Թուրքիոյ Էլազըղ (պատմական Խարբերդ) քաղաքին մէջ գտնուող կիսաաւեր հայկական աւետարանական եկեղեցին, որ այժմ կ՛օգտագործուի որպէս ինքնաշարժներու կանգառ, մօտ օրէն պիտի քանդուի եւ տեղը պանդոկ պիտի կառուցուի:
Կանգառի սեփականատէր Ճոշքուն Տուրանը կրցած է պանդոկ կառուցելու թոյլտուութիւն ստանալ թրքական իշխանութիւններէն: Հայկական այդ եկեղեցին ասորական եկեղեցւոյ անուան տակ գրանցուած է Տիգրանակերտի մշակոյթի եւ ժառանգութեան պահպանութեան ցուցակին մէջ:
19-րդ դարավերջին կառուցուած եկեղեցին հանրապետական Թուրքիոյ ժամանակաշրջանին օգտագործուած է որպէս ալիւրի գործարան: Որոշ ժամանակ եկեղեցւոյ տարածքին վրայ կազմակերպուած են շաբաթական տօնավաճառներ, ինչպէս նաեւ օգտագործուած է որպէս ոչխարներու ախոռ: