Նախաձեռնութեամբ Վատիկանի եւ Մալթայի Հայաստանի դեսպան Միքայէլ Մինասեանի, շաբաթ, ապրիլ 11-ի կէսօրին Նափոլիի Հայոց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է խաչքարի զետեղման արարողութիւն` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն:
Արարողութեան ներկայ գտնուած են Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ., Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ներսէս-Պետրոս ԺԹ., Նափոլիի առաջնորդ կարտինալ Քրեշենցօ Սեփէ, կարտինալ Քուրթ Քոխ, Նափոլիի քաղաքապետը: Կարտինալ Սեփէ իր խօսքին մէջ կատարած է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի պատմականը, խօսած է Նափոլի քաղաքին վրայ անոր ազդեցութեան մասին:
Կարտինալ Սեփէ խօսած է Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին մասին եւս` յիշելով հայոց նահատակութիւնը եւ այդ նահատակութեան կարեւորութիւնը հայ ժողովուրդին համար: Իրմէ ետք խօսք առած է Գարեգին Բ. կաթողիկոս: Ան հայերէնով արտասանուած իր ճառին մէջ նոյնպէս մեծարած է սուրբը` վեր առնելով հայ-իտալական բարեկամութիւնը, նաեւ` Հայ եկեղեցւոյ եւ կաթողիկէ աշխարհի միութիւնը, բարեկամութիւնը:
Անոր յաջորդած է Արամ Ա. կաթողիկոս, որ իր ճառը արտասանած է անգլերէն լեզուով: Ան եւս անդրադարձած է սուրբին կեանքին եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին:
Այս արարողութենէն ետք տեղի ունեցած է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի ներքնագաւիթին մէջ զետեղուած 2 մեթր 70 սմ. բարձրութեամբ խաչքարին օծումը եւ բացումը. այս խաչքարը նմանօրինակ է այն խաչքարերէն մէկուն, որոնք Ջուղայի մէջ փճացուեցան ազրպէյճանական բանակին կողմէ: