Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մենք Վերջացաւ Չըսած, Տինքի Դատը Պիտի Չվերջանայ» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Ֆեթհիյէ Չեթին

Ապրիլ 22, 2015
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

DSC09901Լիբանան տուած վերջին այցելութեան ընթացքին «Ազդակ» այցելեց գրող եւ Հրանդ Տինքի փաստաբան Ֆեթհիյէ Չեթին, որուն հետ հանդիպում ունեցան եւ զրուցեցին «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Նորա Բարսեղեան եւ «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան: Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ փոխժողովրդապետ հայր Ղազար վրդ. Պետրոսեանի կողմէ թարգմանուած Չեթինի պատասխանները` իբրեւ երկու հիմնական առանցք ունեցան Հրանդ Տինքի դատավարութիւնը, անոր ընթացքը, ինչպէս նաեւ Չեթինի մեծ մօրը նուիրուած գիրքը, Թուրքիոյ մէջ հայ մեծ ծնողներ ունենալու երեւոյթն ու այդ մասին բարձրաձայն խօսելու իրականութիւնը:

Ստորեւ` հարցազրոյցը:

«ԱԶԴԱԿ».- Գիտենք, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով որոշ ձեռնարկներ կը պատրաստուին Թուրքիոյ մէջ: Այդ մասին մեզի ի՞նչ կրնաք փոխանցել, արդեօք նախորդ տարիներէն որեւէ ձեւով տարբե՞ր են անոնք:

ՖԵԹՀԻՅԷ ՉԵԹԻՆ.- Թուրքիոյ մէջ Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը առաջին անգամ տեղի ունեցաւ 24 ապրիլ 2009-ին, Պոլսոյ մէջ: Այս տարի նախորդ տարիներէն պիտի տարբերի անով, որ յատուկ բան մը պիտի ըլլայ, որովհետեւ միեւնոյն օրը` 24 ապրիլին, նոյն ժամուն 23 քաղաքներու մէջ յիշատակում պիտի ըլլայ: Կայ նաեւ այն, որ այս տարի արդէն իսկ ապրիլ 1-էն զանազան քաղաքներու մէջ տարբեր նախաձեռնութիւններ` համագումարներ, ցուցահանդէսներ, համերգներ, ժապաւէններու ցուցադրութիւն եւ այլն, կատարուեցան ու պիտի կատարուին այս առիթով: Տիգրանակերտի եւ Պոլսոյ մէջ յատկապէս սփիւռքահայութեան հետ յիշատակումներ կ՛ըլլան, պատմական վայրերու այցելութիւններ պիտի կատարուին յատկապէս: Եթէ անհրաժեշտ թիւ ապահովուի, օդանաւ պիտի վարձենք, 24 ապրիլի առաւօտուն Երեւան պիտի երթանք, Ծիծեռնակաբերդ այցելենք, մեր յարգանքի տուրքը պիտի մատուցենք, անկէ ետք նոյն օդանաւով, նոյն օրը պիտի վերադառնանք Պոլիս, ուր պիտի շարունակենք մեր ոգեկոչումը:

«Ա.».- Հրանդ Տինքի դատավարութեան առնչութեամբ սկզբնական շրջանին տեսանք, որ բոլոր ամբաստանութիւնները կ՛ուղղուէին դէպի Էրկենեքոն, ներկայիս կարծէք ուղղութիւնը փոխուած է եւ Կիւլենի շարժումը թիրախ եղած է: Ասոր մէջ երկու զոհ կայ, առաջին զոհը ճշմարտութիւնն է, երկրորդը` արդարութիւնը: Ի՞նչ է ձեր նախատեսութիւնը ապագային առնչութեամբ:

Ֆ. Չ.- Հրանդ Տինքի սպանութեան օրերուն քանի մը տղայ հաւաքեցին` ըսելով, որ Տինքը ասոնք սպաննեցին: Ասիկա ըրին, որպէսզի չդատապարտեն կառավարական պատասխանատուները, որոնք կապ ունէին Տինքի սպանութեան հետ: Ըսին, որ այս երեք երիտասարդները, զայրացած` Հրանդ Տինքը սպաննեցին: Տինքի ամէնէն մօտիկ վկաներէն մէկը ես եմ, որովհետեւ ես նաեւ անոր փաստաբանն էի այդ ատեն: Սկիզբէն ըսի, որ Հրանդ Տինքի սպանութեան առնչութեամբ Էրկենեքոնի ոճրագործներն ալ աշխուժ դերակատարութիւն ունէին: Սակայն կառավարութեան մէջ բոյն շինած Էրկենեքոն խմբակը զիս չի համոզեր, որ միայն իրենք կազմակերպած են մարդուն սպանութիւնը, այլ ասկէ աւելի բարձր մակարդակ կայ: Կառավարութիւնը ի՛նքը, պաշտպանութեան նախարարութիւնը, բանակը` ոստիկաններով, գաղտնի սպասարկութեամբ այս սպանութիւնը կազմակերպեցին եւ փաստաթուղթերը ջնջեցին, նոյնիսկ դատավարութիւնը այս հարցին մէջ է, ասիկա գիրքիս մէջ յստակօրէն գրեցի: Հիմա մեզի տարբեր պատմութեան մը հաւատացնելու փորձ կ՛ընեն. ներկայիս նոր բան մը շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ, թէ Հրանդ Տինքը սպաննողները Ֆեթհուլլահ Կիւլենին կապուած են, այդ գաղափարախօսութեան հետեւորդներն են: Հիմա փորձ կը կատարեն, որ մենք այս տարբերակին հաւատանք:

Սակայն պատմութիւնը իրենց պատմածին պէս չէ: Բանակին ընդհանուր հրամանատարութիւնը Հրանդ Տինքը իբրեւ թիրախ ցոյց տուաւ, իսկ լրատուամիջոցները եւ հաղորդակցութեան միջոցները ասոր ծառայեցուց, անարդար դատական վճիռներ տրուեցան, դատեր բացուեցան: Ասիկա ալ ծրագիրին մաս կը կազմէր, Հրանդ Տինքի սպանութեան մասին տեղեակ էին գաղտնի սպասարկութիւնը, ներքին ապահովութեան ուժերը եւ ոստիկանութիւնը, սակայն բոլորն ալ երես դարձուցին, չտեսնել ձեւացուցին: Հրանդ Տինքը սպաննուեցաւ, իսկ դատավարութիւնը այս անգամ փոքր խմբակի մը վրայ նետեցին: 8 տարի անցաւ արդէն, սակայն դատավարութիւնը քայլ մը առջեւ չգնաց:

Ծրագրումէն մինչեւ սպանութիւնը, մահն ու դատավարութիւնը, այդ հանգրուանին եղած բոլոր իրադարձութիւնները ո՞վ կրնայ ընել, ինչպիսի՞ ուժ մը կրնայ այս բոլորը ծրագրել, այս բոլորին հսկել, այս բոլոր հաստատութիւններուն ուղղութիւն տալ, եթէ ոչ կառավարութիւնը: Հիմա կառավարութիւնը կ՛ուզէ այս հարցը ձեւով մը փակել այլեւս, սակայն լրատուամիջոցները մինչեւ վերջ պիտի երթան, մանաւանդ որ հիմա կայ շատ ազդու տեղեկատուական համակարգ մը, որ աշխատանք կը տանի ճշմարտութիւնը բացայայտելու: Թուրքիան քաղաքական թիրախներ ընտրող եւ զոհեր տուող երկիր մըն է, սակայն միշտ ալ  ոճիրը գործողներուն հետքերը կ՛անհետանան, չկայ ոճրագործութիւն մը, որուն ոճրագործը բացայայտուած է: Կարճ ժամանակուան մէջ այս բոլոր դատավարութիւնները փակուեցան, սակայն առաջին անգամն է, որ այս տիպի թղթածրար մը չեն կրնար փակել, լրատուամիջոցները այս հարցը անխափան եւ առանց յուսահատելու կը հետապնդեն: Կայ խօսք մը, որուն կառչած են` մենք վերջացաւ չըսած, այս դատը պիտի չվերջանայ:

«Ա.».- Հակառակ այս բոլոր կազմակերպուածութեան եւ ուժին, կառավարութեան ներդրումին, յոյս ունի՞ք, որ դատավարութիւնը իր ճիշդ ուղիով կրնայ ընթանալ:

Ֆ. Չ.- Կայ Հրանդ Տինքի մէկ խօսքը. «Ինծի համար ճշմարիտ իրաւարարը ժողովուրդն է եւ անոր խիղճը»: Այս խօսքը որդեգրեցի  իբրեւ իմ գործունէութեանս առաջնորդ, ինծի համար այդ միջավայրին խիղճը էական է, ատոր համար  ալ ես իմ բոլոր գիտցածներս անոր տրամադրութեան տակ կը դնեմ: Այս միջավայրին դիմաց կառավարութիւնը պիտի դատապարտեմ: Եթէ ես չտեսնեմ արդարութիւնը, ինձմէ ետք եկողները պիտի տեսնեն: Երիտասարդներուն կը վստահիմ:

«Ա.».-  Արդեօք որքա՞ն տագնապով որոշում տուիք «Մեծ մայրիկս» գիրքը գրելու:

Ֆ. Չ.- Մեծ մայրս խնդրանքով մը սկսաւ խօսիլ հետս, ըսաւ, թէ` Միացեալ Նահանգներու մէջ քոյրս եւ եղբայրս կ՛ապրին, զանոնք գտիր, հաճի՛ս»: Զանոնք գտնելու մասին մտածած ժամանակաշրջանիս Թուրքիոյ մէջ մեծ հարուած մը եղաւ, 12 սեպտեմբեր 1980-ի բանակային հարուածն էր: Այդ ժամանակ ես ունէի ինծի համակիրներու, գաղափարախօս բարեկամներու խմբակ մը, որուն մէջ եղողները, նաեւ ես դատապարտուեցանք, եւ երեք տարի բանտարկուեցայ: Երբ դուրս ելայ, երկար տարիներ իբրեւ փախստական ապրեցայ, մինչեւ որ զիս դատապարտող օրէնքը դադրեցաւ ուժի մէջ ըլլալէ, եւ ես սկսայ ազատօրէն ապրիլ: Բանտէն ելլելէս ետք առաջին գործս եղաւ մեծ մօրս ազգականները գտնել եւ գտայ. բոլոր այս բաները պատրաստած ատենս մտածեցի, որ այս բոլորին պատմութիւնը պէտք է գրեմ, բայց իմ անձիս չեմ վստահիր, որովհետեւ լաւ գրող չեմ, ուստի գրող բարեկամներէ խնդրեցի, սակայն ոչ ոք գրեց, ստիպուեցայ ես գրել ու շատ լացի գրած ատենս: Գրելէս ետք ալ տեսայ, որ այդքան ալ լաւ չեղաւ, որ դիմացինիս պատգամը հասնի, սակայն այդ օրերուն բանէ մը բարկացայ եւ ուղղակի հրատարակչատուն ղրկեցի գործը:

Երբ իմացայ մեծ մօրս պատմութիւնը, շատ երիտասարդ էի, շատ զայրացայ, մանաւանդ որ կառավարութեան ալ դէմ էի. եթէ այդ ժամանակ գրի առած ըլլայի այդ հարցերը, իմ գրութեան ձեւս վրէժխնդրական պիտի ըլլար, սակայն տարիներու ընթացքին ես ալ հասունցայ, այս բոլորը ապրելէ ետք աւելի հանդարտեցայ եւ ըսի, որ իմ մտածումս պիտի չգրեմ, այլ մեծ մօրս ապրումները պիտի արձանագրեմ, իր կեանքին վկայութիւնը, որովհետեւ այս պատմութեան ճշմարտութիւնը մարդոց սրտերուն պիտի դպչի:

«Ա.».- Գիրքին արձագանգը ի՞նչ եղաւ Թուրքիոյ մէջ:

Ֆ. Չ.- Այս գիրքը հազիւ տպուած մեծ արձագանգ ձգեց եւ որոշ թերթերու մէջ արդէն լուրի վերածուեցաւ: Մէկ շաբթուան մէջ երեք հարիւր հազար գիրք սպառեցաւ, սկսանք վերահրատարակել` 9 անգամ տպուեցաւ: Նկատի ունենալով, որ բարակ գիրք է, անիկա ձեռքէ ձեռք կ՛անցնէր: Օր մը Կարս գացած էի, կին մը ըսաւ, որ մէկ գիրքը 70 հոգի կարդացած էր, եւ տակաւին կարդալ ուզողներ կան: Ատկէ զատ եղան ինծի այցելողներ եւ այլն: Բայց իմ հիմնական նպատակս այն էր, որ երիտասարդները կարդան այս գիրքը, եւ այդպէս է, երիտասարդներ մեծապէս հետաքրքրուած են ու կը կարդան, կարգ մը կարեւոր համալսարաններու ու դպրոցներու մէջ մեծ մօրս գիրքը վերածուած է դասաւանդման գիրքի: Երբեմն զիս ալ կը հրաւիրեն որոշ դասերու, կ՛երթամ եւ կը դասախօսեմ, աշակերտներուն հետ մտերմիկ հանդիպումներ կ՛ունենամ:

«Ա.».- Ուրեմն փաստօրէն Թուրքիան արգելք չդրաւ գիրքի հրատարակութեան եւ տարածման դիմաց:

Ֆ. Չ.- Գիրքը առաջին անգամ 2004-ին հրատարակուեցաւ, այս տարի տպագրութիւնները բաւական էին` Էլիֆ Շաֆաքի, Օրհան Փամուքի եւ այլն, բոլորին նկատմամբ ալ որոշ կեցուածքներ դրսեւորուեցան, դատեր բացուեցան, սակայն զարմանալիօրէն այս գիրքին դէմ ոչ ոք դատ բացաւ, ոչ մէկ գանգատ կամ դժգոհութիւն: Ես ալ մտածեցի, թէ ինչո՞ւ այդպէս եղաւ պարագան: Գիրքին մէջ գրուած է կնոջ մը իսկական պատմութիւնը, ինչպէ՞ս դատ պիտի բանան ասոր դէմ: Չեմ կրնար ըսել սուտ է, ամէն ինչ ճշգրտութեամբ գրեցի, ընտանիքի անունները, նկարները, ամէն ինչ: Այդ պատճառով ալ իմ ընտանիքիս մեծ մասը շատ նեղուեցաւ ինձմէ եւ ինծի դէմ կեցուածք ճշդեցին, որովհետեւ բոլորին անունները բացայայտօրէն գրուեցան: Իմ նպատակս այն էր, որ ամէն ինչ հաւաստի ըլլայ, որ սուտ խօսած ըլլալու կասկած չունենայ ոեւէ մէկը: Ասիկա առաջին պատճառն է, երկրորդ պատճառը այն է, որ թրքական միջավայրին մէջ ասոր նման այնքան պատմութիւններ կան, որ կարելի չէ նման բանի դէմ դատ բանալ, որովհետեւ կրնայ ըլլալ, որ դատ բացողին մեծ մայրն իսկ հայ ըլլայ: Նաեւ չուզեցին դատ բանալով յաւելեալ լուսարձակի տալ առնել գիրքը: Օրինակ` պատկերասփիւռի կայանէն եղած զրոյցներու ընթացքին ակադեմական ուսանողներ հարցումներ կ՛ուղղեն 1915-ի ջարդերուն մասին, յաջորդ օրն իսկ այս առնչութեամբ քննադատութիւններ կը հնչեն, սակայն ես մեկնաբանութիւն չեմ ըներ գիրքին մէջ, պարզապէս կը պատմեմ Ցեղասպանութեան մասին` առանց անունը բացայայտօրէն տալու:

«Ա.».- Ուրեմն յիշողութեան պահպանումը, ըստ ձեզի, որքան կարեւոր է թէ՛ մեծ ծնողներուն, եւ թէ իրենց պարագային: 

Ֆ. Չ.- Հրանդ Տինք կ՛ըսէ, որ իւրաքանչիւր սփիւռքահայ ինքնին արդէն փաստաթուղթ մըն է, Ցեղասպանութեան կենդանի վկայութիւն է:

Պատմութեան ուժը, թէկուզ մէկ պատմութեան, շատ մեծ է. այս մէկը չէի գիտեր: Մեծ մօրս գիրքէն սորվեցայ. նման գիրքեր այնքան մեծ ազդեցութիւն կը թողուն, որ նման պատմութիւններ ունեցողներ եւս կու գան եւ իրենց գիտցածը կը պատմեն, այսպիսով նոյն ճակատագիրը ունեցողներու հաւաքականութիւն մը կը գոյանայ, որովհետեւ մեզ կը միացնէ հասարակ յայտարար մը, մեծ օղակ մը մեզ կը միացնէ:

«Ա.».- Նպատակ ունի՞ք այլ գիրքեր հրապարակելու:

Ֆ. Չ.- «Մեծ մայրս» գիրքէն ետք «Թոռնիկներ» գիրքը հրատարակեցի այն մարդոց մասին, որոնք եկան եւ իրենց պատմութիւնը ներկայացուցին իրեն, այդպիսով հաւաքածոյ մը ձեւաւորուեցաւ: Գրեցի նաեւ Հրանդ Տինքի մասին, յատկապէս անոր դատավարութեան առնչուող փաստաթուղթերուն, կառավարութեան ծրագրած ըլլալուն մասին, թէ ինչպէս Հրանդ Տինքի դատավարութիւնները կը հետապնդուէին եւ այլն:

Նոր ծրագիրներ ալ կան, եթէ ժամանակ ըլլայ, պիտի հրատարակեմ:

 

 

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան Լայնածաւալ Աշխատանքները Կը Շարունակուին

Յաջորդը

Լիբանանեան Ամերիկեան Համալսարան-Ժիպէյլի Մասնաճիւղ`. Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Ոգեկոչում

RelatedPosts

«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան
Հարցազրոյց

«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան

Յունիս 24, 2025
«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան
Հարցազրոյց

«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան

Յունիս 20, 2025
«Պուրճ Համուտի Մէջ Սորվեցայ Մարդասիրութիւնն Ու Ազգասիրութիւնը, Իսկ Մեր Առաքելութեան Նպատակը Բոլորին Ծառայելն Է»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Տոքթոր Վաչէ Վասիլեան
Հարցազրոյց

«Պուրճ Համուտի Մէջ Սորվեցայ Մարդասիրութիւնն Ու Ազգասիրութիւնը, Իսկ Մեր Առաքելութեան Նպատակը Բոլորին Ծառայելն Է» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Տոքթոր Վաչէ Վասիլեան

Յունիս 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?