիկացի պատմաբան Պեռնարտ Լուիսի կողմէ, «Սի. Այ. Էյ.»-ի համար: Այդ ծրագիրը կ՛ենթադրէ արաբական եւ իսլամական աշխարհին բաժանումը փոքր, տկար եւ իրարու հետ բախումներու մէջ եղող պետութիւններու, որպէսզի Միջին Արեւելքի մէջ Իսրայէլ երեւի իբրեւ հզօր երկիր, իսկ Թուրքիա օգտուի սիւննիական աշխարհը ղեկավարելու` Էրտողանի իշխանութեամբ: Իրականութեան մէջ այս մէկը նաեւ Էրտողանի երազն է, որուն համաձայն, 2024-ին` իսլամական խալիֆայութեան ջնջումէն 100 տարի ետք, այդ խալիֆայութիւնը դարձեալ պիտի յայտարարուի, եւ Էրտողան պիտի դառնայ առաջին խալիֆան: Անշուշտ այս ծրագիրը ահաւոր ձախողութիւն արձանագրեց` ա) Սուրիոյ տոկալուն եւ պայքարին շնորհիւ եւ բ) Եգիպտոսի տոկալուն եւ իշխանութեան չքայքայուելուն պատճառով: Եգիպտոսը իբրեւ մեծ երկիր եւ ամենամեծ բանակը ունեցող պետութիւն կրցաւ անմիջապէս` մէկ տարուան ընթացքին վերջ տալ Իսլամ եղբայրներուն իշխանութեան: Եգիպտացի ժողովուրդը իր նոր ղեկավարութեամբ Եգիպտոսը վերադարձուց իր շրջանային, ափրիկեան եւ իսլամական կարեւոր դերակատարութեան: Այս իրականութիւնը մեծագոյն հարուածն է
նորօսմանականութեան ծրագիրին եւ Միջին Արեւելքը բաժնելու եւ տարբեր գոյացութիւններ ստեղծելու Պեռնարտ Լուիսի ծրագիրին: Այս պատճառով ալ եգիպտական յեղափոխութեան դէմ ամէնէն վատ հակազդեցութիւնները դրսեւորուեցան Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներուն կողմէ», հաստատեց Մոհամետ Ռիֆաաթ Իմամ:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով հայութեան ուղղած իր պատգամին մէջ դոկտ. Մոհամետ Ռիֆաաթ Իմամ յայտնեց, որ մէկ դարու ընթացքին ապրած են չորս սերունդներ, որոնցմէ առաջինը ուղղակի ցեղասպանուեցաւ, որուն իբրեւ հետեւանք, ոմանք մահացան, ոմանք իրենց ինքնութիւնը կորսնցուցին եւ ոմանք վերապրեցան: Երկրորդ սերունդը տառապեցաւ Ցեղասպանութեան ցաւով, երրորդ սերունդը սկսաւ վերականգնել հայկական ինքնութիւնն ու կենցաղը, իսկ չորրորդ սերունդը կը գտնուի Ցեղասպանութեան առաջին 100-ամեակին աւարտին եւ երկրորդ 100-ամեակին սեմին, հետեւաբար ան ամբողջ ժողովուրդի մը 100 տարուան պատմութիւնը այլ հարիւրամեակի մը կապելու պատասխանատուութիւն ունի:
«Այս սերունդն է, որ ամէնէն վտանգաւորն է եւ իրականութեան մէջ ամբողջ պատասխանատուութիւնը անոր ուսերուն է. այս սերունդը պէտք է զինուի ապագային հանդէպ հզօր կամքով, նախորդ 100-ամեակին հետ անոր կապը պէտք է անքակտելի ըլլայ եւ որդեգրելով նոր ձեւերն եւ միջոցները` պէտք է շարունակէ իր պահանջատիրութիւնը, առանց մոռնալու իր նախահայրերուն իրաւունքները, որոնք կ՛արդարացնեն ամբողջ աշխարհին մէջ անոր գոյութիւնը: Եթէ նոր սերունդին կամքը բաւարար չափով հզօր չըլլայ, ապա կարելի չէ պայքարը շարունակել: Անշուշտ կարեւոր է նաեւ, որ ան գիտութեամբ զինուի, քաջածանօթ ըլլայ իր Դատին` օգտագործելով Հայոց ցեղասպանութեան բոլոր աղբիւրները: Աւելի՛ն. այս սերունդը պէտք է նաեւ ըմբռնած ըլլայ օրէնքը, որպէսզի զայն օգտագործէ իր իրաւունքները վերստանալու համար:
Ան պէտք է գիտնայ նաեւ լրատուական միջոցները լաւագոյնս օգտագործել Հայ դատի քարոզչութեան ի խնդիր` իր պահանջատիրութիւնը ամուր կերպով ներկայացնելու աշխարհին եւ համաշխարհային մակարդակի զօրակցութիւն ապահովելու ի նպաստ Հայ դատին», շեշտեց ան:
Դոկտ. Իմամ նշեց նաեւ, որ դիւանագիտութիւնն ու պետութիւնը յաջորդ հանգրուանին պէտք է աւելի յանդուգն դառնան եւ չյանձնուին Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող աշխարհաքաղաքական տուեալներուն, այլ խօսքով` տեղի չտան Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ բանեցուած շրջափակումին: «Հայկական պետութիւնը պէտք է մնայուն կերպով դիմէ այլընտրանքներու, որոնց ընդմէջէն ան պէտք է ինքզինք փաստէ: Հայկական պետութեան եւ սփիւռքին միջեւ գործակցութիւնն ու յարաբերութիւնները պէտք է ըլլան շինիչ, հաւասարակշռուած եւ նպատակաուղղուած: Պէտք է մշակել ռազմավարութիւն, ճշդել պահանջները եւ ըստ այնմ գործել թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ, իսկ միջազգային հեղինակութիւններուն ներկայանալ նոյն պահանջներով: Ճիշդ է, որ Հայ դատը բարդ հարց է, սակայն անոր լուծումը անկարելի չէ` նկատի ունենալով անոր 100 տարուան կեանքը եւ անոր նկատմամբ համաշխարհային առումով արձանագրուած իրազեկութիւնը», եզրափակեց դոկտ. Իմամ: