Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Ոչ Անկեղծ «Ցաւակցական Ուղերձ» Մը Եւս

April 22, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-22-15_vahoԹուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու ապրիլ 24-էն չորս օր առաջ հրապարակեց ուղերձ մը` «օսմանցի հայերուն» յիշատակի ոգեկոչման համար: Այս մէկը 23 ապրիլ 2014-ին օրուան վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ յղած «ցաւակցական ուղերձ»-էն ետք` իր տեսակին մէջ 2-րդն էր, երեւոյթ մը, որ մտածել կու տայ, թէ առնուազն Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան իշխանութեան տակ կրնայ վերածուիլ ամէնամեայ աւանդութեան:

Թուրքիոյ վարչապետին ապրիլքսանչորսեան ուղերձի մը հաւանականութեան մը ակնարկելն ու զայն հրապարակելը մէկը եղաւ: Այդ աճապարանքը կարելի է վերագրել աշխարհի տարածքին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ծովաշարժին «վնասները» կարելի եղած սահմաններուն մէջ մեղմացնելու փորձին:

Տաւութօղլուն ճիշդ է, երբ կ՛ըսէ. «Թուրքիոյ եւ Հայաստանի կողմէ «օսմանցի հայերու» յիշատակի միացեալ ոգեկոչում մը աւելի իմաստալից պիտի ըլլար», սակայն տակաւին ատկէ շատ հեռու ենք, որովհետեւ, թէեւ «Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին պատահածին պատճառներն ու յանցագործները» ոչ թէ «կարելի է ճշդել»` այլ ճշդուած են, սակայն թուրք ղեկավարները, հակառակ Տաւութօղլուի պնդումին, տակաւին «անցեալին հետ անկեղծօրէն առերեսուիլը» կարեւոր չեն նկատեր:

Տաւութօղլուն երբ խնդրայարոյց կը նկատէ «ամէն բան մէկ բառով սահմանափակելը եւ պատասխանատուութիւնը միայն թուրք ժողովուրդին ուսերուն բեռցնելը», այդպիսով կու գայ վկայելու, որ «օսմանցի հայերուն» յիշատակը յարգելուն մէջ անկեղծ չէ, որովհետեւ յանցագործին կողքին զոհը եւս պատասխանատու կը նկատէ գործուած յանցանքին համար: Ըստ Տաւութօղլուի, անոնք ապստամբած են. եթէ այդպէս է, ապա ինչո՞ւ իրերայաջորդ 2-րդ տարին ըլլալով ցաւակցութեան ուղերձ կը յղուի «պատիժի արժանի ապստամբներուն»` այդ ալ Թուրքիոյ գործադիր իշխանութեան ղեկավարի մակարդակով: Այդ մէկը յաւելեալ փաստ մըն է, թէ նշեալ ուղերձները պարզապէս կեղծաւորութիւն են:

Հայերը չապստամբեցան, այլ իրենց տրամադրութեան տակ եղող խիստ սահմանափակ միջոցներով ինքնապաշտպանութեան իրենց սրբազան իրաւունքը օգտագործեցին հոն, ուր առիթը ունեցան: Վանի, Մուսա Լերան, Սասունի, Այնթապի, Մարաշի մէջ թէ այլուր տեղի ունեցածը ապստամբութիւն չէր, այլ` ինքնապաշտպանութիւն: Այդ արարքը պարզապէս Ցեղասպանութեան արարքին հանդէպ բնական հակազդեցութիւն մըն էր, իսկ եթէ ըմբոստութիւն էր, ապա` ճակատագիրին դէմ միայն:

 

 

 

Նախորդը

Կ. Մանոյեան. «Առաւել Քան Երբեք Շեշտը Պէտք Է Դնել Պահանջատիրութեան Վրայ»

Յաջորդը

Նշմար. Թուրքիա Չի Վարանիր Տգեղ Դէմքը Ցուցադրելու

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.