Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայ ժողովուրդի ազգային հերոսներու շարքին փառապանծ ու յաւերժական իր պատուանդանը ունի Արշաւիր Շիրակեան, որուն մահուան 92-րդ տարելիցը կ՛ոգեկոչենք ապրիլ 12-ի օրը:
12 ապրիլ 1973-ին այնքա՜ն արիւնահեղութիւն եւ սարսափ տեսած իր աչքերը առյաւէտ փակեց «Հայոց Նեմեսիս»-ի քաջասիրտ Ահաբեկիչը:
Հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած Ցեղասպանութեան պատասխանատու թրքական պետութեան ներկայացուցիչները պատուհասող դաշնակցական արդարագործներու փաղանգին մէջ Արշաւիր Շիրակեան կը հանդիսանայ ա՛յն իւրայատուկ դէմքը, որ իր առաքելութեան ազգային-քաղաքական ամբողջական գիտակցութեամբ եւ յանձնառութեամբ գործեց: Եւ բարացուցական է, որ իր կեանքի վերջալոյսին, 1965-ին, Մեծ եղեռնի յիսնամեակին առիթով լոյս ընծայած իր յուշերը Շիրակեան կոչեց «Կտակն էր նահատակներուն»:
Տարբեր բնութագրում չէր կրնար ունենալ թուրք ջարդարարներու դէմ գործադրուած մահապատիժը. սոսկական ահաբեկումէ մը շատ աւելին էր անիկա. ըստ ամենայնի` «Կտա՜կն էր նահատակներուն»:
Արշաւիր Շիրակեանի կը պատկանի «Նեմեսիս» գործողութեան մասին կատարուած այն յստակացումը, թէ` «Մեր կազմակերպութիւնը չունէր մարդասպանական որեւէ ծրագիր: Անիկա պարզապէս արդար պատիժի ենթարկեց ա՛յն յանցագործները, որոնք ի բացակայութեան դատուած եւ մահուան դատապարտուած էին»:
Հայ արդարահատոյց բազուկը ծնած էր 1900-ին, Պոլիս: Մանկութիւնը անցուց 1908-ի օսմանեան սահմանադրութեան հետեւած պոլսահայ ազատ ու հոգեմտաւոր ծաղկուն մթնոլորտին մէջ: Պատանի տարիքէն ապրեցաւ ու կազմաւորուեցաւ դաշնակցական մտաւորականներու մտերմութեան մէջ: Այդ պատճառով ալ 1915-ին, երբ ցեղասպան թրքական պետութիւնը իր առաջին հարուածը ուղղեց Պոլսոյ հայ մտաւորականութեան, Շիրակեան կոչուեցաւ պատանի սուրհանդակի առաքելութեան, որպէսզի հայ մատնիչներու դաւաճանական ցուցմունքներուն դէմ զգուշացնէ ընդյատակ կեանքի անցած հայ մտաւորականները:
Մինչեւ Ա. Աշխարհամարտի աւարտն ու զինադադարը, Արշաւիր Շիրակեան ամբողջական փարումով գործեց ՀՅ Դաշնակցութեան Պոլսոյ կազմակերպութեան շարքերուն մէջ: Մօտէն հետեւեցաւ Պոլսոյ օսմանեան Զինուորական ատեանին կողմէ Իթթիհատի պարագլուխներու (ի բացակայութեան) դատավարութեան: Վարչապետ Սայիտ Հալիմ փաշայի, ներքին գործոց նախարար Թալէաթի եւ իթթիհատական պարագլուխներ Պեհաէտտին Շաքիրի, Ճեմալ Ազմիի, Նազըմի եւ միւսներուն դէմ ատեանին արձակած մահապատիժի դատավճիռները, մեռեալ տառ մնալու ճակատագրին դատապարտուելով, ընդվզումի եւ ցասումի կրակը աւելիով բորբոքեցին երիտասարդութեան սեմին կանգնած գործիչին մէջ:
Երբ 1919-ին Երեւանի մէջ գումարուած իր 9-րդ Ընդհանուր ժողովին Դաշնակցութիւնը որոշեց, «Նեմեսիս» գործողութեան ձեռնարկելով, ի՛նք իրագործել թուրք ջարդարարներու մահապատիժը, Արշակիր Շիրակեան առաջիններէն եղաւ, որ ներկայացաւ «Նեմեսիս»-ի Պատասխանատու մարմինին` հայո՛ւ իր սրբազան պարտականութիւնը կատարելու պատրաստակամութիւն յայտնելով:
Շիրակեան կը լրացնէր անհրաժեշտ բոլոր պայմանները, որպէսզի նկատի առնուէր «Նեմեսիս»-ի արդարահատոյց ահաբեկիչներու փաղանգին մէջ: Գաղափարական եւ ազգային-քաղաքական պատրաստութիւնը ամբողջապէս ունէր: Կազմակերպական ուշագրաւ փորձ ունէր Պոլսոյ մէջ ընդյատակեայ գործունէութեան: Մարտական գործիչի խիզախութեամբ եւ քաջասիրտ նկարագրով կը յատկանշուէր:
Չուշացաւ Շիրակեանի առաջին գործողութեան յանձնարարականը: Քսանամեայ հայորդիին վստահուեցաւ թուրք ջարդարարներու գլխաւոր գործակիցներէն Վահէ Իհսանի (Եսայեան) ահաբեկումը: Իհսան ի՛նք կազմած էր ցուցակը Պոլսոյ այն հայ մտաւորականներուն, որոնք 24 ապրիլ 1915-ին զանգուածային ձերբակալութեան ենթարկուեցան:
27 մարտ 1920-ին Պոլսոյ մէջ Շիրակեան իրագործեց Իհսանի դէմ արձակուած Դաշնակցութեան մահապատիժի որոշումը:
Շիրակեան հեռացաւ Պոլիսէն եւ անցաւ Երեւան, ուր Արամ Երկանեանի հետ նոր առաքելութեան մը կոչուեցան: Թիֆլիսի մէջ իրենց պարտականութիւնը կատարելու նախապատրաստական աշխատանքի ժամանակ երկուքն ալ ձերբակալուեցան, բայց անհրաժեշտ ապացոյցներու չգոյութեան պատճառով ազատ արձակուեցան: Արշաւիր վերադարձաւ Պոլիս, ուրկէ 1921-ի ամառը նոր յանձնարարականով ուղարկուեցաւ Հռոմ:
Շիրակեանին վստահուած էր իթթիհատական կառավարութեան վարչապետ Սայիտ Հալիմ փաշայի ահաբեկումը: Սայիտ Հալիմ իթթիհատական պարագլուխներու ամէնէն տարեցն էր, նաեւ` ամէնէն մեծահարուստը, որ ի վիճակի էր լաւագոյնս թաքցնելու իր հետքերը: Բայց «Նեմեսիս»-ի յանդուգն հետախոյզները ի վիճակի եղան գտնելու Սայիտ Հալիմ փաշայի թաքստոցը եւ Արշաւիր Շիրակեան, 5 դեկտեմբեր 1921-ին, Հռոմի փողոցներուն վրայ գետին փռեց ցեղասպան թրքական կառավարութեան ատենի վարչապետը:
Գործողութիւնը դարձեալ «մաքուր» էր եւ հայ ահաբեկիչը առանց հետք ձգելու հեռացաւ արդարահատոյց գործողութեան… բեմէն:
Ահա՛ եւ նկարագրականը` Արշաւիր Շիրակեանի բառերով, արտատպուած «Կտակն էր նահատակներուն» գործէն.
«Սայիտ Հալիմի վերջին օրը.
«1921, դեկտեմբերի 5: Առաւօտ շատ կանուխ դուրս ելայ սենեակէս: Նախորդ գիշերը մաքրած էի ատրճանակս եւ փամփուշտներն ալ համրած:
«Թարմ-թարմ ածիլուած էի եւ լոգանք մը առած, ու ամբողջ կէս սրուակ օ տը քոլոնիայով մարմինս շփած էի: Ճերմակեղէններէս մինչեւ հագուստներս եւ գլխարկս, արթիսթի սեւ գլխարկս, նոփզնոր. ուսանողի կամ արուեստագէտի սեւ փողկապ մը դրած էի. կարծես հարսնիքի երթայի: Վերարկուս վրաս` գացի փաշային դղեակին մօտերը, առանց Մ.ին հանդիպելու: Վճռած էի այդ օրն իսկ գործը վերջացնել` առանց այլեւս մտածելու հետեւանքներու մասին:
«Ժամը ճիշդ 1:00-ին ինքնաշարժ մը կեցաւ փաշային դրան առջեւ. դուրս ելաւ Թեւֆիք Ազմին եւ պայուսակ մը թեւին տակ ներս մտաւ. քիչ վերջ փաշային հետ դուրս ելան եւ աճապարանքով մեկնեցան, շատ կարեւոր գործի մը գացող մարդոց երեւոյթով: Չմտահոգուեցայ. այնքան լաւ ուսումնասիրած էի երթեւեկները, որ վստահ էի, որ, ուր ալ ըլլար, չէր կրնար հրաժարիլ իր յետմիջօրէի պտոյտէն եւ անպայման պիտի վերադառնար: Տրամաբանօրէն, առնուազն երկու ժամ պիտի ուշանար: Փութացի Վիլլա Բորգեզէ, ուր յաճախ կառքով, երբեմն ալ քալելով կու գար ան: Նոյնիսկ, օր մը, հետապնդումիս ընթացքին տեսայ, որ թիկնապահին գնել տուաւ ափ մը խորոված շագանակ, փողոցի վրայ նստող շագանակավաճառէ մը: Ժամը 12:00-ին ատենները Մ. եկաւ ու հարցուց, թէ ինչո՞ւ ճաշի չէի գացած մեր ուսանողներուն ճաշարանը, ուր կէսօր եւ իրիկուն սովոր էինք հանդիպիլ:
«- Որովհետեւ,- պատասխանեցի,- վճռած եմ այսօր այս գործը գլուխ հանել, ամէն պարագայի տակ եւ ամէն գնով: Ջղայնացած էի փաշային ուշանալէն եւ քիչ մը եւս սպասեցի ու Գրիգորին ըսի.- Ես տան կողմերը կ՛երթամ: «Այո՛»,- ըսաւ ու դուրս ելանք, եւ քանի մը քայլ առի` դառնալու համար հանրակառքին փողոցը:
«Հասայ Վիա Նոմենտանա, ուր հանրակառքը կեցաւ. իջայ եւ քալելով մտայ Օստակիօ փողոցը: Յանկարծ դէմս ցցուեցաւ Հելենան: Ոստիկանի մը հանդիպումը այնքան չպիտի նեղէր զիս, որքան այդ սիրուն աղջկան ներկայութիւնը այդ պահուն: Ջղային վիճակի մէջ պաղ վերաբերում մը ցոյց տուի: Մտերիմներ դարձած էինք եւ աղջիկը կը զարմանար իմ անակնկալ պաղ վերաբերումէս: Տարօրինակ նայուածքով կը դիտէր, կարծես առաջին անգամ զիս տեսած ըլլար:
«Անպիտան աղջիկը կատարեալ հարցաքննութեան մը սկսած էր եւ բաժնուելու միտք չունէր: Ժամը 4:00-ին կը մօտենար: Փողոցին վարի կողմը նոր շէնքի մը շինութեան աշխատող բանուորները աշխատանքէ կ՛արձակուէին եւ, սովորաբար, այդ ամայի եղող փողոցին մէջ բազմութիւն կար: Վայրկեանէ վայրկեան փաշան կրնար հասնիլ: Փողոցին խանգարիչ երթեւեկը չբաւէր կարծես, դեռ կար այս յամառ աղջիկը, որ անվերջ կը խօսէր ու կը ցրուէր ուշադրութիւնս:
«Եւ յանկարծ վերէն լսուեցաւ կառքի մը դղրդիւնը: Մէկէն մարմնէս անծանօթ սարսուռ մը անցաւ, երբ տեսայ հսկայ ձիերը, որոնց բաշերը հովէն կ՛ալեծփէին: Կառքին մէջն էր Սայիտ Հալիմ փաշան` իր թիկնապահին հետ: Փողոցին միւս ծայրը նայեցայ. Մ. դեռ հասած չէր: Վայրկեանապէս «ցտեսութիւն» ըսի Հելենային` պատուիրելով, որ շուտ ներս մտնէ, քանի որ «հայրս» կու գար…
«Անմիջապէս քալեցի միւս մայթը, որպէսզի լաւագոյն դիրքով մը ահաբեկումը կատարեմ, բայց քանի մը ակնթարթ ուշացած ըլլալուս` քիչ մնաց ձիերու տակ մնայի. ձեռքս վերցուցի, բռունցքս ցցած, ձիերը խրտչեցան եւ ծառացան: Այդ իրարանցումին մէջ արագ ոստումով մը անցայ եւ ցատկեցի կառքին վրայ` կոխելով ոտնատեղին: Մէկ ձեռքով բռնեցի կառքին յենարանը, քիչ մը երերացի, բայց հաւասարակշռութիւնս կրցայ պահել: Մինչ թիկնապահը կառապանին կը նայէր ու բաներ մը կ՛ըսէր, երեւի հասկնալու համար ձիերուն խրտչիլը, Սայիտ Հալիմ փաշային աչքերը հանդիպեցան աչքերուս: «Երէն»,- ըսաւ թիկնապահին: Այս եղաւ սատրազամին վերջին բառը: Աչքերը սարսափով լեցուն էին, երբ ատրճանակիս փողը ուղղեցի աջ քունքին եւ կրակեցի: Երկրորդ փամփուշտի մը հարկ չմնաց: Խռպոտ ձայն մը եւ փաշան նստած տեղէն տապալեցաւ կառքին մէջ, գլուխը իմ կողմս, գրեթէ ոտքերուս տակ: Կառքը դեռ կ՛արշաւէր: Թեւֆիք Ազմին, առաջին շփոթէն սթափած, ատրճանակ մը հանեց ու կը պատրաստուէր կրակել, երբ ատրճանակիս փողը անոր ալ ճակտին ուղղելով` գոռացի թուրքերէնով.
«- Աթ աշաղա, կեպերտիրիրըմ,- Նետէ՛ զէնքդ, կը սատկեցնեմ…
«Հնազանդեցաւ եւ ատրճանակը կառքէն դուրս նետեց, ահաբեկ դէմքով: Ատրճանակիս կոթովը այս անգամ սկսայ հարուածել կառապանին կռնակին` պոռալով իտալերէն. «Ասբետա, ասբետա». «Կեցի՛ր, կեցի՛ր»: Խեղճ կառապանը վախէն կը դողար եւ յուսահատական ճիչերով զիս վկայութեան կը կանչէր` ըսել ուզելով,- Տե՛ս, կեցնել կ՛ուզեմ, բայց ձիերը չեն կենար:
Կառապանը չյաջողեցաւ կեցնել ձիերը, որոնք վազքը շարունակեցին մինչեւ փաշային տան առջեւ եւ ինքնաբերաբար կանգ առին: Դրան առջեւ խափշիկ ծառան մեքենաբար ձեռքը ճակտին տարաւ` «թեմեննահ» ընելու ձեւով, բայց փաշային ինկած գլուխը տեսնելով` այդ դիրքին մէջ քարացած մնաց, ապշահար: Առանց կարեւորութիւն տալու ծառային` վար ցատկեցի կառքէն եւ ատրճանակս ցցած` թեւովս լայն շարժում մը գծեցի շուրջս` թէ՛ սարսափ ձգելու եւ թէ՛ փախուստիս ուղղութիւնը որոշելու համար»…
Բայց Շիրակեանի հայ ահաբեկիչի առաքելութիւնը վերջ չգտաւ Սայիտ Հալիմ փաշայի մահապատիժով: Հետեւեցաւ նոյնքան յանդուգն գործողութիւնը Պեհաէտտին Շաքիրի եւ Ճեմալ Ազմիի ահաբեկման, որ վստահուած էր Արշաւիր Շիրակեան եւ Արամ Երկանեան երկեակին:
Տխրահռչակ տոքթ. Պեհաէտտին Շաքիր հիմնադիրն էր ու ղեկավարը իթթիհատական այն յատուկ զօրաբաժնին, որ «յառաջապահ»-ի դեր խաղաց Հայոց ցեղասպանութեան գործադրութեան ժամանակ: Իսկ Ճեմալ Ազմին ծանօթ էր իբրեւ «Տրապիզոնի հրէշը», որ աւելի քան 15 հազար անզէն հայեր ծովամոյն ըրաւ:
17 ապրիլ 1922-ին, Պերլինի փողոցներուն մէջ, Արշաւիր Շիրակեան եւ Արամ Երկանեան միացեալ գրոհով մը գետին փռեցին թուրք ջարդարար զոյգ հրէշները: Նախայարձակը Շիրակեանն էր, որ առաջին գնդակով զգետնեց Ճեմալ Ազմիին, բայց միայն վիրաւորել կրցաւ Շաքիրին: Արամ Երկանեան օգնութեան հասաւ եւ ուղիղ ճակտէն մէկ փամփուշտով վերջ տուաւ Պեհաէտտին Շաքիրի յանցագործ կեանքին:
Պերլինի այդ գործողութեամբ վերջ գտաւ Շիրակեանի արդարահատոյց գործունէութիւնը:
Հայ հերոսը վերջնականապէս հաստատուեցաւ Մ. Նահանգներ, ուր աշխուժ մասնակցութիւն բերաւ ՀՅԴ Մ. Նահանգներու կազմակերպութեան կեանքին ու աշխատանքներուն:
Երկար տասնամեակներու լռութենէն ետք, 1965-ին, Շիրակեան լոյս ընծայեց իր յուշերը` «Կտակն էր նահատակներուն» խօսուն անունը տալով իր յուշագրութեան:
12 ապրիլ 1973-ին փակուեցան աչքերը հայ ժողովուրդի արդարահատոյց բազուկին, որուն անունով այսօր կը կոչուին ե՛ւ դաշնակցական կոմիտէութիւններ, ե՛ւ ՀՅԴ երիտասարդական միութիւն մը:
Փոթորկալի իր կեանքով ու գործով, յատկապէս գաղափարի անվեհեր մարտիկի իր կերպարով Արշաւիր Շիրակեան կը շարունակէ ներշնչման աղբիւր մնալ Հայ դատի պայքարին զինուորագրուած հայոց սերունդներուն: