Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Մենք Կը Յարգենք Միայն Ինքզինք Եւ Մեզ Յարգողը

Ապրիլ 11, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

4-09-15_vahoՌուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ 24 ապրիլին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած արարողութեան մասնակցելու համար Վլատիմիր Փութինի Երեւան այցելութեան հարցը տակաւին կը քննարկուի, եւ որոշում տալու պարագային,  իրենք պիտի կատարեն համապատասխան յայտարարութիւն: Սակայն իրենք արդէն համապատասխան յայտարարութիւնը կատարած էին: Նոյնինքն Փեսքով 12 մարտին այդ առնչութեամբ ԱՖՓ-ի հարցումին յստակ կերպով պատասխանած էր` «Այո՛, ան պիտի մեկնի Երեւան», աւելցնելով, որ Փութին Հայաստանի նախագահին հետ այս հարցը քննարկած է հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին:

Կամայականութի՞ւն է, ի՞նչ պատահեցաւ: Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդած էր, որ Փութին 17 մարտին Թուրքիոյ նախագահին հետ ունեցած է 30 վայրկեան տեւողութեամբ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին կարճ անդրադարձ կատարուած է «1915-ի դէպքերուն»: Ըստ երեւոյթին, Փութին-Սարգսեան հեռաձայնային զրոյցէն հազիւ 5 օր ետք տեղի ունեցած Փութին-Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Փեսքովի ԱՖՓ-ին կատարած յայտարարութեան, եւ Թուրքիոյ նախագահը Փութինին կոչ ուղղած է` չայցելելու Երեւան, վստահաբար նշելով, որ այդ այցելութիւնը կը վնասէ ռուս-թրքական յարաբերութեանց, ինչպէս նաեւ` հայ-թրքական հաշտութեան հեռանկարին:

Այս երկուքին մէջ Փութինի համար ամէնէն կարեւորը բնականաբար ռուս-թրքական յարաբերութիւններն են, մանաւանդ` «Թրքական հոսք»-ի նման ռուս-թրքական տնտեսական ծրագիրներու եւ անոնց զուգահեռ Ռուսիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցներու լոյսին տակ:

Հայաստանի ռազմավարական գործընկերոջ, ՀԱՊԿ-ի, ԱՊՀ-ի եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ Ռուսիոյ նախագահին ապրիլ 24-ին Երեւանէն բացակայութիւնը պիտի ըլլայ անընդունելի երեւոյթ մը եւ ոչ միայն Հայաստանի նախագահին, այլեւ աշխարհասփիւռ հայութեան նկատմամբ խիստ վիրաւորական վերաբերմունք մը, որուն համար որեւէ բացատրութիւն անտեղի ու մերժելի է:

Դժբախտաբար Քրեմլինի մէջ գոյութիւն ունի Հայաստանի նկատմամբ անարգալից վերաբերմունք մը, որուն բնական արտայայտութիւնը եղաւ Քրեմլինի մօտիկ անձնաւորութիւն եղող Վլատիմիր Ժիրինովսքիի այն խօսքը, թէ` «առանց Ռուսիոյ` այդ երկիրը (Հայաստանը, Վ.Է.) դէմ առ դէմ պիտի մնայ Իրանի եւ Թուրքիոյ հետ»:

Քաղաքականութեան մէջ այլ բաներու կողքին կարեւոր է նաեւ վարկը: Յուսանք Քրեմլինի ղեկավարները իրենց կատարելիք քննարկումին ընթացքին նկատի ունենան նաեւ այդ իրողութիւնը: Յամենայն դէպս յստակ է, թէ առանց Փութինի Երեւան եկող ռուսական պատուիրակութիւնը ի՛նչ մակարդակի վրայ եւ ի՛նչ թիւով ալ ըլլայ, լաւագոյն պարագային` 2 աստղանի պանդոկի մէջ կրնայ հիւրընկալուիլ: Այդ պատուիրակութիւնը կարելի չէ մեծարել: Այդ մէկը անտեղի է եւ սրտխառնուք պատճառող ստրկամտութիւն: Հայերս հիւրասէր ժողովուրդ ենք, սակայն կը յարգենք միայն ան, որ նախ եւ առաջ ինքզինք, ապա եւ մեզ կը յարգէ:

 

 

 

Նախորդը

Մասնակցութեամբ Լիբանանահայ Ուսուցիչներու Եւ Լրագրողներու. Աղուերանի Մէջ Աւարտեցաւ «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»-ի Զարգացման Նպաստող Ծրագիրը

Յաջորդը

Խնդիրը Քաղաքական Կամքի Բացակայութիւնն Է (Ոչ Թէ Ապացոյցի)

RelatedPosts

Դէպի Ո՞ւր. Ի՞նչ Կրնանք Ընել
Անդրադարձ

Ազգային-Պետական Ծրագիր Կա՞յ, Ի՞նչ Բովանդակութիւն Ունի Ան

Յունիս 3, 2023
Անմիտ Ընկերոջ Ստեղծած Վտանգը
Անդրադարձ

Անմիտ Ընկերոջ Ստեղծած Վտանգը

Յունիս 3, 2023
Ի Յիշատակ Վերժին Մանճեան-Գարագաշեանի
Անդրադարձ

Ի Յիշատակ Վերժին Մանճեան-Գարագաշեանի

Յունիս 3, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In