24 ապրիլ 2015-էն քանի մը օրուան հեռաւորութեան վրայ ենք արդէն: 24 ապրիլ 2015-ին Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը պիտի ամբողջանայ եւ հայութիւնը` Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի կրկին իր իրաւատէրի ու պահանջատէրի ձայնը պիտի բարձրացնէ:
Լիբանանի գաղութը եւս արդէն շաբաթներէ ի վեր կը պատրաստուի 100-ամեակին` տարբեր նախաձեռնութիւններով, ձեռնարկներով, հանրային օտար կարծիք ձեւաւորելու միտող քայլերով: Այս բոլորը իրենց գագաթնակէտի հասան նախորդող օրերուն, երբ Լիբանանի տարբեր շրջաններուն մէջ նկատելի դարձան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած եւ 20-րդ դարու առաջին ու ահաւոր ցեղասպանութեան մասին աղաղակող պաստառներով, որոնք ո՛չ միայն հաւաքական ու հայկական նախաձեռնութեան արդիւնք են, այլ նաեւ անհատական ու տեղական:
Լոկ մէկ կամ քանի մը նկար ու խօսք մը, հաստատում մը, յիշեցնելու եւ յիշողութիւնը վառ պահելու կոչեր, որոնք խոր ու անմիջական պատգամներ կը բովանդակեն:
Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ պաստառներէն օրինակներ, որոնք կու գան անգամ մը եւս փաստելու, որ մարդկային իրաւունքը չի կորսուիր այդքան ատեն որ իրաւատէրը կը շարունակէ ըլլալ պահանջատէր: Եւ հայութիւնը ա՛յդ ժողովուրդն է, իսկ փաստը` նաեւ տեղական մակարդակի վրայ իր դատին համար եղած արձագանգները: