Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խնդիրը Քաղաքական Կամքի Բացակայութիւնն Է (Ոչ Թէ Ապացոյցի)

April 11, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Անցնող տարուան յուլիսին, այսինքն` Ուքրանիոյ արեւելեան նահանգներուն մէջ տեղի ունեցող արիւնալի բախումներուն ընթացքին, Մալեզիական օդային գիծերուն պատկանող ճամբորդատար օդանաւ մը ջախջախուեցաւ նշեալ շրջանին մէջ: Անձնակազմի բոլոր անդամներն ու ճամբորդները սպաննուեցան:

Արեւմտեան քարոզչական միջոցները ոչ իսկ երկվայրկեան մը ուշացան եւ մօտաւորապէս երկու շաբաթ անդադար Ռուսիոյ դէմ ինչեր ըսես չըսին` առանց ապացոյցի նշոյլ մը հրապարակելու: Ռուսիոյ օդանաւորդութեան մասնագէտներ հրապարակեցին իրե՛նց ձեռքին տակ գտնուող տուեալները` ռատարներու արձանագրութիւններ եւ այլն, պահանջելով, որ «միւս» կողմը եւս հրապարակէ իր տուեալները: Արեւմուտքը, իբրեւ ուղղակի շահագրգիռ կողմ Ուքրանիոյ հարցով, տրամաբանական է, որ խնդրոյ առարկայ շրջանը պահէր իր ուշադրութեան կիզակէտին վրայ` իր տեղեկահաւաք թեքնիք միջոցներով: Հետեւաբար այս ողբերգական դէպքին առարկայական ծալքերէն (թէ ի՞նչ եւ ինչպէ՞ս պատահեցաւ) տեղեակ էին Արեւմուտքի մէջ:

Դէպքէն քանի մը օր ետք ջախջախուած օդանաւին երկու սեւ տուփերը (որոնք, ի դէպ, սեւ չեն, այլ` նարնջագոյն) փոխանցուեցան ՕԹԱՆ-ի անդամ Հոլանտայի մասնագէտներուն, որոնց յանձնուած էր արկածին քննութիւնը: Իւրաքանչիւր ճամբորդատար օդանաւի մէջ գտնուող այս տուփերէն մէկը կը պարունակէ օդաչուներու խցիկին մէջ կայացած բոլոր խօսակցութիւններուն արձանագրութիւնները, իսկ երկրորդը թռիչքի թեքնիք տուեալները` բարձրութիւն, արագութիւն, ուղղութիւն եւ այլն:

Աւելի քան 8 ամիս անցած է այս դէպքէն եւ ցարդ ոչ մէկ տեղեկութիւն հրապարակուած է արկածին պատճառներուն մասին: Քար լռութիւն կը տիրէ արեւմտեան կողմն աշխարհի:

Մօտաւորապէս երկու շաբաթ առաջ, սակայն, GermanWings ընկերութեան պատկանող «Էրպաս» տիպի օդանաւ մը ջախջախուեցաւ Ֆրանսայի մէջ` պատճառ դառնալով 150 հոգիի մահուան: Մէկուկէս օր ետք օդաչուներու խցիկին ձայնային արձանագրութիւններէն երեւան եկաւ այն, ինչ որ հիմա ամբողջ աշխարհ տեղեակ է. օգնական օդաչուն հոգեկան-հոգեբանական լուրջ հարցեր ունէր եւ օգտուելով գլխաւոր օդաչուին կարճատեւ բացակայութենէն` ան օդանաւը տարած էր ջախջախումի:

Աչքառու հակասութիւն մը կայ հոս, չէ՞: Մինչ մալեզիական օդանաւին դէպքին շուրջ լռութիւն կը տիրէ աւելի քան 8 ամիս անց (նոյնիսկ մոռացութեան մատնուած է… առայժմ), գերմանական օդանաւին պարագային մէկուկէս օր ետք հիմնական տեղեկութիւնները բացայայտուեցան եւ հրապարակուեցան:

Սա ի՞նչ կը նշանակէ:

Ի շարս բազմաթիւ բաներու` մէկ հիմնական բան: Մինչ առաջինին պարագային կամքը կը բացակայի, երկրորդին պարագային` ոչ: Առաջին պարագան կը պարունակէր քաղաքական շահագործումի տարրեր, սակայն երկրորդին մէջ չկային այդ տարրերը: Առաջինին պարագային, չկար քաղաքական կամքը արարքին հեղինակ(ներ)ը երեւան հանելու, իսկ երկրորդին պարագային, կա՛ր այդ կամքը:

Ահաւասիկ կը հասնինք մեր այսօրուան բո՛ւն նիւթին:

Քանի մը շաբաթ առաջ Երեւանի մէջ սպաննուեցաւ ոմն երրորդմասցի Լէովիկ անունով մէկը` իր երկու ընկերներուն հետ (այս չէ անշուշտ մեր նիւթը): Հաւանաբար գողական աշխարհէն ներս ներքին հերթական հաշուեյարդար էր եղածը: Պետական համապատասխան մարմինները քննութիւն բացին եւ քանի մը օր ետք կատարեցին շարք մը ձերբակալութիւններ: Այսինքն ոճիրը անյայտ չմնաց, եւ քննութիւնները կրնան յաւելեալ մանրամասնութիւններ սփռել դէպքին մասին: Մնացածը դատ-դատաստանի խնդիր է:

Սակայն ցարդ անլոյծ կը մնայ Պռօշեանի գիւղապետ Հրաչ Մուրատեանի սպանութեան պարագան: Ոճիրը տեղի ունեցաւ երկու տարի առաջ, գրեթէ այս օրերուն (ապրիլ 1-ին), ցերեկով, նոյն գիւղին մէջ: Պռօշեանը Երեւան չէ. իր չափով հաւանաբար տեղաւորուի Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին եւ քովնտի մէկ երկու թաղերու տարածութեան մէջ: Բայց մինչեւ այսօր ոչ մէկ հաւաստի տուեալ կայ ըլլա՛յ բլթակը քաշած յանցագործին, ըլլա՛յ հաւանական պատուիրատուին կապակցութեամբ: Պետական համապատասխան սպասարկութիւնները բան չըսող «քննութիւնները կը շարունակուին» խօսքէն զատ ոչինչ ունին ըսելիք, մոռնալով, որ իրենց այս կեցուածքով Հայաստանի Հանրապետութեան օրինապահ ու օրինական համակարգին հաւաստիութիւնը կը սկսի զերոյի հաւասարիլ:

Այս յօդուածագրին խոր համոզումով, քաղաքական կամքի բացակայութեան խնդիր կայ հոս: Տրամաբանական չէ, որ գիւղի մը մէջ օր ցերեկով եւ հրազէնով մարդ սպաննուի (այս պարագային` գիւղապետը) եւ պետական համապատասխան մարմինները երկու տարի անճրկած մնան, գլուխնին քերեն` թէ ո՞վ սպաննեց կամ սպաննել տուաւ Հրաչ Մուրատեանը…

Այս ոճիրին անյայտ մնալը մուր է` քսուած Հայաստանի Հանրապետութեան ճակտին: Ի վերջոյ, Հայաստանի շահերուն համար շատ ալ տաք-պաղ չ՛ըներ, թէ ո՞վ խորտակեց մալեզիական օդանաւը Ուքրանիոյ մէջ: Բայց մեր երկրին ներքին ու արտաքին հաւաստիութեան համար, բայց մանաւանդ արդարութեա՛ն համար, իշխանութիւնները պարտաւոր են բացայայտել Հրաչ Մուրատեանի սպանութեան ծալքերը եւ սրբել այս մուրը մեր երկրին ճակտէն:

 

Լոս Անճելըս,

Ապրիլ 1, 2015

[email protected]

 

Նախորդը

Տեսակէտ. Մենք Կը Յարգենք Միայն Ինքզինք Եւ Մեզ Յարգողը

Յաջորդը

Արշաւիր Շիրակեան (1900-1973) Ահաբեկումէ Մը Շատ Աւելին Էր… «Կտա՜կն Էր Նահատակներուն»

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.