Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այն Գիշերը

Մայիս 5, 2015
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գրեց` ԿՈՄՍ

5-05-15_1915Ա՛հ, այն գիշերը:

Ընդհանուր ջարդը վերջ գտած էր:

Լեռներու խորշերուն, պուրակներուն ապաստանած էին հազար հազարներ` Մշոյ դաշտի բեկորներէն` կին, մանուկ ու ծերեր, որոնք ահաւոր ուրուականներու նման, անտարբեր կեանքի եւ մահուան հանդէպ, կը պտտցնէին իրենց ստուերները յամառօրէն ու դաժան:

Բոցերու ու արիւնի մէջ անոնք թաղած էին թանկագին կեանքեր հարազատներու ու ամէն ինչ… Այժմ կմախքացած իրենց ոսկորները զազրելի քուրջերու մէջ ամփոփած` կը քալէին աննպատակ:

Մարդկային ողջակէզ մարմիններու ճարպին գարշելի հոտը չոքած էր դաշտին վրայ` աղտոտ ու սեւ ամպի մը պէս:

Մե՛նք ալ հոն էինք: Անկարող փրկելու մեր ժողովուրդը` անոր հետ ապաստանած էինք լեռնային ծերպերուն եւ քարայրներուն: Զինուած էինք քանի մը տասնեակ յուսալքուած մարդկանց հետ: Հեգնանք մըն էր սակայն այդ բոլորը ու չնչին` զարհուրելի նախճիրի այդ օրերուն:

Ի՞նչ կրնայինք ընել. ոչինչ, մեռնիլ միայն հազարաւորներու հետ. այդ ուժն ալ պակսած էր մեր մէջ:

Պուրակներու ու թփուտներու մէջէն կ՛ելլէինք գիշերները միայն, երբ քաղցէն ու ցաւէն ոռնացող գայլերու պէս շրջմոլիկ` կ՛երթայինք փնտռելու պուտ մը ջուր, փունջ մը խոտ` մեր քաղցն ու ծարաւը մեղմելու:

Արշալոյսին քիւրտերու վոհմակները կը պաշարէին լեռները, ձորակները ու պուրակները եւ համազարկերով կ՛ոչնչացնէին մնացորդը մեր ժողովրդի:

Մինակ էինք մենք բուերու նման` անհուն այդ ամայութեան մէջ, ուր սակայն կը վխտային բազմահազար թշնամիներ` իրենք եւս ճողոպրած ռուսական բանակներու ներարշաւէն: Չէինք գիտեր ե՛րբ եւ ո՛ւր պիտի հանգչէին մեր ոսկորները: Կորսնցուցած էինք կեանքի ու ժամանակի գաղափարը…

Սեւ, խաւար գիշեր մըն էր, մէկը աշնան օրերէն. կ՛իջնայինք Մառնիկայ սարէն: Նիհար ու չորցած քանի մը խաղողի այգիներ: Երբ գրեթէ իջած էինք ձորին խորքը եւ կը քալէինք խաղողի խեղճուկ թփուտներու քովէն, մանկական խեղդուկ ձայն մը զարկաւ ականջներուս: Բեւեռուեցանք տեղերնիս: Շատ մօտէն էր: Թոթովանք մըն էր ցաւագին:

Դանդաղ ու անաղմուկ մօտեցանք թփուտներուն: Գետնին գամուած սեւ ստուեր մըն էր, որ յաճախ թեւերը վար-վեր կը շարժէր: Լարեցինք մեր տեսողութիւնը, յառաջացանք դանդաղօրէն: Մանկական ձայնը դարձած էր պաղատագին, աղեկտուր:

– Խմէ՛, Գուլօ՛ լաօ, ղուրպա՛ն քըզի, խմէ` ղուվաթ (ուժ) առնիս, երթանք մըր մէրիկ գտնինք…

Մօտեցանք, շրջապատեցինք եւ ծունկի եկանք քովիկը: Զարմացական հայեացք, «ա՜խ» մը եւ խոշոր բացած յուսահատ աչուկները մեզի ուղղեց:

Հազիւ 6-7 տարեկան աղջիկ մըն էր կմախքացած, բոսորային աչքերով: Քովը երկնցած էր իրմէ շատ փոքր, կիսամերկ մանկիկ մը անշարժ, մարած, կիսախուփ աչքերը երկնքին ուղղած:

– Ի՞նչ կ՛ընէք այստեղ, ո՞ւր է ձեր մայրիկը.

Փղձկաց փոքրիկը եւ կից կտուր հեկեկանքով պատմեց: Շատ օրեր էին հոն մնացեր. իրենց «մէրիկ»-ը բերած հոն պահած էր տիւշմընու աչքէն. պատուիրեր էր չշարժիլ. գացած էր ուտելիք բերելու…

– Գուլօն լէ քնուկ է, քնո՜ւկ, չի՛ զարթէ.- գլուխը պառկած քրոջը վրայ հակելով աւելցուց,- հիւանդ է, հա՛ (միշտ) քնուկ է… ես լէ էսայ խաղողի ջրէն բերանը կը լեցնում` չի՛ խմէ:

Աղջկան սեղմած ձեռքին մատերու մէջէն, իրաւ, խաղողի հիւթը կաթ-կաթ, կը թափէր «հիւանդ» իր քոյրիկին դէմքին:

Շօշափեցինք պզտիկին ձեռքերը, գլուխը. շատո՜նց մեռած էր իր քոյրիկը…

Մեծ քոյրը երեւի կորսնցուցած էր մահուան գիտակցութիւնը: Մեր խումբը, յանցաւորի մեղապարտութեամբ, շրջապատած էր դիակը մանկիկ Գուլոյի: Տառապանք էր տեսել կենդանի իր քոյրիկը. կմախք մը զարհուրելի, որ դեռ բռունցքին մէջ կը պահէր մզած խաղողի չանչը…

Հազիւ շշնչացի անոր, թէ պէտք է հանգիստ թողու Գուլոյին, որ քնանայ, իսկ ինքը պէտք է մեզի հետ գայ մէրիկը փնտռելու: Ելաւ անխօս` վերջին հայեացք մը նետելով Գուլոյին վրայ: Ու հետեւեցաւ մեզ:

«Աստուած է մըզի խրկեր, թող ի գայ մըզի հետի…» ըսին խումբին տղաքը:

Այնուհետեւ օրերով ընկերացաւ մեզ իր դողդոջուն քայլերով: Իրեն զոհեցինք մեր հանգստութիւնը. կը քալէինք իր քայլերով, անմատչելի ապաստաններ կ՛որոնէինք անոր համար, դաշտ կ՛իջնէինք գիշերները, կը յարձակէինք քիւրտ խումբերու վրայ, հաց, իւղ կը խլէինք կերակրելու համար անոր, կռիւներու մէջ ապահով ժայռերու տակ կը պատսպարէինք…

Մեր ժողովուրդի կսկիծն էր, որ կ՛այրէր մեր հոգիները: Այդ վտիտ մարմինը խորհրդանիշ էր դարձած մեր խիղճերուն համար. թեթեւնալ կ՛ուզէինք…

Օր մը սակայն կքեցաւ փոքրիկը: Ծանր էր անոր տաժանակիր այդ վազքը կեանքի: Չկրցաւ շարժուիլ: Մեր թեւերուն վրայ պահեցինք օրերով, մարմինը կ՛այրուէր կարծես. աչքերը սուզուած էին խոր կոպիճներու մէջ. կը զառանցէր, «մէրիկը», «Գուլօն» կը փնտռէր:

Արշալոյսին մեռաւ:

Բոլորուեցանք մեր որբուկի մարմնին շուրջ ու հսկեցինք: Իսկ գիշերը… Թողինք լերան գլուխ, սեւ ժայռի մը տակ` թաթիկները կուրծքին ծալած:

Ինչպէ՜ս թաղէինք, ո՞ր մէկը թաղէինք…

«Յեղափոխական Ալպոմ»

 

 

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան Վերապրող 106-Ամեայ Քնար Եմէնիճեանի Ոդիսականը

Յաջորդը

Տրապիզոնի Անտառները Ապաստանած Փախստական Հայերու Նամակը

RelatedPosts

Արցախի Մասին Հայ Դատի Յանձնախումբի Պատրաստած Թղթածրարը Յանձնուեցաւ Քանատայի Պաշտպանութեան Նախարար Հարժիթ Սաճճանի
Հայ Դատ

Արցախի Մասին Հայ Դատի Յանձնախումբի Պատրաստած Թղթածրարը Յանձնուեցաւ Քանատայի Պաշտպանութեան Նախարար Հարժիթ Սաճճանի

Մարտ 12, 2020
Կլոր Սեղան Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին Մէջ.   «Հայութիւնը Ներկայ Աշխարհաքաղաքական Եւ Ներազգային Մարտահրաւէրներու Դէմ Յանդիման»
Հայ Դատ

Կլոր Սեղան Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին Մէջ. «Հայութիւնը Ներկայ Աշխարհաքաղաքական Եւ Ներազգային Մարտահրաւէրներու Դէմ Յանդիման»

Յունուար 23, 2017
Նիքոլա Սարքոզի Հանդիպում Ունեցաւ Փարիզի Եւ Լիոնի Շրջանի Հայութեան Հետ
Հայ Դատ

Նիքոլա Սարքոզի Հանդիպում Ունեցաւ Փարիզի Եւ Լիոնի Շրջանի Հայութեան Հետ

Նոյեմբեր 19, 2016

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In