Նորվեկիական, «Վերտենս Կանկէ » (VG) թերթը մարտ 15-ին անդրադարձած է այն երեւոյթին, որ Նորվեկիոյ վարչապետ Էռնա Սուլպերկի մասնակից պիտի չըլլայ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներուն, գրելով նաեւ այն մասին, թէ Ֆրիտրոֆ Նանսենի թոռնիկին` Մարիթ Կրեւի, քննադատած է կառավարութիւնը: «Արմէնփրես» գործակալութիւնը կը նշէ, որ 2015-ին ապրիլի 24-ին պիտի նշուի Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը: Այդ առիթով Հայաստան հրաւիրուած են տարբեր երկիրներու ղեկավարներ, որպէսզի մասնակցին յիշատակի արարողութեան եւ յարգեն մէկուկէս միլիոն զոհերու յիշատակը:
Սոյն ձեռնարկին հրաւիրուած էր նաեւ Նորվեկիոյ վարչապետ Էռնա Սուլպերկը, սակայն Սուլպերկ մերժած է հրաւէրը: Նշենք, որ տարելիցին մասնակից պիտի չդառնայ նաեւ նորվեկիական կառավարութենէն ոեւէ այլ ներկայացուցիչ: Ասոր կողքին, Նորվեկիա 1915-ին թուրքերու կողմէ հայերու հանդէպ կատարուած իրադարձութիւնները չի ճանչնար որպէս ցեղասպանութիւն:
Ըստ նորվեկիական թերթին, իրողութիւններուն գծով քննադատութիւն կատարած է յայտնի մարդասէր Ֆ. Նանսենի թոռնիկը` Մարիթ Կրեւէն: 1925-ին Նանսեն այցելած է Թուրքիոյ տարբեր վայրերու մէջ գտնուող հայ գաղթականներուն, որոնք վերապրած էին Ցեղասպանութենէն: Շուրջ երեք հարիւր հազար հայ գաղթականներ Թուրքիոյ մէջ օգտուեցան հոն գտնուող Ազգերու լիկայի կողմէ հաւանութեան արժանացած նանսենեան անցագիրներէն եւ կրցան ապաստան գտնել տարբեր երկիրներու մէջ: Այս հարցով հայ գաղթականներու օգնութիւն ցուցաբերած է նաեւ Շուէտը, որ հրաւիրած է հայ գաղթականները իր տարածքին ապաստան գտնելու եւ պաշտպանուելու համար:
Նաեւ նշուած է յօդուածին մէջ Նանսենի թոռնիկին` Հայաստանի ծանօթացումը իր կանուխ տարիքին: Ան Հայաստան այցելած եւ հիացած է հայերու գնահատանքով Նանսենի գործադրած ջանքերուն նկատմամբ, որոնց շնորհիւ բազմաթիւ հայեր կրցած են փրկուիլ թուրքին գործած ցեղասպանութենէն: Կրեւէ նոյնպէս նշած է, որ հայ դպրոցականները նոյնիսկ աւելի շատ գիտելիքներ ունին Նանսենի մասին, քան` նորվեկիացի դպրոցականները:
Կրեւէ հիասթափած է նորվեկիական կառավարութեան դիրքորոշումէն եւ շեշտած է, որ 1915-ին տեղի ունեցած իրադարձութիւններն ու հայերուն դէմ կատարուած ոճրագործութիւնները ցեղասպանութիւն են:
«Նորվեկիա ի չիք կը դարձնէ տարիներու ընթացքին Նանսենի կատարած ջանքերը` Հայոց ցեղասպանութիւնը չճանչնալով», արտայայտած է Ֆ. Նանսենի կենսագիր եւ պատմաբան Քարլ Էմիլ Վոկտը: