Հարցազրոյցը վարեց` ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու տունը 2 ապրիլ 2015-ին միաձայնութեամբ որդեգրեց Հայոց ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրէնքը: Նկատի ունենալով այդ պատմական որոշումի ձեռքբերումի հոլովոյթին մէջ Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու տան մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի ունեցած առանցքային դերակատարութիւնը` «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց երեսփոխանին հետ:
«ԱԶԴԱԿ».- Առաջին հերթին, խնդրեմ, անդրադառնաք Կիպրոսի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հոլովոյթին:
ՎԱՐԴԳԷՍ ՄԱՀՏԵՍԵԱՆ.- Նախ եւ առաջ կը փափաքիմ շնորհաւորել «Ազդակ»-ը` լրատուական ոլորտին մէջ իր արձանագրած յաջողութիւններուն համար: Իսկապէս, բարձր գնահատելի է «Ազդակ» օրաթերթին բարեյաջող երթը եւ ունեցած նշանակալի աւանդը հայատառ մամուլի ծիրին մէջ: Շնորհակալութիւն` նաեւ ձեզի ու ձեր տրամադրած ժամանակին, ինծի հետ ունենալու այս հարցազրոյցը, լուսաբանելու մեր յարգելի ընթերցողները:
Հազուադէպ պարագաներու կը համաձայնիմ հարցազրոյց ունենալ եւ, այս պարագային, պարտք կը զգամ համայն հայութեան հարազատօրէն փոխանցելու, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի տարելիցին առիթով, Կիպրոսի մէջ արձանագրուող պատմական իրադարձութիւնները, որոնց մասին անդրադարձ պիտի կատարեմ հարցազրոյցիս ընթացքին:
Պատասխանելով ձեր առաջին հարցումին` յայտնեմ, թէ 1974-ի թրքական ներխուժումէն միայն 9 ամիսներ ետք, Կիպրոսի խորհրդարանը թիւ 36 օրինագիծով, 24 ապրիլ 1975-ին, միաձայնութեամբ ընդունեց ու ճանչցաւ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը` հանդիսանալով առաջին եւրոպական երկիրը եւ աշխարհի երկրորդ պետութիւնը` Ուրուկուէյէն ետք: Չմոռնամ սակայն յիշելու, թէ Կիպրոս առաջինն էր, որ 1965 թուականին Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Ընդհանուր ժողովի ամպիոնէն արծարծեց Հայոց ցեղասպանութեան հարցը: Կիպրացի քաղաքագէտներուն համար 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը, գործադրուած` Օսմանեան կայսրութեան կողմէ, անծանօթ հարց մը չէր: 1960-ական եւ 70-ական թուականներուն կղզին ապրեցաւ քաղաքական խռովութիւններ, որոնց յաջորդեց 1974-ի թրքական ներխուժումը, գաղթականութիւնը եւ ապա` բաժանումը, որ մինչեւ օրս կը շարունակուի: Եզրակացնելով` ընդգծեմ, թէ Կիպրոսի մէջ տիրող քաղաքական պայմանները խթան հանդիսացան ու ճամբայ բացին, որ 1965-ին սկսած հոլովոյթը առաւել եւս զարգանայ ու հասնի մինչեւ Կիպրոսի կառավարութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը: Հետեւաբար, 1975-ի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը կղզին բաժնող գիծերու պարտադրանքին տակ, գործադրուած` հասարակաց թշնամիին ձեռամբ, սպասելի ու ողջունելի արարք մըն էր Կիպրոսի այդ օրուան իշխանութիւններուն կողմէ:
Փակագիծ մը բանալով` աւելցնեմ, թէ կիպրահայ գաղութի յարաբերութիւնները Կիպրոսի պետութեան հետ միշտ եղած են բարձր մակարդակի` հիմնուած փոխադարձ յարգանքի ու հասկացողութեան վրայ: Կիպրահայ գաղութը իր ներդրումը եւ անվիճելի դերակատարութիւնը ունեցած է Կիպրոսի պատմութեան ու զարգացման հոլովոյթին մէջ` 5-րդ դարէն սկսեալ եւ կը շարունակէ անբաժան մէկ մասնիկը ըլլալ կիպրայոյն համայնքին եւ փոխադարձաբար, կը վայելէ կիպրացի ժողովուրդին ու պետութեան աջակցութիւնն ու համակրանքը:
«Ա.».- Իսկ Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքի որդեգրման հոլովոյթը ինչպէ՞ս սկսաւ, ո՞ր կողմերը մեզի աջակցեցան եւ ինչպէ՞ս կը գնահատէք Կիպրոսի կողմէ նշեալ օրէնքի որդեգրման երեւոյթը:
Վ. Մ.- Վերջին տարիներուն մօտէն կը հետեւէի եւ կը նշմարէի, թէ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը միջազգային գետնի վրայ դանդաղ յառաջդիմութիւն կ՛արձանագրէ` հակառակ Հայ դատի Եւրոպայի եւ Ամերիկայի գրասենեակներուն կողմէ ի գործ դրուած լայնածաւալ ու անսակարկ աշխատանքին: Առ այդ, մտքիս մէջ սկսաւ կազմաւորուիլ այն համոզումը, թէ քայլ մը առաջ երթալով` պէտք է միջազգային հանրութեան կարծիքը ուժգնօրէն եւ արագ կերպով հրաւիրել Հայոց ցեղասպանութեան ո՛չ միայն ճանաչման, այլեւ գործնական եւ շօշափելի արդիւնքներ ապահովելու ուղղութեամբ: 2014 նոյեմբերին, երբ պաշտօնի բերումով հրաւիրուեցայ ընկերակցելու Կիպրոսի խորհրդարանի նախագահ Եաննակիս Օմիրուի Հայաստան կատարելիք պաշտօնական այցելութեան, ճամբորդութեան ընթացքին կարծիքներու փոխանակում ունեցանք ու այդ ժամանակ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի հարցը արծարծեցի անոր հետ` յիշեցնելով, թէ Կիպրոս 1975-էն ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ քայլ մը առաջ երթալով` պէտք է ձեռնարկէ քրէականացման գործընթացին: Հայաստան կատարած մեր երկօրեայ արդիւնաւէտ այցելութեան աւարտին, Ե. Օմիրու համամիտ գտնուելով առաջարկիս, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանին խոստացաւ այս գծով աջակցիլ ինծի եւ մինչեւ անոր Կիպրոս փոխադարձ այցելութիւնը` իրականացնել տուած խոստումը: Եւ այդպէս ալ եղաւ:
Գ. Սահակեանի Կիպրոս ժամանումին յաջորդ օրը, Ներկայացուցիչներու տունը որդեգրեց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքը: Այժմ հակիրճ ձեւով փոխանցեմ այս օրինագիծին սկիզբէն մինչեւ յաջողութեամբ աւարտելուն պատմականը: Ուրեմն, Հայաստանէն վերադառնալէն ետք, մօտ հինգ ամիս անխտիր բոլոր կուսակցութիւններուն հետ, լուռ աշխատանք տանելով` կարողացայ ապահովել բոլոր կողմերուն համամտութիւնը: Վստահ եմ` տեղեակ էք, որ օրէնքի որդեգրումէն մէկ շաբաթ առաջ այս հարցին խորհրդարանի օրակարգին վրայ գտնուելու հարցը թրքական լրատուական կայքերուն միջոցով դուրս հոսած ըլլալով, լուրջ արգելքներ ստեղծեցին, ու դուռ բացին կառավարութեան վրայ արտաքին ճնշումներու եւ միջամտութիւններու: Սակայն բարձր մակարդակի վրայ կատարուած բանակցութիւններով եւ կողքիս ունենալով խորհրդարանական պաշտօնակիցներուս ու խորհրդարանի նախագահին անկեղծ գործակցութիւնը` անմիջապէս առաջքը կրցանք առնել ստեղծուած նուրբ կացութեան, եւ մէկ շաբաթ ետք, 2 ապրիլ 2015-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, Կիպրոս-Հայաստան միացեալ դրոշմաթուղթի թողարկման պաշտօնական հանդիսութենէն մի՛այն մէկ ժամ ետք, Կիպրոսի խորհրդարանը, առանց նոյնիսկ քուէարկութեան դնելու հարցը, միաձայնութեամբ որդեգրեց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը` հանդիսանալով աշխարհի 4-րդ եւրոպական երկիրը, Զուիցերիայէն, Սլովաքիայէն եւ Յունաստանէն ետք:
Եթէ բաղդատական ու արժեւորում մը կատարեմ Կիպրոսի մէջ ներկայիս եւ 1975-ին տիրող պայմաններուն միջեւ, հետեւեալը կարելի է եզրակացնել. այն ժամանակ Թուրքիան պատժելու հակադարձ կեցուածքի արտայայտութիւն մըն էր Ցեղասպանութեան ճանաչման անմիջական ընդունումը, իսկ անցեալ շաբթուան Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրումը, երբ Կիպրոս կը գտնուի տնտեսական ամենադժուար պայմաններուն տակ եւ կիպրական հարցի բանակցութիւններու 6 ամիսէ աւելի ընդհատումէն ետք` վերսկսման գծով տարուող գերմարդկային ջանքերու նախաշեմին, հերոսական ու պատմական իրողութիւն մըն է: Այս օրէնքը, որ կ՛արգիլէ «խօսքի ազատութիւն»-ը ու պատիժի կ՛ենթարկէ զայն ժխտող անձը, իմ կարծիքով, կը հանդիսանայ Թուրքիոյ 301-րդ տխրահռչակ յօդուածը հակակշռող օրինագիծը: Ուստի կոչ կ՛ուղղեմ ու կը քաջալերեմ այլ երկիրներու կառավարութիւնները` հետեւելու Կիպրոսի, Յունաստանի, Սլովաքիոյ եւ Զուիցերիոյ օրինակին, որովհետեւ ա՛յս օրինագիծին որդեգրումը շօշափելի արդիւնք մըն է եւ այնքա՛ն կ՛անհանգստացնէ Թուրքիան, որ նոյնիսկ չ՛ուզեր «արտայայտուիլ» այս մասին` օրէնքը համարելով «անվաւեր»: Աւելի խօսիլը պիտի նուաստացնէ օրինագիծին արժէքը, հետեւաբար այսքանով պիտի բաւարարուիմ:
«Ա.».- Օրէնքի որդեգրումը ինչպիսի՞ հակազդեցութիւններու արժանացաւ:
Վ. Մ.- Հայկական եւ օտարալեզու զանգուածային լրատուական գործակալութիւններ հայ թէ օտար քաղաքական անձնաւորութիւններ դրական ձեւով արձագանգեցին այս առիթով: Սակայն, ինչպէս սպասելի էր, Թուրքիան ու թուրք-կիպրական կողմը բուռն կերպով հակազդեցին այս առնուած պատմական քայլին ուղղութեամբ, եւ Անգարա «Անատոլիա» լրատուական գործակալութեան 02.04.2015-ի վկայակոչումով, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թանճու Պիլչիկ ըսած է, թէ` «Թուրքիան կը մերժէ յոյն-կիպրական վարչակարգի` 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման քրէականացման օրէնքը», աւելցնելով, թէ` «ընդունուած որոշումը անվաւեր է Թուրքիոյ համար եւ չ՛արժեր մեկնաբանութիւն կատարել այդ գծով»: Կը յանձնարարեմ, որ մեր յարգելի ընթերցողները այս պատասխաններէն դատեն ընդունուած օրինագիծին ունեցած կշիռը:
Յաջողութի՛ւն բոլորիդ: