Կազմակերպութեամբ Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի հայերէնի ուսուցչուհիներ Մարիժան Տէր Ատուրեան-Թիւմպէրեանի եւ Մարինա Աբրահամեան-Փիլաւճեանի, ուրբաթ, 8 մայիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Հետուիկ» սրահին մէջ, Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին ելոյթ մը` «Անապատի կանչը» խորագրով:
Ձեռնարկին արուեստի բաժնի պատասխանատուն էր վարժարանի ծնողական յանձնախումբի անդամ Մարալ Թնկըրեան:
Բացման խօսքին մէջ Մարինա Աբրահամեան Փիլաւճեան անդրադարձաւ Հայ ժողովուրդի դարաւոր արհաւիրքին եւ Ցեղասպանութեան` ըսելով. «Թէկուզ հազար տարի անցնի, հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան երթը կանգ պիտի չառնէ, մինչեւ հայը հասնի Արարատի գագաթին եւ տարածքային ամբողջականութեան»:
Ձեռնարկը շարունակուեցաւ թատերական ներկայացումով մը` «Եւ աւելցուցէք Զոհրապի անունը» խորագրով:
Ձեռնարկի ընթացքին աշակերտները ներկայացուցին Հայոց ցեղասպանութեան հետ կապուած ասմունքներ եւ երգեր` ընկերակցութեանբ կենդանի պատկերներու: Անոնք ներկայացուցին նաեւ պարեր, որոնք փոխանցեցին Ցեղասպանութան կենդանի ոգին եւ հայուն տառապանքը: