Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Քաջ ԼԵՄ-ական Հայկազո՛ւն «Դէպի Արդար Հատուցում»

April 22, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍՕՍԷ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

11178310_445543868953872_2308971489984801624_n«Արաբօ» մասնաճիւղի ԼԵՄ-ականներ արագ-արագ քալուածքով վերջին դասաւորումները կը կատարեն` ոգեկոչելու Ցեղասպանութեան 100-ամեակը Արագած եւ Սիս շրջանի հայորդիներու համար:

10388180_445544092287183_2042186314428161693_nԼԵՄ-ականները հոգեկան անձկութեան մէջ են` աշխուժ, վճռակամ իրենց արդար «ճիչը» պիտի ներկայացնեն հարազատներուն` «Դէպի արդար հատուցում» տեսլականով:

Կը հիանամ իրենց գեղեցիկ աչքերուն` հայու աչքերուն, հպարտ իրենց նայուածքով, ինքնավստահ, հպարտ ինքնութեամբ, գեղեցիկ տղաներ ու աղջիկներ: Փոթորկոտ, ճչացող հաստատակամ, բայց հաւասարակշռուած:

Հեւքը վերջացած է. կը լսենք ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը, որ կը հնչեցնէ զոյգ հայրենիքներու քայլերգները, շեփորախումբին կը հետեւի հոծ բազմութիւն մը` ամէն տարիքի, նորածինէն մինչեւ տարեցը: Ու յանկարծ նորածիլ «Հայկ» նուագախումբի առաջին ճչոցը.- «Ո՞ւր էիր Աստուած,

երբ աւերում էին չքնաղ մի երկիր,

Ո՞ւր էին Աստուած, երբ խենթացած ցաւից աղաչում էինք ամէն»: Կը լսենք ու կը յիշենք Սիամանթոյի «Ափ մը մոխիր հայրենի տուն» բանաստեղծութիւնը.

Ու մոխրացա՜ւ այն սենեակը կապոյտ…

Եւ այն առուակը, որ ծառերուն մէջէն կը հոսէր

Ցամքեցա՞ւ, ըսէ՛, ո՞ւր է ցամքեցա՞ւ, ցամքեցա՞ւ…

Ո՛չ, չցամքեցաւ, ահա 100 տարի վերջ 5-րդ սերունդը կը տեսնենք տեսերիզին մէջ (ԼԵՄ-ականներու կողմէ պատրաստուած) սիրունացած, աշխուժացած, կարծես ցորենի ծիլերը հասկերու վերածուած են, որովհետեւ հայ աշակերտներ միայն հայ դպրոցին մէջ կը ճանչնան հայութիւնը, Հայաստանը մանրանկարուած:

Միայն հայ ակումբին մէջ հերոսներու նկարներու ներշնչումով ու ոգիով կը ստանան` ամէն հայու սրտին մէջ դրոշմուած խորհրդանիշը` Մասիսը ազատագրելու կտակը:

Յաղթական երթով «Դէպի սրբազան լեռ կատարին»:

«Խաչով լինի, գրչով լինի, սրով լինի, պիտի գնանք, վաղ թէ ուշ»:

Դասախօսին պատգամներ` յիշել, յիշեցնել, պահանջել, ոչ միայն մեզի, այլ օտար վարժարան յաճախող աշակերտին, օտարներուն, գիտական լրջութեամբ իրաւական հիմունքներով:

Շատ ապրեցէք սիրելի՛ ԼԵՄ-ականներ Հայկազո՛ւն, ապրելով «սրտերնիդ չարիւնի», թեւեր առէք ձեր «ճիչը» հասցուցէք անտարբեր աշխարհին, որպէսզի սթափին եւ մեր պահանջքին ընդառաջեն:

Դուք ապրելով Սուրբ Քրիստոսի յոյսով, հաւատքով, բռունցք կազմեցէք, որպէսզի բացուի «ուրախ առաւօտը հայոց լեռներու կանաչ լեռներու…»:

… Ամէն:

 

20 ապրիլ 2015
Պուրճ Համուտ

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (22 Ապրիլ 1965)

Յաջորդը

Կ. Մանոյեան. «Առաւել Քան Երբեք Շեշտը Պէտք Է Դնել Պահանջատիրութեան Վրայ»

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.