ԼԵՒՈՆ ԱՐՏԱԶԵԱՆ
Դարու մը խորքէ՛ն կ՛արձագանգէ դեռ
Ճակտի գիրն այն սեւ, որ շուրջառ նետած
Հայուն ուսերուն, առաջնորդեց զայն
Բազմերես մահուամբ դէպի Գողգոթայ:
Տապարն էր խրուած Անոր բունին մէջ.
Աւիշը հեղեց, իսկ մրրիկն ահեղ
Ժողվեց ու տարաւ սերմերը որբուկ,
Ցիրուցան բաշխած օտար երկնի տակ:
Վերընձիւղեցի՛ն, արմատներն իրենց
Մխրճած անցեալ յիշողութեան մէջ,
Ուռճացած անոնք վրէժի ուխտով
Ջահը կտակած ծլած սերունդին:
Տարբեր ազգերու բեմերէն այսօր,
Հայը հրաբորբ հրաւէ՛ր կ՛ուղղէ
Գեհենի գոգին մէջ շղթայակապ
Նժարը ձեռքին` մա՛յր արդարութեան: