Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վրէժուհի Գաբրիէլեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

Ապրիլ 11, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցունքոտ աչքերով կը գրեմ այս տողերս, սիրելի՛ մայրս, խոստովանելով, որ չէի անդրադարձած, թէ առիթը պիտի չունենամ անձամբ իմ երախտագիտութիւնս յայտնելու քեզի` քու անսահման զոհողութիւններուդ ու գուրգուրանքիդ համար:

Աստուածավախ եւ բարեպաշտ էիր, նուիրեալ ու աննման մայր մը, որ միշտ առաջնահերթ նկատեցիր ընտանիքդ, զաւակներդ ու թոռներդ:

Տքնաջան աշխատանք տարիր, որպէսզի մենք ստանանք հայեցի դաստիարակութիւն եւ բարձր մակարդակի ուսում: Մեր յաջողութիւնը մեծագոյն ուրախութիւնն էր քեզի համար:

Ընտանիքիդ կողքին, սակայն, չմոռցար ազգդ ու անոր ծառայելու պարտաւորութիւնը: Ամբողջ կեանքիդ տեւողութեան օգնեցիր կարիքաւորին եւ եղար եկեղեցիիդ կողքին` ծառայելով Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան: Պատերազմի օրերուն ճիգ չխնայեցիր` օգնելով «Նիկոլ Դուման» ակումբի զինեալ տղոց:

Մահուանդ քառասունքին առիթով, վշտահար եւ ընկճուած` կու գանք խոնարհելու Աստուծոյ կամքին առջեւ, բայց կը դժուարանանք հաւատալ, թէ դուն այլեւս չկաս: Կ՛ընդվզինք ու կը բողոքենք այն դառն կացութեան դէմ, որ քեզ մեզմէ խլեց ու տարաւ:

Զաւակներուդ ու հարազատներուդ համար դժուար է ընդունիլ, որ այլեւս դուն մարմնով չկաս: Քու բացակայութիւնդ միշտ պիտի զգանք, քու անունդ յաճախ մեր շրթներուն վրայ պիտի ըլլայ, քու գեղեցիկ, անմեղ պատկերդ յաւերժ յստակ մեր երեւակայութեան մէջ պիտի ապրի ու քու ձայնդ դեռ լսելի պիտի ըլլայ:

Հաւատքդ քեզ հազարաւոր մղոններ հեռու տարաւ, երկինքի սուրբերուն քով, որոնց ուխտեցիր, աղօթեցիր գիշեր-ցերեկ:

Երկրաւոր պայքարդ վերջ գտաւ ալ, սիրելի՛ մայրս: Հիմա դուն պիտի հանգչիս յաւիտեան: Դուն ալ գացիր, որպէսզի երկնակամարին վրայ լուսաւոր ու յուսատու աստղ մը աւելնայ:

Հողը թեթեւ գայ վրադ:

Միշտ սիրով
Դուստրդ ՍԻՐԱՆ

Նախորդը

Ազգային Հպարտանք

Յաջորդը

Սարգիս Սերովբեանի Կենսագրական Գիծերը

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?