Քոլորատոյի Պոլտըր քաղաքը ապրիլ 24-ը պիտի հռչակէ «Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր», կը հաղորդէ «Տէյլի Քամերա» թերթը:
Պոլտըրի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճորճ Քարաքեհեան այս նպատակով երեքշաբթի, ապրիլ 7-ին կայացած խորհուրդին հանդիպումը բացաւ յիշատակի օրուան բանաձեւի ընթերցումով ու անոր կարեւորութիւնը մատնանշելով: Աշխատանք կը տարուի նահանգային մակարդակով եւս նման բանաձեւ մը վաւերացնելու: