Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Այս մասին մտածեցի, երբ ներկայ էի դասախօսութեան մը, որուն ընթացքին ցուցադրուեցան նաեւ նկարահանումներ:
Յուզիչ:
Խօսեցան Թուրքիոյ այս կամ այն խուլ անկիւնը մոռցուած-վերապրած եւ ժամանակի աւերին ենթարկուած մամիկներ, որոնց շրթներուն վրայ դեռ մնացած էին հայերէնի փշրանքներ:
Յուզիչ:
Մամիկները երբ այդպէս կը խօսէին, կը ցաւէինք, կը հասկնայինք:
Սփիւռքածին նկարահանողը այդ մամիկներուն հետ կը խօսէր սիրտ ցաւցնող նախնական եւ կցկտուր հայերէնով մը: Ոչ ոք պիտի ընդունէր, որ հայ լրագրող մը կամ նկարահանող մը այդ հայերէնին նմանող անգլերէն, ֆրանսերէն, արաբերէն, գերմաներէն, սպաներէն, կամ այլ լեզու մը խօսէր:
Յուզիչ չէ:
Թէ ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ մենք մեզի թոյլ կու տանք նման հայերէնով մը հանրութեան ներկայանալ, եւ ինչո՞ւ հայ հանդիսատեսը կամ ունկնդիրը… ախտաւոր գոհունակութեամբ կը ծափահարէ` բնական համարելով նահանջը: Պատասխանի կարօտող հարցում է, որ հակազդեցութիւն չի յառաջացներ:
Ընդվզեցուցիչ:
Այլ որակում պէտք է տալ ոչ միայն այդպէս խօսողին, այլ` մենք մեզի, որպէս ազգային համարուող հաւաքականութիւն, առանց արդարացումներ գտնելու տեղ չհասցնող խուսանաւումներու: Տեղատուութիւն, զոր մեր ծափերով կը քաջալերենք եւ կը խանդավառուինք փշրանքներով, կամ իբր թէ` քաջալերանքի ճապկումով, որ հետեւանք է հեռանկարի բացակայութեան:
Այս հպարտութեան դրօշակ դարձած խեղճացումո՞վ Ցեղասպանութեան ճանաչում պիտի հետապնդենք, պիտի վերականգնինք, իրաւունքի տիրութիւն պիտի ընենք:
Մարդորսական (prosélytisme) աճպարարութիւններով պէտք չէ շրջանցել այս հարցումները: Ըսենք, թէ ի՛նչ կ’ուզենք փրկել եւ ի՛նչ կրնանք փրկել անորակ մարդորսութեամբ, ո՞ւր հասնելու համար, որո՞նց համար: Ծուռ քանակով շիտակ գիծ չի քաշուիր, գիտենք:
Մարդորսական խեղճացումով աննպատակ թափահարումներ կան:
Խորհրդաժողովներ: Հոգեհանգիստներ: Ուխտագնացութիւններ, որոնք աւելի զբօսաշրջութիւն են, չեն անհանգստացներ եւ կը ծառայեն մեր ալպոմներու հարստացման:
Հայոց ազգային իրաւունքները վերականգնելու ատակ կարենալ ըլլալու համար նախ ՄԵՆՔ ՊԷՏՔ Է ՈՐ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԻՆՔ, այլապէս կը խրինք այս կամ այն թուականի առիթով բռնկող-մարող աղմկարարութեան մէջ: Այս վերականգնումի ՈՐԱԿ-ը սահմանումի կարիք ունի:
Վերականգնումի համար անշրջանցելի եւ կենսական նշանակութիւն ունի ՈԳԵԿԱՆՈՒԹԻՒՆ-ը: Այս բառը պէտք չէ ըմբռնել իր հռետորական եւ զանազան առիթներով ամբոխ զուարճացնող իմաստով: Ան ժողովուրդի մը ինքնութեան կը վերաբերի, որ կը յատկանշուի անոր ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՈՐԱԿ-ով, որ տուեալ հաւաքականութեան մը եւ ուրիշի մը միջեւ տարբերութիւն կը հաստատէ, որ կնիքն է այդ ինքնութեան:
Յաճախ կը խօսուի կարգախօսի նմանող ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔ-ի մասին, բայց ան ընթացիկի ամբոխավարութեան սահմանը չ’անցնիր: Ինչպէ՞ս կը սահմանուի ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔ-ը:
Եթէ տարբերութեան եւ սեփական որակի տիրութիւնը կորսուի, կորսնցնենք, շարունակութիւն չենք ըլլար, նոր դիմագիծ կ’ունենանք, մարդ, որ կ’ըլլայ ծագումով հայ, բայց` այլ բան, աշխարհաքաղաքացի, կ’այլասերի սեփական ազգին յարաբերաբար: Արդէն մենք եւ շրջապատը ընդհանրացուցած ենք ծագումով հայ բնորոշումը: Որպէս ինքնուրոյն ազգ չենք վերականգնիր, որպէս անհատ կրնանք յաջողիլ, հռչակի ալ տիրանալ, օժանդակել Հայաստանի, ինչպէս օտարը այդ կրնայ ընել, ազգը որպէս այդպիսին` մեզմով չ’աճիր: Ծագման յիշատակ-յուշ կը մշակուի: Ինչ որ ըրած ենք եւ կը շարունակենք ընել առանց յոգնելու:
Ազգը վերականգնելու համար մակերեսային եւ յարդի բոցի նմանող զգացական դրսեւորումներէ անդին ազգային մշակոյթով պէտք է շնչել: Այս շնչառութիւնը յաճախ կասած է: Անոր պայմաններու ստեղծումը մասնակի իրարանցում է, համազգային չէ: Վերականգնումը, առաջին հերթին, մեր բոլորի հասարակ յայտարարին` հայերէնին վերադառնալ է: Ի վերջոյ, ի՞նչ բաներ հաղորդակցութիւն եւ իրաւ հաղորդութիւն կրնան ստեղծել նոյն ազգի անդամներուն միջեւ, եթէ ոչ` լեզուն եւ մշակոյթը, որոնք հայելի են, որուն մէջ մենք մեզ եւ զիրար կրնանք դիտել եւ ճանչնալ: Ինչպէ՞ս կը դիմանան անկլօ-սաքսոն աշխարհին մէջ, Քանատայի Քեպեք նահանգի ֆրանսացիները, որոնք կը պահեն լեզուն եւ կը մերժեն օտար միջազգային համարուած բառերու գործածութիւնը:
Երբ նախաձեռնութիւններու կը դիմենք Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ ճանչցնելու համար, մի՞թէ վաղուան հեռանկարով, նոյնքան, եւ աւելի, կարեւոր չէ ոգեկանութեան որակական վերականգնումը, այսինքն բոլոր հայածնունդներու շրթներուն վրայ բերել հայերէնը (ոչ որպէս կարգախօս եւ ոչ որպէս կիրակնօրեայ համեմ), որպէսզի մեր թափահարումները չհնչեն կեղծ դրամի պէս:
Քաղաքական քարոզչութեան եւ քար-մարմարի համար ծախսուած գումարները կարելի չէ՞ ոգեկանութեան վերականգնումի համար վերածել ազգին համար ապագայակերտ ներդրումի:
Յաճախ ըսած եւ կրկնած եմ, որ հայկական գաղութներու մէջ ազգապահպանումը, իր ամէնէն պարզ հասկացողութեամբ, կարելի չէ իրականացնել առանց դպրոցներու, առանց տուեալ գաղութի մը դպրոցական տարիքի հարիւր հազար հայ տղոցմէ միայն հազարը ունենալով հայկական վարժարանի մէջ:
Քար-մարմարը եւ կարգախօսները համազգային քաղաքականութիւն չեն ըլլար, եթէ ոգեկանութիւնը չվերականգնի, կ’ըլլան կճեպ: Կոտրտուած աղիւսներով աշտարակ չի բարձրանար:
Օսմանեան կայսրութեան մէջ, հակառակ ճնշող ուժին, ունեցանք Զարթօնքի Սերունդ, որ շատ կարճ ժամանակի մէջ հայկական գաւառները օժտեց դպրոցական ցանցով:
Ըսե՞նք, որ կարգախօսով չբաւարարուող եւ քար-մարմարէն անդին նայող զարթօնքի սերունդ կը փնտռուի, որպէսզի ոգեկանութիւնը վերականգնի լեզուով եւ մշակոյթով:
Խօսելով մեր օրերուն յատուկ կրկնուող եւ ականջ շոյող բառերով` այս կ’ըլլայ ազգային իրաւ ռազմավարութիւնը կենսագործող մարտավարութիւն, որ իր էութեամբ հակա-էսթեպլիշմընթային է:
Եւ կարելի կ’ըլլայ ընել այնպէս, որ հայերէնը չըլլայ փշրանքներու կրկներեւոյթ, այլ վերլուծումներէ եւ պատկերներէ անդին` ցեղասպանութեան ոճրային միտումին դէմ իրաւ յաղթանակ:
Որքան որ յուզիչ ըլլայ Թուրքիոյ հարթող գլանին տակ ճզմուած հայ վերապրած մամիկին խեղճացած հայերէնը, նոյնքան անընդունելի է լաւ պայմաններու մէջ ապրող սփիւռքածինի խեղճացած եւ անորակ հայերէնը:
Ըսի` Զարթօնքի Սերունդ: Այդ ԺԹ. դարու երկրորդ կիսուն էր: Մէկու կէս դար առաջ:
Հասկնա՛լ` ազգային հարազատութեան բովանդակութեամբ շնչող անճապկում ղեկավարութիւն:
Որպէսզի բարձրաղաղակ ըսենք, որ Ցեղասպանութիւնը չյաջողեցաւ թանգարան դնել հայ ազգը:
1 ապրիլ 2015, Վիլէր-սիւր-մէր