Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայերը Այժմ Պէտք Է Հետապնդեն Օրինական Պահանջներ` Ցեղասպանութեան Յաւելեալ Ճանաչման Փոխարէն

May 4, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Հայ ժողովուրդը անցեալ շաբաթ անմոռանալի օրեր անցուց Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչման արարողութիւններուն ընթացքին: «Ցունամին», որմէ այդքան կը սարսափէին թուրք ժխտողականները, բազմաթիւ առումներով իրականութիւն դարձաւ… Մինչ աշխարհասփիւռ հայութիւնը վերջին տարիներուն զբաղած էր ոգեկոչման ձեռնարկներու կազմակերպմամբ, անոր ջանքերը կրկնապատկուեցան` շնորհիւ որոշ անսպասելի զարգացումներու, որոնց շարքին` Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի անմիտ հռետորութիւնն ու հակազդեցութիւնը:

Տարին սկսաւ Էրտողանի մանկամիտ խորամանկութիւններով. Կալիփոլիի պատերազմի հարիւրամեակի յիշատակի օրուան տեղափոխումը ապրիլ 24-ին նպատակ կը հետապնդէր տապալել Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման արարողութիւնները: Միջազգային լրատուամիջոցները արագօրէն բացայայտեցին Թուրքիոյ նախագահին հնարքը` լայն հրապարակայնութիւն ապահովելով Ցեղասպանութեան յառաջիկայ տարելիցին համար:

Ապրիլի սկիզբը Քարտաշեաններուն այցը Հայաստան հազարաւոր յօդուածներու, պատկերասփիւռի հաղորդումներու եւ ընկերային լրատուամիջոցներու միլիոնաւոր հաղորդագրութիւններու նիւթ դարձաւ: Քանի մը օր անց Հռոմի Ֆրանչեսկոս պապը իր «ցունամին» յառաջացուց“ համարձակ խօսքեր ըսելով Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ: Անգամ մը եւս Էրտողանը աւելի սրեց իրավիճակը` վիրաւորելով ոչ միայն Հռոմի պապը, այլ նաեւ` մէկ միլիառ կաթողիկէները եւ պապի ծննդավայր Արժանթինը: Անկէ կարճ ժամանակ ետք Եւրոխորհրդարանը բանաձեւ ընդունեց Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ` աւելի լայն լուսաբանում ապահովելով լրատուամիջոցներու մէջ:

Առաջին անգամ ապրիլ 24-ին եւ այդ ալ հարիւրամեակին առիթով Հայաստան գտնուիլը շատ յուզիչ էր: Հայաստանի կառավարութիւնը վիթխարի աշխատանք տարած էր հրաւիրելով աշխարհի 60 երկիրներէ հազարէ աւելի բարձրաստիճան անձեր, ներառեալ` նշանաւոր մտաւորականներ, իրաւագէտներ, քաղաքական գործիչներ, 30 երկիրներու խորհրդարանականներ եւ այլ ցեղասպանութիւններէ վերապրածներ: Ապրիլ 22-23 ականաւոր հիւրերը մասնակցեցան «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» միջազգային համաժողովին, ուր ես հանդէս եկայ կարճ ելոյթով` քննադատելով նախագահ Օպամայի կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւն եզրը օգտագործելու խոստման դրժումը: Ես բացատրեցի, որ հակառակ լայնօրէն տարածուած թիւրիմացութեան, Միացեալ Նահանգները բազաթիւ անգամներ ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Ապրիլ 23-ին Աւստրիոյ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած բոլոր վեց կուսակցութիւնները հանդէս եկան Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ միացեալ յայտարարութեամբ: Ակնկալուածին նման, Թուրքիան շատ բուռն արձագանգեց ատոր` տուն կանչելով իր դեսպանը Վիեննայէն: Ան երկրորդ թուրք դեսպանն է, որ այս ամսուան ընթացքին տուն կը կանչուի Անգարայի կողմէ: Քանի որ հետզհետէ կ՛աւելնայ թիւը այն երկիրներուն, որոնք կը ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը, ապա շուտով Թուրքիան կրնայ շատ աւելի քիչ դեսպաններ ունենալ` ատով իսկ ինքզինք մեկուսացնելով աշխարհի մեծ մասէն…

Ապրիլ 23-ին նաեւ Գերմանիոյ նախագահ Եոահիմ Կաուկ փայլուն ելոյթ ունեցաւ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի Ս. պատարագին ժամանակ Պերլինի մէջ` ճանչնալով ոչ միայն Հայոց ցեղասպանութիւնը, այլ նաեւ` Գերմանիոյ մեղսակցութիւնը թուրք-օսմանեան ցեղասպանական արշաւին: Հակառակ Թուրքիոյ ուժեղ ճնշումներուն` կ՛ակնկալուի, որ Գերմանիոյ Պունտեսթակը որդեգրէ նոյնաբովանդակ բանաձեւ մը, որ հարուածային ալիքներ պիտի ուղարկէ Էրտողանի նորակառոյց պալատի հազար սենեակներով մէկ, քանի որ Գերմանիան Թուրքիոյ դաշնակիցն էր 1915 թուականին եւ մինչեւ այսօր կը շարունակէ իր սերտ յարաբերութիւնները…

Ապրիլ 23-ի երեկոյեան Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի միացեալ նախագահութեամբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ սրբադասման պատմական արարողութիւն` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերը սուրբերու կարգին դասելով: Այս յուզիչ  ծիսակատարութենէն ետք, ժամը 19:15-ին, աշխարհի բոլոր եկեղեցիները սկսան 100 անգամ հնչեցնել իրենց զանգերու ղօղանջները: Այդ օրը երեկոյեան «Սիսթըմ աֆ է տաուն» խումբը Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տուաւ անվճար համերգ, որուն մեծ խանդավառութեամբ ներկայ էին հազարաւոր երիտասարդներ` հակառակ տեղատարափ անձրեւին: Համերգը կը հեռարձակուէր ուղիղ եթերով` Ցեղասպանութեան մասին ռոք խումբին ուղերձը տարածելով ամբողջ աշխարհի միլիոնաւոր մարդոց:

Ապրիլ 24-ին Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին` Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրին մօտ, տեղի ունեցաւ ոգեկոչման արարողութիւն, որուն կը մասնակցէին հարիւրաւոր կրօնական առաջնորդներ, դեսպաններ, պաշտօնատարներ եւ Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Կիպրոսի ու Սերպիոյ նախագահները: Երբ երկու գերտէրութիւններու ղեկավարները ապրիլ 24-ին ժամանած էին Երեւան, Թուրքիան, հակառակ իր գործադրած ջանքերուն, չէր յաջողած նոյն տարամաչափի ղեկավարներ ներգրաւել Կալիփոլիի ձեռնարկին: Շատ տեղին էր, որ այս մեծաշուք առիթով Երեւանի յուշահամալիրին մէջ հաւաքուած ականաւոր հիւրերը քանի մը ժամ անցուցին գաղթականներու նման ծածկոցներով փաթթուած` ցուրտ եղանակին անձրեւէն պատսպարուելով մեծ ծածկի մը տակ:

Անցեալ շաբաթուան առաւել շշմեցուցիչ զարգացումներէն էր Թուրքիոյ վարչապետ Տաւութօղլուի յայտարարութիւնը, որ հայերու «տեղահանութիւնը մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն էր», որ միջազգային իրաւունքի համաձայն, հաւասարազօր է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչմանը: Պէտք չէ զարմանալ, եթէ յանկարծ Էրտողանը հեռացնէ Տաւութօղլուն յունիսին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք:

Այժմ, երբ հարիւրամեակը մնաց ետեւ, ժամանակն է, որ հայերը շրջեն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման էջը եւ սկսին համակարգուած կերպով հետապնդելու իրենց պահանջները Թուրքիայէն միջազգային, տարածաշրջանային եւ տեղական դատարաններու մէջ:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

Նախորդը

Մենք. Ապրիլից Յետոյ

Յաջորդը

Արձանագրութիւնները Ուժի Մէջ Են, Հայաստանը Այժմ Թուրքիայից Չունի Տարածքային Պահանջ

RelatedPosts

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.