Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կ. Մանոյեան. «Առաւել Քան Երբեք Շեշտը Պէտք Է Դնել Պահանջատիրութեան Վրայ»

Ապրիլ 22, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

e105b625e998246f4bb50d5074e3c40a-472x265ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան 20 ապրիլին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապին մատուցած պատարագը եւ ուղերձը, որով ան կոչ ուղղած է Թուրքիոյ` առերեսուելու սեփական պատմութեան հետ, եղաւ այն «ցունամին», որմէ Թուրքիա կը վախնար:

Խօսելով քաղաքական գնահատականներու մասին` Կիրօ Մանոյեան ընդգծեց, որ Թուրքիա իր վարած քաղաքականութեան իբրեւ հետեւանք տապալեց իր կառավարութեան կողմէ կազմակերպուող Կալիփոլիի ճակատամարտի 100-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնները:

«Այս ծովաշարժը պիտի շարունակուի նաեւ յառաջիկայ օրերուն Երեւանի մէջ կայանալիք ձեռնարկներուն ընթացքին: Պէտք է շեշտել նաեւ, որ Թուրքիա տապալեց նաեւ իր իսկ նախաձեռնութիւնը, որ Կալիփոլիի 100-ամեակը նշելը շուքի մէջ պիտի ձգէր Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները: Սակայն այդպէս չեղաւ: Հակառակը, Թուրքիոյ նախաձեռնութիւնը աւելի ընդարձակեց եւ շեշտեց միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան վրայ», ըսած է Կիրօ Մանոյեան:

Ան նշած է, որ 22-24 ապրիլին Հայաստան պիտի  ժամանեն մեծաթիւ գիտնականներ, պատմաբաններ, քաղաքական գործիչներ, պետութիւններու ղեկավարներ: Այս փաստը, ըստ Մանոյեանի, աւելի կը հզօրացնէ ստեղծուած ծովաշարժը:

Անդրադառնալով մեր պահանջատիրութեան հարցին` Կիրօ Մանոյեան հաստատած է, որ 24 ապրիլէն ետք պէտք է շարունակել աշխատիլ այնպէս, ինչպէս աշխատած ենք ցարդ, մէկ տարբերութեամբ միայն, որ հիմա շեշտը պէտք է դրուի ոչ միայն Ցեղասպանութեան ճանաչման, այլ նաեւ պահանջատիրութեան վրայ: «Մենք պէտք է համազգային համախմբութիւն ունենանք` որոշակի ի՞նչ պիտի պահանջենք Թուրքիայէն: 24 ապրիլէն ետք մենք պէտք է շարունակենք հատուցումներու խնդիրը», ընդգծած է ան:

Կիրօ Մանոյեան անդրադարձած է նաեւ այն հանգամանքին, որ երբ որեւէ պետութիւն կ՛ընդունի Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւ, Թուրքիա կը սպառնայ խզել իր յարաբերութիւնները այդ երկրին հետ: «Թուրքիա իր յարաբերութիւնները ոչ մէկ պետութեան հետ կը խզէ, որովհետեւ նախ եւ առաջ կը գերադասէ սեփական շահերը: Թերեւս  ժամանակաւորապէս երկու-երեք ամիսով սառեցուին յարաբերութիւնները Ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրներու հետ, բայց յետոյ արդէն այդ յարաբերութիւնները բնականոն հունի մէջ կը մտնեն կրկին», եզրափակած է  ան:

Անդրադառնալով Մահճուբեանը աշխատանքէ  արձակելուն` Կիրօ Մանոյեան ըսած է. «Թուրքիոյ մէջ ապրող հայերը միշտ ալ վտանգի տակ են, որովհետեւ պատանդի կարգավիճակի մէջ են: Մահճուբեանն ալ բացառութիւն չէ, եւ կատարուածը ցոյց տուաւ, որ Թուրքիոյ մէջ  նոյնիսկ այդ բարձրագոյն մակարդակի վրայ չեն կրնար հանդուրժել մէկը, որ ազգութեամբ հայ է եւ Ցեղասպանութեան հարցին մասին պետական քաղաքականութենէն տարբեր կարծիք ունի: Թուրքիա աշխատանքէ արձակեց Մահճուբեանը` զայն պատժելու այդ յայտարարութեան համար»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Միացեալ Նահանգներու  նախագահը 24 ապրիլի իր աւանդական ուղերձին մէջ պիտի արտասանէ՞ «ցեղասպանութիւն» եզրը, Կիրօ Մանոյեան պատասխանած է. «Միացեալ Նահանգներու  նախագահը ինք խօսք տուած է, որ կ՛արտասանէ, իսկ եթէ չ՛ուզեր իր խոստումը կատարել, ատիկա իր խնդիրն է»: Կ. Մանոյեան աւելցուցած է. «Եթէ մինչեւ 9 մայիս, երբ Ուաշինկթընի մէջ տեղի պիտի ունենան ամերիկեան գլխաւոր ձեռնարկները, որոնց կը մասնակցին նաեւ մեր երկու կաթողիկոսները, եւ  ատիկա առիթ կ՛ըլլայ այդ հարցին անդրադառնալու անգամ մը եւս, կը կարծեմ, եթէ չըսէ մինչեւ 9 մայիս, մենք պէտք է ոչ միայն չհետաքրքրուինք եւ ալ չդիմենք այդ հարցով, այլ ըսենք, որ չենք ալ ուզեր, որովհետեւ փաստ է այլեւս, որ եթէ Թուրքիոյ նախագահը ըսէ, Միացեալ Նահանգներու  նախագահն ալ կ՛ըսէ»:

Կիրօ Մանոյեան աւելցուցած է. «Այս բոլորը պէտք է հասկնայ Միացեալ Նահանգներու  նախագահը, որպէսզի ծիծաղելի վիճակի մէջ չյայտնուի: Միացեալ Նահանգներու  օրէնսդիր մարմինները քանի մը անգամ ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութեան փաստը եւ կոչ կ՛ուղղեն  նախագահին, որպէսզի ան եւս արտաքին յարաբերութիւններուն մէջ այդ ոճիրը անուանէ իր իսկական անունով` ցեղասպանութեամբ: Այսինքն` ճիշդ չէ ըսել, թէ Միացեալ Նահանգներ չէ ճանչցած  Հայոց ցեղասպանութիւնը, քանի որ Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիր մարմինը ճանչցած է, սակայն գործադիր մարմինը` որոշ պատճառներէ մեկնելով, կը հրաժարի օգտագործելէ այդ բառը», ընդգծած է Կ. Մանոյեան:

Խօսելով Թուրքիոյ վարած քաղաքականութեան եւ  այն յայտարարութեան մասին, թէ պատրաստ է իր արխիւները բանալու բոլորին առջեւ` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը նշած է, որ ատոնք նոր յայտարարութիւններ չեն եւ լուրջ հիմք չունին:

«Ես երեսուն տարի է այս գործին մէջն եմ, եւ  երեսուն տարուան մէջ առնուազն քսանհինգ անգամ տարբեր ղեկավարներ` Էրտողանէն շատ առաջ ալ, յայտարարած են, որ` բացինք, կը բանանք, պիտի բանանք արխիւները: Փաստը հետեւեալն է` կան արխիւներ, եւ մինչեւ արխիւներու բացուիլը, բացուելէն ետք, ինչպէս նաեւ ընթացքին ատոնք կը մաքրազտուին», ընդգծած է Մանոյեան:

Անոր բնորոշումով` թուրքերը այդ ամէնը կ՛ընեն պարզապէս ցոյց տալու, որ իբր թէ քայլ կ՛առնեն, սակայն բոլորին յայտնի է, թէ ատոր հիմքին մէջ ինչ կայ: «Անոնց ռազմական արխիւները փակ են,  ատիկա ակնյայտ է, սակայն պէտք է նկատի ունենանք, որ կարեւոր է նաեւ այն, որ փակ են նաեւ անոնց գրանցամատեանի արխիւները, ուր յստակ ըսուած է, որ այս հատուածը կը պատկանի այս մարդուն, այս կալուածը կը պատկանի այս մէկուն», նշած է Մանոյեան:

Ըստ անոր, այս հանգամանքին վրայ առաւել շատ պէտք է կեդրոնանալ:

Նախորդը

Նշմար. Քաջ ԼԵՄ-ական Հայկազո՛ւն «Դէպի Արդար Հատուցում»

Յաջորդը

Տեսակէտ. Ոչ Անկեղծ «Ցաւակցական Ուղերձ» Մը Եւս

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ.  Յուշեր Եւ Վկայութիւններ – 4 –
Անդրադարձ

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ. Յուշեր Եւ Վկայութիւններ – 4 –

Մարտ 31, 2023
Բժիշկներու Միջազգային Օրուան Առիթով.    Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը
Անդրադարձ

Բժիշկներու Միջազգային Օրուան Առիթով. Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը

Մարտ 31, 2023
Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Գարեգին Պուճիքանեան
Անդրադարձ

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Գարեգին Պուճիքանեան

Մարտ 31, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In