Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հեռուներէն Եկող Երթ

May 18, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Հեռուներէն  ճամբայ ելած  կարաւանը` ազնուազարմ սեպուհներու միատեղուած շղթան, վտարանդի իր բոյնէն,  բնակատեղիէն, գիշերները լուսնի շողերով  եւ տեղ-տեղ երեւացող կրակին  արձակած կայծերուն լուսարձակով կը յառաջանայ դանդաղ, միապաղաղ: Պայծառ առաւօտներուն հանդարտ կը ծփայ աւազոտ անապատին վրայ, միջօրէի բարկ արեւէն  պաշտպանուելով, ամպի հովանիներով: Շատ անգամ` հեւալով ու շնչակտուր արեւի տօթէն, երերալով, քարշ գալով աջ ու ձախ, ովասիսի  մը փնտռտուքով:

Նայիրեան հեռուներէն եկող կարաւանին յանկարծ կ՛երեւայ Մովսէսի թափառական ու կորսուած ժողովուրդը, անապատին մէջ իրենց անցուցած քառասուն տատանող ու շփոթահար տարիներուն ընդմէջէն` ովասիսի մը ցոլքէն, իր բարեւը տալով կը հեռանայ:

Ժայռոտ անապատացած աւազով կոփուած քարերուն վրայ, տեղ տեղ դրոշմներ կը ցոլան գիշերուան խաւարին մէջ. հոնկէ անցած, վաղ ժամանակներու մէջ փայլատակած եւ անհետացած կամ գոյատեւած փառքի նշոյլներ:

Ժայռերուն վրայ սեպագիր արձանագրութիւններ, ետքը մեսրոպեան տառեր, խաչքարերու եւ կամարներու ընկերակցութեամբ, փոշիացած սրբութիւններու աճիւնազարդ ոգիի սկիհով: Հայկական խազեր իրենց տխուր ելեւէջերով, անշարժացած  տառապանքէն ու ցաւէն պապանձած, տապանաքարերու վրայ լուռ կը հանգչին ամբողջ մէկ դար, ետքը կը թեւածեն հորիզոնին վրայ:

Վանդակներու մէջ բանտարկուած  փետրաթափ արծիւներ իրենց տխուր ու լալահառաչ նայուածքներու փայլատակումներով կը բորբոքեն հոգիներուն կրակը…

Մերթ ընդ մերթ քայլերը կը դառնան տաժանելի: Շնչահեղձ դարձած կարաւանին շնչակտուր նայուածքը հորիզոնին վրայ կը նկատէ սաւառնող եւ իրեն հետեւող մշտարթուն կամքը իր ժողովուրդին: Ան իր շունչն ու  զօրութիւնը,  եթերացած բարութենէն կրկին հաւաքելով, կը շարունակէ կքոտած քայլերը: Ետեւ մնացած հեռու համայնապատկերին վրայ ասպատակողներու եւ ահաբեկիչներու տեսողութենէն անվրէպ կը մնայ քնատ քալողը, բայց հեռաւոր երկրի մը սփոփանքն ու առկայութիւնը զօրութիւն կու տայ յարատեւելու  իր  քայլերը:

Թոքերը լիացնող քամին իր ընթացքը կ՛առնէր հեռաւոր արնաներկ տարածքներէն, ուր   անյողդողդ   պապերուն շունչը կը թեւածէ: Ո՛չ  Հազկերտին զօրքերը, ո՛չ թուրքին ենիչերիները եւ ուրիշ ո՛չ մէկ ահաբեկիչ, նոյնիսկ մահը անկարող կը դառնան յուսահատեցնելու  անոր ընթացքը: Շիկացած աւազին մէջ խառնուած պապերուն աճիւններու փոշին, ափ ափ լեցուցած իրենց  մախաղներուն  մէջ, այդ շաղախով ծեփուած   կարծրացած կոպերով կը փորձէ տեսադաշտը   յստակացնել:

Նախ` պղտոր կ՛երեւի ամէն բան, ետքը շաղախի հպումով կը սկսին  պայծառանալ աղաւաղուած նայուածքները…

Իրենց հետ առած պապերուն մասունքները, ուխտի տապանակի նման ուսերուն վրայ շալկած`երկրէն բերուած նշխարներ, թանկարժէք պատկանելիութիւններ,որոնք ոչ մէկ տեղ ձգելու, կամ անոնցմէ հրաժարելու պատրաստակամութիւն ունին:

Ամէն քայլափոխի ոտքերուն տակ, ցիր ու ցան  նոր բողբոջող անմոռուկներ, կարմիր արնաներկ  կակաչներ, վկայակոչող յիշատակներ, կայծկլտացող լոյսերու նման, ուղղութիւն  ճշդող  ազդալոյսերու կը վերածուին…

Իսկ սովորական  մարդը ի՞նչ է  որ, անապատի խուլ անյայտութեան մէջ` գիշատիչներու միօրեայ կեր: Աւազի մրրկահողմին ենթակայ, ատեն մը երեւցող, ետքը անյայտացող` իր տեղը աւելի  ուժեղին եւ դիմացկունին զիջելու համար:

Ղովտի կնկան նման զգուշանալով հանդերձ  ետեւ նայելէ, ատենը մէյ մը ոմանք կը փորձեն  կրկին վերադառնալու ճիգեր  թափել:

Զգայուն հոգիներ,որոնք սիրոյ հազար թելերով կապուած են, ոչ միայն իրենց ծննդավայրին հետ, ապա սէրերուն, հազար կարօտով կապուած իրենց հայրենի  տան, եկեղեցիին  անցեալին ` հայրերու երկրին, նախկին կանգառին, որ հիմա  սկզբնակէտի մը վերածուած` զիրենք կը կանչէ…

Կարաւանը յամրօրէն ծանր քայլերով կ՛ընթանայ` իր ետին ձգելով հոգեվարքի մէջ մնացած հարազատներ, եկեղեցիներու լռած զանգերու դեռ չհանգչած ողբերգական մեղեդիներ, հրկիզուած ու սրբապղծուած խորաններու հառաչանքը:

Բայց ամէն անգամ որ թշնամին քար մը տապալէ`դեռ չհասցուցած զայն անհետացնել, այնտեղ մնացողներ կրկին կը կանգնեցնեն նոր տաճարի հիմը, կը վերաօծեն սրբապղծուած ամէն բան` նոր դրոշմով եւ նոր շունչով շարունակելու համար:

Հեռուէն պլպլացող, Լուսաւորչի Կանթեղէն արձակուած շողը  միայն կենդանի մնացած` կը փորձէ զանոնք հասցնել դէպի հայոց պապերուն հայրենիքը:

Բացուող  նոր օրը իր լոյսը կը սփռէ անապատի  մթագնած բաւիղին վրայ` լուսարձակի տակ  առնելով մութն ու լոյսը, իւրաքանչիւր  աւազի հատիկ…

Հալէպ

Նախորդը

Ցեղասպանութեան Ներկայութիւնը Հայու Կեանքին Մէջ

Յաջորդը

Բերձորի (Լաչին) Առումը. Չյիշատակուող Յաղթանակ

RelatedPosts

Ռազմավարական Դիմակայութիւնից Դիւանագիտութիւն. Իրան-Միացեալ Նահանգներ Լարուածութեան Թուլացման Ուղին
Անդրադարձ

Ռազմավարական Դիմակայութիւնից Դիւանագիտութիւն. Իրան-Միացեալ Նահանգներ Լարուածութեան Թուլացման Ուղին

February 9, 2026
Ս. Էջմիածինի Յայտարարութիւնը` Արցախի Գերեվարուած Ռազմաքաղաքական Ղեկավարներու Հիմնարար Իրաւունքներու Ոտնահարման Դէպքերուն Վերաբերեալ
Անդրադարձ

Պաքուի Ցմահ Վճիռները` Միջազգային Իրաւունքի Բացարձակ Ձախողութիւն Եւ Արցախի Ցեղային Զտման Օրինականացում

February 7, 2026
Մասիս Ալեքսանդրեան
Անդրադարձ

Մահուան Քառասունքին Առիթով. Մասեաց Սէգ Մասիսը

February 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.