«Հայ ազգի պատմութիւնը ամբողջութեամբ փորձարկում է:
Գոյապահպանութեա՛ն փորձարկում»
Հայ ժողովուրդին մօտիկ բարեկամ`
Նորվեկիացի Ֆրիտեոֆ Նանսեն (1861-1930)
Հայորդիէն աւելի` Ֆրիտեոֆ Նանսեն (տեսնել.- http://hairenikweekly.com/2015/04/08/21554) պիտի վրդովէր եւ ընդվզէր իր պատկանած երկրին` Նորվեկիոյ վարչապետ Էռնա Սոլպերկի «չոր եւ տափակ» յայտարարութիւններէն:
Պարզ զարմանքի մը կամ անախորժ անակնկալի մը առջեւ գտնուած պիտի չըլլար այս գթասիրտ հայասէրը, որ Հայոց ցեղասպանութեան յաջորդող տարիներուն եղաւ հայ գաղթականութեան հոգատար պահապանը եւ մինչեւ իր հրաժեշտը` կեանք կոչեցեալ բնագաւառէն, ամէն ճիգ ի գործ դրաւ վերապրող հայութեան խոր վիշտը ամոքելու եւ սպիները դարմանելու:
Վարչապետ Սոլպերկ շեշտած էր, թէ իր երկիրը` Նորվեկիան, վարչապետի եւ արտաքին գործոց նախարարութեան մակարդակով պիտի չմասնակցի ձեռնարկներուն, եւ փոխարէնը` միայն Հայաստանի մէջ Նորվեկիոյ աւագ դեսպանն է, որ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ:
Աւելի՛ն. Սոլպերկ, առանց բառերը ծամծմելու եւ պատճառաբանութիւններ գտնելու, յանդգնութիւնն ու քաջութիւնը ունեցաւ յայտնելու, թէ Թուրքիոյ հետ երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդումը շատ աւելի կարեւոր է իր երկրին համար: Սակայն այս մէկը երբեք կարելի չէ արդար եւ ընդունելի մօտեցում նկատել երկրի մը համար, որ կը նկատուի աշխարհի ամէնէն աւելի ոչ թէ՛ միայն քաղաքակրթուածն ու յառաջդիմածը, այլ նաեւ` արդարամիտի հեղինակութիւն եւ յարգանք վայելողը:
Ա. Համաշխարհային պատերազմէն դրուագ մը բաւարար է, որ վերոյիշեալ ներկայացումը արտացոլացուի: Արդարեւ, պատերազմի ազդանշանէն իսկ, Նորվեկիա չէզոքութիւնը ընտրեց, եւ այդ իսկ պատճառով տնտեսական լուրջ դժուարութիւններու առջեւ գտնուեցաւ, մանաւանդ երբ Միացեալ Նահանգները կողմ ըլլալով` արգելք հանդիսացան դէպի Նորվեկիա ապրանքներու առաքման: Նոյնինքն Նանսենի վիճակուեցաւ դիւանագիտական նոր առաքելութիւն մը, Ուաշինկթընի մօտ, տնտեսական արգելքը վերցնելու բանակցութեանց համար: Այդ առաքելութիւնը մեծ յաջողութեամբ աւարտեց Նանսեն, որ տասնեակ տարիներ առաջ նոյնքան ճկուն քաղաքականութիւն որդեգրելով` կերտած էր իր երկրին անկախութիւնը: Ապա, ականատես ըլլալով մարդկային դաժանութիւններու, որոնց կարգին` Հայոց ցեղասպանութեան, Նանսեն մօտէն առնչուեցաւ եւ եղաւ լիազօր յանձնակատար` ժողովուրդներու դէմ գործուած ողբերգութեան եւ յատկապէս գաղթականական հարցերով:
Անցեալի այս նորվեկիական հեղինակութեան դիմաց, ակնթարթ մը եթէ նշենք ներկայ վարչապետարանի խորհրդական Պաարտ Կլատ-Փետերսենի այն խուսափողական յայտարարութիւնը, թէ պատմական նիւթերը պէտք է պատմագէտներուն ձգել, եւ թէ` «հայոց այս նիւթը վերջին տարիներուն յաճախակիօրէն վիճաբանութեան առարկայ կը դառնայ, սակայն ՄԱԿ-ի որոշումներով յայտնի է, թէ ի՛նչ բան ցեղասպանութիւն կը նկատուի, ի՛նչ բան չի նկատուիր: Այդ պատճառով, ձգենք, որ արժեւորումները կատարեն պատմագէտները»… Ըստ երեւոյթին շատ բան փոխուած Օսլոյի մէջ:
Հեղինակութիւնն է, որ կը բացակայի եւ, առ այդ, բնական է որ այլ երկիրներու մէջ կատարուելիք ձեռնարկներուն ընթացքին ալ Նորվեկիան ներկայանայ ոչ բարձր մակարդակի եւ միայն շրջաններէն ներս գործող պատուիրակութիւններով:
Նորվեկիական առասպել… Աւա՜ղ: