ՇՈՂԻԿ ԱՇԸԳԵԱՆ
Ամէ՛ն ապրիլին,
Մեծ հօրս ծեր խնձորենին
Ճերմակ կը զուգուի:
Ինծի կը թուի`
Մեծ հօրս առաջին սէրը ,
Գաղթի ճամբայէն տուն վերադառնալով`
Կրկին հարսնացած` կը տնաւորուի:
Ամէ՛ն ապրիլին
Այդ նազենի ծառին
Դալար ճիւղերը քնքուշ զեփիւռէն
Ճերմակ կ՛օրօրին:
Ինծի կը թուի`
Մեծ հօրս խորտակուած տունը
Նոր օրօրներով կը վերականգնի:
Ամէ՛ն ապրիլին,
Մեր ծեր խնձորենին
Թերթիկ առ թերթիկ
Ճերմակ կ՛արիւնի.-
Կարծես պիտ՛ հատնի,-
Անլուր պայթիւնով, կանաչ
Կը վերածնի:
Ամէն ապրիլին
Իմ մէջ կամայ-ակամայ
Ճերմակ պոռթկումի անթիւ մորճիկներ
Կարմիր կ՛ընձիւղին:


