Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Առիթով Ֆրիտեոֆ Նանսեն (1861-1930)

Ապրիլ 14, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄՕ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

4-14-15_p7-nansen2«Մե՛ղք հայ ժողովուրդին, որ եւրոպական քաղաքականութեան հետ գործ ունեցաւ: Իրեն համար շատ աւելի լաւ պիտի ըլլար, որ իր անունը երբեք չ՛արտասանուէր Եւրոպայի դիւանագէտի մը կողմէ: Սակայն հայ ժողովուրդը երբեք չէ կորսնցուցած իր յոյսը: Ու մինչ լծուած էր կորովի եւ հաստատակամ աշխատանքի մը, անիկա սպասեց, սպասեց երկար: Կը սպասէ միշտ»:

ՖՐԻՏԵՈՖ ՆԱՆՍԵՆ

Նորվեկիոյ ժողովուրդի մեծ զաւակը, խաղաղութեան մեծ առաքեալը, մարդասէր եւ յատկապէս հայասէր Ֆրիտեոֆ Նանսենին անունը կապուած կը մնայ հայ ժողովուրդի` Մեծ եղեռնին զոհ հայ գաղթականներու բազմութեանց հետ մանաւանդ:

Այս տարի կը լրանայ Նոպէլեան մրցանակի տիրացած Ֆրիտեոֆ Նանսենի Խորհրդային Հայաստան այցելութեան 90 տարին եւ մահուան 85-ամեակը: Այնքան սիրած էր հայ ժողովուրդը, որ բազմաթիւ առիթներով ներկայացաւ միջազգային ժողովներու` Հայ դատը պաշտպանելու եւ արդարութիւն պահանջելու:

Բայց մեր այլ անմոռանալի բազմաթիւ բարեկամներու կարգին, նաե՛ւ իր ձայնը մնաց անլսելի:

Ֆրիտեոֆ Նանսեն ծնած է հոկտեմբեր 10, 1861-ին, այժմ  Օսլոյի Սթոր Ֆրոյէն (Քրիսթիանա) արուարձանը: Ան հռչակ հանեց իբրեւ բեւեռախոյզ` 1893-1896 թուականներուն, երբ յաջողեցաւ հասնիլ հիւսիսային բեւեռի ամենաբարձր կէտը: Բացի գիտնականի իր արժէքներէն, Ֆրիտեոֆ Նանսեն եղած է նաեւ քաղաքական կարեւոր դէմք մը` իր հայրենիքին մէջ:

Մեծ դեր ունեցած է այն աշխատանքին մէջ, որուն շնորհիւ Նորվեկիան անջատուեցաւ Շուէտէն եւ դարձաւ անկախ պետութիւն` 1905-ին: Այնուհետեւ իր երկիրը ներկայացուց ան` իբրեւ դեսպան բրիտանական արքունիքին մօտ:

1880-ին աւարտելով միջնակարգ դպրոցը` կը յաճախէ Օսլոյի համալսարանի բնագիտութեան  կաճառը, 1882-էն սկսեալ կը զբաղի գիտական աշխատանքով, 1885-ին պաշտպանած է դոկտորական աւարտաճառը: 1879-ին կը նշանակուի համալսարանի դասախօս` անասնաբուժութեան:

Օգոստոս 21, 1913-ին, Ֆրիտեոֆ Նանսենը Քրիսթիանի նաւահանգիստէն ճամբայ կ՛ելլէ դէպի Սիպերիա: Իրեն հետ կը ճամբորդէին հայազգի Լորիս Մելիքովը` Նորվեկիայի ռուսական դեսպանութեան քարտուղարը եւ Սիպերիոյ արդիւնաբերութեան, նաւագնացութեան եւ առեւտուրի ընկերութեան տնօրէնը` Իոնա Իվանովիչ Լիտը եւ ուրիշ ոսկիի վաճառական մը` ռուս Պետական տումայի անդամ Վոստրոտինը:

p7-nansen-desk_11xՖրիտեոֆ Նանսեն միջազգային աշխարհի մէջ մեծ հռչակ հանեց նաեւ իբրեւ խաղաղութեան առաքեալ` 1914-1918 պատերազմէն ետք: Ազգերու լիկան նշանակեց զայն իբրեւ լիազօր ղեկավար` ռուս եւ գերմանացի գերիներու փոխանակութեան: Այնուհետեւ, 1921-ին օգնութեան հասաւ պոլշեւիկ Ռուսիոյ սովահար ժողովուրդին` մասնաւորաբար ապահովելով Մ. Նահանգներու օգնութիւնը եւ միաժամանակ օգնեց արտասահման փախած ռուս գաղթականներուն:

Իր մարդասիրական գործունէութիւնը, սակայն, աւելի մեծ ծաւալ ստացաւ 1922-էն սկսեալ, երբ նուիրուեցաւ Յունաստան ապաստանած մէկ միլիոնէ աւելի գաղթականներու տեղաւորման եւ խնամատարութեան գործին: Այդ թուականէն սկսաւ նաեւ իր բացառիկ նուիրումը հայ գաղթականներուն, որոնց բարօրութեան համար ըրաւ ամէն ինչ եւ ի գործ դրաւ իր առաւելագոյն ճիգերը:

Հազար դուռ զարկաւ ճարելու համար մէկ միլիոն սթերլին, երբ 1925-ին Խորհրդային Հայաստան երթալով` տեղւոյն վրայ հաստատեց, թէ այդքան գումար մը պէտք  է գոնէ 15,000 հայեր հայրենիք փոխադրելու եւ հոն տեղաւորելու համար:

Իր բոլոր աղերսանքները բախեցան մեծ պետութեանց քար անտարբերութեան, եւ իր ծրագիրը թաղուեցաւ Ժընեւի մէջ, 1929-ին: Երբ անլոյծ մնաց հայ եւ ռուս գաղթականներու տեղաւորման գործը, եւ անոնք նկատուեցան այլեւս իբրեւ անհայրենիք (հայմաթլոս) բազմութիւններ, Ազգերու լիկան անոնց համար պատրաստեց, Խորհրդային Միութենէն եւ Թուրքիայէն զատ, բոլոր պետութիւններէն ճանչցուած ինքնութեան թուղթեր եւ անցագիրներ, որոնք նուիրագործուեցան Նանսենի անունով:

Իր խաղաղասիրական եւ մարդասիրական ծառայութեանց համար փրոֆ. դոկտ. Ֆրիտեոֆ Նանսեն դեկտեմբեր 1922-ին արժանացաւ Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակին:

Մենք համոզուած ենք, որ Ֆրիտեոֆ Նանսենը նախքան հայկական հարցերով զբաղուիլը, ծանօթ էր Հայաստանին եւ հայութեան:

Հայ գաղթականաց գրասենեակները դիմեցին Ազգերու դաշնակցութեան խորհուրդին` Սարդարապատի անջրդի եւ անմշակ հողերու ոռոգման համար ծրագիր մը ներկայացնելով: Կը յուսային 50 հազար գաղթականներ տեղաւորել այնտեղ, եթէ Սարդարապատի «անապատ»-ը մշակելի դառնար: Ծախսը կը նախատեսուէր մէկ միլիոն անգլիական ոսկի: Գումար, որ պէտք էր հայթայթէր Ազգերու լիկան:

Այս ծրագրի քննութեան համար Հայաստան գնաց Ֆրիտեոֆ Նանսեն` միջազգային յանձնախումբի մը հետ: Ֆրիտեոֆ Նանսեն դէպի Հայաստան իր կատարած ճամբորդութեան տպաւորութիւնները, իր առաքելութեան մանրամասնութիւնները եւ հայոց մասին իր մտածումները հրատարակեց  Հրանդ Սամուէլին «Հայաստան եւ Մերձաւոր Արեւելք» խորագիրը կրող պատկերազարդ գրքով մը, որուն նորվեկերէն բնագիրը անմիջապէս թարգմանուեցաւ անգլերէնի եւ ֆրանսերէնի` 1928-ին:

Ողբացեալ Զապէլ Եսայեան նոյն թուականին ձեռնարկած էր հայերէն թարգմանութեան, սակայն հրատարակիչ չգտաւ: Վերջերս միայն լոյս տեսաւ Պէյրութի մէջ հայերէն թարգմանութիւն մը:

Ֆրիտեոֆ Նանսեն եւ ընկերները 1926-ի յունիսին Թրիեսթէն ճամբայ ելան` «Շամիրամ» նաւով դէպի Աթէնք, Կ. Պոլիս, Պաթում եւ անկէ` Թիֆլիս, Երեւան եւ Լենինական:

Հայաստանի մէջ կառավարութեան անդամներն ու հայ գիտնականները աջակցած են յանձնախումբին եւ ծրագիրներ ներկայացուցած` խոպան հողերու ոռոգումին մասին, աստիճանաբար գործադրելի:

4-14-15_F-NansenՅանձնախումբին մանրամասն տեղեկագիրը 1927-ին Ազգերու լիկային կողմէ հրատարակուեցաւ Ժընեւի մէջ` անգլերէն եւ հետեւեալ խորագրով` «Ծրագիր հայ գաղթականներու տեղաւորման մասին. ընդհանուր տեսութիւն եւ գլխաւոր վաւերագրեր»:

Մեծ համակրանքով կ՛արտայայտուի Ֆրիտեոֆ Նանսեն հայերու մասին եւ կը մեղադրէ մեծ պետութիւններն ու Ազգերու լիկան, որոնք խոստմնադրուժ եղան: Կ՛արժէ նոյնութեամբ ներկայացնել իր արժէքաւոր գիրքին եզրակացութիւնը.

«Եւրոպայի ժողովուրդներն ու պետական մարդիկը յոգնած են այս յաւիտենական (հայկական) հարցէն:

Բնական է, որովհետեւ անիկա ցարդ տաղտուկ միայն պատճառած է: Հայաստան բառն իսկ անոնց քնացած խղճին մէջ կ՛արթնցնէ շարանը չիրականացուած խոստումներու, զորս երբեք չփորձեցին լրջօրէն գործադրել:

Հայը արիւնաքամ ու աշխատունակ փոքրիկ ժողովուրդ մըն էր, որ քարիւղի եւ ոսկիի հանքեր չունէր:

Մե՛ղք հայ ժողովուրդին, որ եւրոպական քաղաքականութեան հետ գործ ունեցաւ: Իրեն համար շատ աւելի լաւ պիտի ըլլար, որ իր անունը երբեք չարտասանուէր Եւրոպայի դիւանագէտի մը կողմէ: Սակայն հայ ժողովուրդը երբեք չէ կորսնցուցած իր յոյսը: Ու մինչ լծուած էր կորովի եւ հաստատակամ աշխատանքի մը, անիկա սպասեց, սպասեց երկար: Կը սպասէ միշտ»:

1924-ին Անգլիոյ պահպանողական կուսակցութեան առաջնորդ  Սթանլի Պալտուին  եւ Ժողովրդավար կուսակցութեան առաջնորդ Ասքուիթը դիմեցին Աշխատաւորական կուսակցութեան առաջնորդ եւ վարչապետ Ռամսան Մաքտոնալտին` յամառօրէն պահանջելով, որ Անգլիան հայերուն դրամական օգնութիւն ցոյց տայ: Այս պահանջը հիմնաւորուած է հինգ կէտերու վրայ.

1.- Որովհետեւ հայերը պատերազմի ժամանակ կռուեցան Դաշնակիցներու կողքին եւ շատ վնասներ տուին, իսկ Դաշնակիցները ժամանակին խոստացած էին օգնել Հայաստանին,

2.- Որովհետեւ Դաշնակից երկիրներու պետական գործիչները պատերազմի եւ խաղաղութեան ժամանակ բազմաթիւ անգամներ ապահոված են Հայաստանի ազատութիւնը եւ անկախութիւնը,

3.- Որովհետեւ Զմիւռնիոյ ջարդերէն ետք օսմանեան հայերու վերջնական արտաքսումի պատասխանատուն Անգլիան է,

4.- Որովհետեւ այդ 5 միլիոն փաունտ թրքական ոսկին, որ Թուրքիան 1916-ին պահած էր Պերլինի դրամատան մէջ` Գերմանիա, հաշտութեան դաշինքը կնքելէ ետք անցաւ Դաշնակիցներուն ձեռքը, հիմնական այդ ամբողջ դրամը հայերուն կը պատկանի,

5.- Որովհետեւ ներկայիս գաղթականներուն վիճակը շատ անտանելի է եւ ասիկա նախատինք է արեւմտեան պետութիւններուն հասցէին:

Ֆրիտեոֆ Նանսենը կը կարծէր, որ Անգլիոյ վարչապետը եւ ժողովրդավարականները կը համաձայնէին այդ պահանջներուն, սակայն կառավարութիւնը ստիպուած եղաւ հրաժարական տալ, իսկ իշխանութեան գլուխ եկան պահպանողականները` Սթանլի Պալտուինի գլխաւորութեամբ: Պալտուինի կառավարութիւնը հրաժարեցաւ որեւէ օգնութիւն ցոյց տալու հայ գաղթականներուն:

1928-ին Լայփցիկի մէջ լոյս տեսաւ Ֆրիտեոֆ Նանսենի գերմաներէն լեզուով գիրքը` «Խաբուած ժողովուրդ»: Անգլիական «Թայմզ» թերթը գրեց ժամանակին հետեւեալ այս գիրքին մասին: «Այս գիրքը կարիճի պէս իր պոչին մէջ խայթոց ունի, որ կը վիրաւորէ հաճոյակատարութիւնը բոլոր անոնց, որոնք խոստացան աւելին, քան կատարեցին»:

Ֆրիտեոֆ Նանսեն մեռաւ մայիս 13, 1930-ին, յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ մայիս 17-ին, Օսլոյի մէջ ամբողջ, արքայական ընտանիքի եւ 100,000 յուղարկաւորներու ներկայութեան:

Նորվեկիացի մեծ մարդասէրին պէս կը կրկնենք միշտ. մենք ալ երբեք չենք կորսնցուցած մեր յոյսը եւ հայու անյողդողդ կամքով եւ անսասան տոկունութեամբ պիտի սպասենք միշտ, որ յաղթանակէ արդարութիւնը եւ իր գերագոյն լուծումին յանգի Հայ դատը:

Հայ ժողովուրդը միշտ երախտագիտութեամբ պիտի յիշէ իր անունը:

Պերլին – Գերմանիա

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն. Տէր Եւ Տիկին Յարութ Եւ Վիքի Մարաշլեաններ 50.000 Տոլար Կը Նուիրեն Հայ Օգնութեան Միութեան

Յաջորդը

Վերյիշելով 1969 Թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան Յատուկ Առաջին Որմազդներու Տեղադրումը Լիբանանի Զանազան Շրջաններու Մէջ

RelatedPosts

Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ
Անդրադարձ

Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ

Յուլիս 14, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Լուրջ… Երգիծանք. Ուղեղի Բորբոսը Դարմանելու Ձեւ Կա՞յ

Յուլիս 14, 2025
«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Լինել Նախաձեռնող, Չգնալ Թելադրուած Օրակարգերի Ետեւից
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Լինել Նախաձեռնող, Չգնալ Թելադրուած Օրակարգերի Ետեւից

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?