Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Գիրքեր. Տառապանքի Եւ Յոյսի Ապրումներ (Յուշապատում) Բ. Տպագրութիւն

May 19, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Yapujian--Cover-Final-1Նոր լոյս տեսաւ Հայկազուն Եափուճեանի «Տառապանքի եւ յոյսի ապրումներ» գիրքը, յուշապատում մը, որ լոյս կը սփռէ հեղինակին մանկութեան եւ պատանեկութեան ապրած որբանոցային եւ այլ դժնդակ պայմաններու մէջ ընթացած կեանքին մասին:

Հեղինակը իր գիրքը բաժնած է քանի մը մասերու: Առաջին մասին մէջ կը կարդանք հեղինակի ծննդավայրին` Ռումտիկինի մասին: (Ռումտիկին կը գտնուի Կապադովկիոյ մէջ, Կեսարիոյ մօտերը): Տուած է լայն տեղեկութիւններ` կլիմայի, արտ ու այգիներու ծաղկուն երեւոյթին մասին, ուր հայեր (500 ընտանիք) ապրած եւ ստեղծագործած են: Ան մանրամասնօրէն կը յիշէ իր մանկութիւնը եւ այդ օրերուն խաղցած խաղերը:

Ան ծնած է 1908-ին: Կը նկարագրէ ընտանեկան եւ պապենական վիճակը, մեծ հայրը եղած է գիւղի քահանան, կը յիշէ ազգականները, ընկերային կեանքը: Չմոռնանք ըսելու, որ այս ամէնուն մասին արտայայտուած է մանրամասն կերպով:

Երկրորդ բաժինով կը նկարագրէ թրքական զուլումը եւ ջարդերը, թէ ինչպէ՛ս 1915-էն սկսած` երիտասարդներ հաւաքած են զինուորագրուելու պատրուակով, ապա առաջնորդելով զանոնք երկրին խորերը եւ սպաննելով անողոքաբար, որոնց շարքին կը գտնուի նաեւ իր հայրը: Հոս կարելի է յիշել, որ օսմանեան տիրապետութեան խաբեբայ քաղաքականութիւնը իրագործուած է ամբողջ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ  մէջ: Երիտասարդութիւնը հաւաքել եւ սպաննել: Այս կապակցութեամբ կայ նաեւ բռնի իսլամանալու հարցը` փրկուելու համար մահէն:

Հոս կը սկսի պատանի Հայկազունին կեանքին ոդիսականը: Գրած է, թէ պատառ մը հացի փոխարէն, արածած է գոմէշներ, եզներ, ոչխարի  հօտեր` հնազանդելով թուրք աղաներուն: Յստակ է, որ այս պարագային չարչարանքը եղած է անտանելի, ըլլալ պատանի եւ մարտնչիլ գոմէշներու հետ: Սրտաճմլիկ կեանք մը, որ յաճախ յուսահատութեան կը մատնէ:

Գիրքին մէջ կարեւոր մաս մը կայ դէպի որբանոց ուղեւորութեան մասին: Հոս կը սկսի Ամերիկեան Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցին, որբախնամ գործունէութիւնը: Ժամանակ մը վերջ կ՛որոշուի որբերը տեղափոխել դէպի արտասահման, մասնաւորաբար` Լիբանան. գրեթէ ամբողջ ամիս մը տեւած է այս դժնդակ եւ յոգնեցուցիչ ճամբորդութիւնը, նախ սայլերով, քաղաքէ քաղաք, գիւղէ գիւղ, ապա շոգեկառքով, եւ ի վերջոյ նաւերով հասած են Պէյրութի նաւահանգիստը: Կը հաստատուին նոր որբանոցներ` Անթիլիասի, Մամըլթէյնի, Ղազիրի, Ժիպէյլի եւ մինչեւ Սուրի եւ Սայտայի մէջ:

Հայկազուն Եափուճեան այս ամէնը կը նկարագրէ եւ կը պատմէ յստակ եւ հաղորդական լեզուով, ընթերցողը իրեն հետ պտտցնելով Կեսարիոյ եւ շրջակայքի մէջ մինչեւ Պողազլիան, ուր անխղճօրէն սպաննուած են անմեղ հայեր:

Բծախնդիր եւ խղճամիտ գրողն է Հայկազուն, սուր յիշողութեամբ, որով կարողացած է վերյիշել այնպիսի պատահարներ, դէպքեր, որոնք կարծես երէկ պատահած ըլլային:

Գիրքին էջերը ճոխացած են հազուագիւտ եւ յիշատակելի լուսանկարներով, մէկիկ-մէկիկ  անուններու յիշատակութեամբ, ինչ որ գիրքը կը վերածէ վաւերագրական գրականութեան մը:

Հեղինակը անդրադարձած է նաեւ Էշրեֆիէի մէջ հիմնուած որբանոցներու եւ ապա հասակաւոր որբերու գործունէութեան մասին: Անոնք զանազան գործերու նետուած են` տարբեր արհեստներ կիրարկելով: Այս որբերուն մէջ գտնուած են այնպիսիներ, որոնք համալսարանական ուսում ստացած են` գոհունակութիւն պատճառելով ամէնուն:

270 էջերէ բաղկացած հատորին վերջին մասով կը կարդանք առաւելաբար ինքնակենսագրութիւն բնութագրող էջեր, մասնաւորաբար` ամերիկեան «Մոպիլ օյլ» ընկերութեան մէջ աշխատանքը, ուր աշխատած է քառասունմէկուկէս տարիներ, հաւատարմօրէն, իբրեւ վստահելի պաշտօնեայ, արժանանալով բազմաթիւ շքանշաններու:

Հատորին ընթերցանութիւնը տեղ-տեղ կը յիշեցնէ ազգային գործունէութիւնը, գովեստով կ՛արտայայտուի Հայկ Պալեանի մասին, որ իբրեւ նուիրեալ ուսուցիչ` որբանոցի տղոց ներշնչած է ազգային գիտակցութիւն եւ ընթերցանութեան սէր: Արժանաւոր եւ յիշատակելի հատոր մը, արժանի` ընթերցանութեան:

 

 

Նախորդը

Րաֆֆի Ետալեան Գեղանկարիչ-Քանդակագործ

Յաջորդը

Փրկագնուած Յիշողութիւն

RelatedPosts

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Կողմէ 125.000 Եւրոյի Յատկացում` Լիբանանի Հայկական Վարժարաններուն
Անդրադարձ

Հրակ Պագարեան Կը Նուիրաբերէ Ուսանողական Կրթաթոշակի Ծրագիրին

February 12, 2026
Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը.  Ընդունի՞լ, Թէ՞ Մերժել Վարդան Մամիկոնեանի Պատգամը (Աւարայր, 1575-Ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Ընդունի՞լ, Թէ՞ Մերժել Վարդան Մամիկոնեանի Պատգամը (Աւարայր, 1575-Ամեակ)

February 12, 2026
Կտակ
Անդրադարձ

Կտակ

February 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.