Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Թուրքիա Չի Վարանիր Տգեղ Դէմքը Ցուցադրելու

Ապրիլ 22, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

4-21-15_Turkey-cartoonԵթէ աշխարհը մոռցած էր, կամ կը փորձէ անտեսումի տալ Թուրքիոյ ոճրային ուղեղը արտացոլացնող տգեղ դէմքը, Թուրքիոյ պետական վարիչները, նախագահով, նախարարներով, պետական այլ դէմքերով ու «մտաւորական»-ներով, վերջին շաբաթներուն բազմաթիւ առիթներ ունեցան իրենց իսկական դիմագիծը ցուցադրելու աշխարհին: Զայն չտեսնելու համար, պէտք է ըլլալ կոյր, տկարամիտ, կամ… վարագոյրին ետին կանգնած մեղսակից:

100-ամեայ պատմական ճշմարտութեան մը` Ցեղասպանութեան մասին հաստատում ընող պապը, Եւրոպական խորհրդարանն ու այլ բեմեր արժանացան Թուրքիոյ սպառնալիքներուն: Հաւանաբար թուրք պետական մարդիկը պահ մը մինչեւ իսկ մտածեցին պապին յիշեցնել տխրահռչակ Մեհմետ Ալի Աղճա անունը: Ի վերջոյ, թուրք պետութեան ոճրածին տրամաբանութիւնը նման բաներէ չի խորշիր:

Աշխարհը, եթէ յիշողութեան տկարութեան ախտէ չի տառապիր, հաւանաբար կրնայ վերյիշել, թէ Թուրքիոյ նախկին վարչապետներ ու զինուորական հրամանատարներ ինչպիսի՜ հակազդեցութիւններ ունեցած են, յաճախ` ծիծաղելի ըլլալու գնով, ամէն անգամ, որ երկիր մը կամ միջազգային համախմբում մը յարած է Ցեղասպանութիւնը յուշող ճշմարտութեան լոյսին: Դիւանագիտական ներկայացուցիչի տուն դարձը կամ առեւտրական-զինուորական գործակցութեան խզման սպառնալիքները (չմոռնանք նաեւ օրուան վարչապետ Էճեւիտի` «Ռընօ» ինքնաշարժէն հրաժարելու պատմակա՜ն որոշումը) թաքուն ծիծաղներ տարածած են Ֆրանսայէն մինչեւ եւրոպական այլ երկիրներ, կտրած են ովկիանոսներ, իբրեւ թէ պատանդ բռնելով Ուաշինկթընն ու անոր մէկ քանի դաշնակիցները: Վաղը, Ա. Աշխարհամարտի օրերու գլխաւոր դաշնակիցը` Գերմանիան ալ կրնայ թիրախ դառնալ…

Եթէ Թուրքիա ծիծաղելի դառնալու մէջ օգնութեան պէտք չունի, այլ կրնայ առանձինն գլուխ հանել այդ «սխրագործութիւնը», անդին, ան սկսած է ծիծաղելիութեամբ վարակել իր կարգ մը բարեկամները: Նորագոյն առիթը` Կալիփոլիի ճակատամարտին ոգեկոչումը 24 ապրիլին կատարելու որոշումն էր, որ Թուրքիոյ չափ, նոյնիսկ իրմէ աւելի՛ ծիծաղելի դարձուց քանի մը երկիրներ: Երբեմնի հզօ՜ր Անգլիոյ ժողովուրդը ինչպէ՞ս կը հանդուրժէ, որ իր կայսրութեան խորհրդանիշը հանդիսացող անձնաւորութիւն մը մասնակից դառնայ ժամանակաւոր յաղթանակ մը ոգեկոչելու Թուրքիոյ նախաձեռնութեան, երբ նոյն այդ ճակատամարտը աղէտալի եղած է Անգլիոյ ու դաշնակիցներուն համար: Հաւանաբար հեքիաթագիրը անգլիացի թագակիր մը ի մտի ունէր, երբ կը գրէր իր մերկութիւնը չտեսնող թագաւորի մը մասին…

Մէկ բան յստակ է. մեր երթը նոր յաղթանակներ կ՛արձանագրէ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին, իսկ Թուրքիա կ՛ենթարկուի աղաղակող պարտութիւններու եւ դատապարտանքի: «Հիւանդ մարդ»-ուն այսօրուան ժառանգորդները չեն կրնար խուասափիլ չեքմէյթէն, որովհետեւ անոնց ոճիրներուն կրկնութիւնները` Միջին Արեւելքի տարածքին, հաւասարապէս պիտի քողազերծէ Թուրքիոյ պետութեան տգեղ դիմագիծը:

Ու մենք ճիգ պիտի չխնայենք այդ բացայայտումը կատարելու համար:

 

 

Նախորդը

Տեսակէտ. Ոչ Անկեղծ «Ցաւակցական Ուղերձ» Մը Եւս

Յաջորդը

100-Ամեակին Առիթով «Ազդակ-Արաբերէն»-ի Բացառիկի Բովանդակութիւնը

RelatedPosts

Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան Յոբելեանին Առթիւ
Անդրադարձ

Համազգայինի 95-Ամեակ. Մարտահրաւէրներ

Մարտ 23, 2023
Շրջափակման Պատճառով Արցախի Տնտեսութեան Հասած Է 190 Միլիոն Տոլարի Վնաս, 9800 Անձեր Անգործ Մնացած Են
Անդրադարձ

Շրջափակման Պատճառով Արցախի Տնտեսութեան Հասած Է 190 Միլիոն Տոլարի Վնաս, 9800 Անձեր Անգործ Մնացած Են

Մարտ 23, 2023
«Ապառաժ»-ի Խմբագրական.  Արցախը Առանցք Դարձնելը` Անշրջելի Հրամայական
Անդրադարձ

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Արցախը Առանցք Դարձնելը` Անշրջելի Հրամայական

Մարտ 23, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In