Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած պատարագը եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը հաստատող Ֆրանսիսկոս պապին կողմէ ապրիլ 12-ին կատարուած յայտարարութիւնը, աւելցնելով, թէ այդ յայտարարութիւնը պէտք է խթան մը ըլլայ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային, որ յարգէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու իր խոստումը` «վերջ տալով Անգարայի ուրացման արշաւին մեղսակից դառնալու ամօթալի ժամանակաշրջանին»: