Սարգիս Սերովբեան ութսուն տարիներ առաջ ծնաւ Պոլսոյ մէջ, որպէս անդրանիկը բնիկ սեբաստացի ընտանիքի: Դեռ երկու տարեկան էր, երբ ճաշակեց որբութեան դառն բաժակը: Մեծ Մշեցիի` Ս. Մեսրոպի աշակերտը եղաւ նախ Արդի կրթարանի, ապա Էսայեան վարժարանի մէջ: Որբութիւնը չարտօնեց, որ ան ըլլայ լիսէական, համալսարանական կամ գեղարուեստից ակադեմիոյ սան: Մտաւ կեանքի ասպարէզ: Եղաւ համեստ աշխատաւոր` սառնարանի նորոգող:
Միշտ մնաց սանը Մաշտոցի ու անոր աւանդին: Եղաւ անյագ ընթերցող: Պատմահայր Մովսէսէն Րաֆֆին եղան իր սիրելի բարեկամները: Անոնց միջոցաւ պահեց կապը իր հայրենական հողերուն հետ:
Զինուորական տարիները աւելի կապեցին զինք այդ հողերուն: Վերին կարգադրութեամբ զինուոր եղաւ իր պապերուն ծննդավայրին` Սեբաստիոյ մէջ:
Շատ երիտասարդ տարիքին դարձաւ ընտանիքի «հայր»: Խնամեց մեծ մայրն ու մայրը:
Ամուսնացաւ, ունեցաւ երկու զաւակներ: Տարիներ յետոյ ունեցաւ երկու թոռներ:
Հայրենական հողը միշտ կանչեց զինք: 4-5 հոգինոց խումբով մը սկսաւ շրջիլ գաւառները: Ամբողջ Անատոլուն շրջեցաւ: Պերճ Գամբարոսեանը իր սիրելի ուղեկիցը եղաւ: Հեռաւոր գիւղի մը եկեղեցւոյ կամ վանքի մնացորդները իրեն համար այցելութեան եզակի վայրեր էին: Ան սիրեց ուխտի երթալ Մշոյ Սուլթան Սուրբ Կարապետին ու մրմնջել Կանաչեանի երգը. «Չանկլի, զիմ մուրազը տուր®»:
Տարիներու պտոյտներու եւ ընթերցումներու արդիւնքը սկսաւ արտադրել: Պոլսահայ մամուլի էջերը դարձան իր նոր աշխատանքի վայրերը: «Ժամանակ»-էն «Մարմարա», «Քուլիս»-էն «Սուրբ Փրկիչ» լոյս տեսան իր ուղեւորութեան նօթերը, յուշագրութիւնները եւ համեստ ուսումնասիրութիւնները: Կատարեց նաեւ թարգմանութիւններ: Պատմուածքներ թարգմանեց, նաեւ` գիրքեր: Ունէր այն համոզումը, որ հայ գիրն ու գրականութիւնը պէտք է ճանչնային նաեւ Թուրքիոյ թուրք, քիւրտ, ալեւի եւ այլ հաւաքականութիւնները: Եւ այս համոզումին նուիրեց իր կեանքին մնացեալ տարիները:
Տարիներ ետք գործի կեանքէ հանգստեան կոչեց ինքզինք: Եւ Վերին Կարգադրութիւնը անգամ մը եւս եկաւ միջամտել իր կեանքին. մէկտեղուեցան Հրանդ Տինքին հետ: Յետ խորհրդակցութեանց, ընկերներու ալ համատեղումով, լոյս աշխարհ բերին «Ակօս» շաբաթաթերթի անդրանիկ թիւը: Այսպէսով «Ակօս»-ը ունեցաւ երկու «պարոն»-ներ` «Պարոն Հրանդ» եւ «Պարոն Սերովբեան»:
Եղաւ խմբագիրը թերթին հայերէն բաժնին: Խմբագրատան իր համեստ սեղանը եղաւ այցելութեան մնայուն վայրը այն բոլոր այցելուներու, որոնք ունէին հարցում մը Անատոլուի գիւղի մը, աւանի մը մասին, իր ընտանիքին մասին, վանքի մը մասին կամ հայկական աւանդութեանց մասին:
Ծանրագոյն հարուածը ապրեցաւ, երբ կորսնցուց իր սիրելի ընկերը` Հրանդ Տինքը: Մինչեւ վերջին օրերը Սարգիս Սերովբեան եղաւ «Ակօս» ընտանիքի աւագագոյն անդամը:
Որպէս «Հայճար» խումբի անպաշտօն «խմբապետ», ամէն տարի ուղեցոյց եղաւ դէպի գաւառ կատարուած պտոյտներու: Հակառակ տարիքին, այդ ուխտագնացութիւն-պտոյտները իրեն նոր կորով, նոր աւիշ ներարկեցին:
Ողջ կեանքին ընթացքին ունեցաւ երկու սկզբունք`
բարձր պահել պապենական պատիւը եւ
երբեք չխոնարհիլ անարդարութեան դէմ: