Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրքական Մտատանջութիւնը Հայկական Հողային Պահանջներուն Նկատմամբ

May 18, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով թուրք լրագրողները թախանձագին կերպով կը հետաքրքրուէին Թուրքիայէն Հայաստանի ունեցած տարածքային պահանջներով:

25 ապրիլ 2015-ին թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթին մէջ հրապարակուած հարցազրոյցին մէջ թղթակիցը հարցուցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին, թէ արդեօք Հայաստան տարածքային պահանջներ ունի՞ Թուրքիայէն: Ստորեւ կը ներկայացուի «Հիւրրիյէթ»-ի մէջ նախագահ Սարգսեանին պատասխանի թրքական տարբերակի իմ թարգմանութիւնը.

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը, իր անկախացումէն ի վեր, երբեք Թուրքիայէն կամ որեւէ այլ երկրէ տարածքային պահանջներ չէ ունեցած: Մեր կառավարութեան արտաքին քաղաքական օրակարգին վրայ նման խնդիր չէ եղած եւ չկայ այսօր: Ասիկա յստակ է: Մենք միջազգային հանրութեան լիիրաւ ու պատասխանատու անդամ ենք: Իբրեւ ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւն` կը հասկնանք մեր դերը միջազգային յարաբերութիւններու մէջ, կը յարգենք միջազգային իրաւունքի սկզբունքները… Եթէ ուշադրութիւն դարձնէք, Թուրքիայէն Հայաստանի ունեցած տարածքային պահանջներու մասին կը խօսին յատկապէս Թուրքիոյ մէջ, ոչ թէ Հայաստանի… Իսկ թէ ինչո՛ւ այդպէս է, կը ձգեմ, որ իւրաքանչիւրը իր եզրակացութիւնը ունենայ»:

Ամերիկահայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ 7 մայիսին Ուաշինկթընի մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին ես անձամբ նախագահ Սարգսեանէն խնդրեցի պարզաբանել «Հիւրրիյէթ» թերթին տուած իր մեկնաբանութիւնները, որոնք ճիշդ չեն հասկցուած կամ սխալ մեկնաբանուած են որոշ հայերու եւ թուրքերու կողմէ: Նախագահը պարզաբանեց, որ ինք չէ ըսած, թէ Հայաստան տարածքային պահանջներ չունի Թուրքիայէն: Ան պարզապէս յայտարարած է, որ Հայաստան նման պահանջ չէ ներկայացուցած, եւ աւելցուց. «Մենք իրաւունք չունինք ըսելու, որ Թուրքիայէն տարածքային պահանջներ չունինք: Միաժամանակ մենք իրաւունք չունինք ըսելու, որ նման պահանջներ ունինք»: Նախագահը աւելցուց, որ` «Սփիւռքի հայկական կուսակցութիւնները ազատ են նման պահանջներ ներկայացնելու»:

Նախագահ Սարգսեան` իբրեւ երկրի առաջին դէմք, յստակօրէն կը մատնանշէ, որ տարածքային պահանջը հզօր եւ սպառնացող հարեւան Թուրքիայէն, կրնայ լուրջ հետեւանքներ ունենալ Հայաստանի ազգային անվտանգութեան համար, եւ որ նոյնը չէ, երբ նման պահանջներ կը ներկայացուին անհատներու կամ կազմակերպութիւններու կողմէ:

Նոյն օրը առաւօտեան, մայիս 7-ին, Ուաշինկթընի Ազգային մամլոյ ակումբին մէջ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանին տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այլ թուրք լրագրող մը եւս հարցուց Թուրքիայէն Հայաստանի ունեցած տարածքային պահանջներուն մասին: Նալբանդեան նոյն կերպով պատասխանեց, ինչպէս նախագահը` «Հայաստան Թուրքիոյ տարածքային պահանջներ չէ ներկայացուցած»: Ան նաեւ զարմացած հարցուց, թէ ինչո՞ւ այդ հարցը աւելի շատ կը բարձրացուի Անգարայի մէջ, քան` Երեւանի:

Չորս տարի առաջ, յուլիս 23-ին, Սերժ Սարգսեան աւելի հիմնաւոր պատասխան տուաւ, երբ հայ ուսանող մը իրեն հարցուց Արարատ լերան եւ Արեւմտեան Հայաստանի հնարաւոր վերադարձին մասին.

«Ամէն ինչ կախեալ է ձեզմէ եւ ձեր սերունդէն: Իմ սերունդս, կը կարծեմ, իր առջեւ դրուած պարտականութիւնը կատարեց, երբ 90-ական թուականներու սկիզբները անհրաժեշտ էր մեր հայրենիքի հատուածներէն մէկը` Ղարաբաղը պաշտպանել թշնամիներէն: Մենք կրցանք ընել ատիկա…. Կ՛ուզեմ ըսել, որ իւրաքանչիւր սերունդ իր պարտականութիւնը ունի, եւ այդ պարտականութիւնը պէտք է կարենայ կատարել ու լաւապէս կատարել»:

Հայաստանի նախագահին պատասխանը բողոքի մեծ ալիք յառաջացուց դրացի Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի մէջ: Երկու երկիրներու լրագրողներն ու պաշտօնեաները ջղաձիգ յարձակումներ գործեցին Հայաստանի վրայ` մեղադրելով նախագահ Սարգսեանը` «Արարատ լեռը եւ Արեւելեան Թուրքիան գրաւելու համար հայ երիտասարդներուն կոչ ուղղելու յանցանքով»: Հայաստանի նախագահին հասցէին հնչեցին նախատական արտայայտութիւններ Թուրքիոյ այն ժամանակուան վարչապետ Էրտողանի, փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչի, նախարար Էկեմեն Պաղըշի, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններուն կողմէ: Էրտողան Հայաստանի նախագահէն նոյնիսկ պահանջեց ներում հայցել: Ամբոխները հրահրելու նպատակով Թուրքիոյ քաղաքներուն մէջ կազմակերպուեցան բողոքի ցոյցեր, որոնց ընթացքին հրկիզուեցաւ նախագահ Սարգսեանի լուսանկարը:

Հասկնալի է, թէ ինչո՛ւ թուրք ղեկավարները այդքան կը սարսափին, երբ կը բարձրացուի Հայաստանի տարածքային պահանջներու հարցը: Շատ լաւ գիտնալով, որ իրենց նախնիները բնաջնջած են հայ բնակչութիւնը իրենց հայապատկան հողերուն վրայ, թրքական իշխանութիւնները մտավախութիւն ունին, որ հայերը կը պահանջեն վերադարձնել Արեւմտեան Հայաստանի իրենց պատմական հայրենիքը` ներկայ Արեւելեան Թուրքիան:

Միեւնոյն պահանջներու փաթեթին շուրջ հայ ժողովուրդը միաւորելու համար, ես կը կարծեմ, թէ մենք պէտք է ընդունինք «Արդարութեան պահանջ» կարգախօսը, որ իր մէջ կը ներառէ Թուրքիայէն հայկական բոլոր պահանջները, ինչպէս նշուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Համահայկական հռչակագիրին մէջ, որ 29 յունուար 2015-ին Երեւանի մէջ ընդունուեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութիւններուն եւ սփիւռքի մեծ կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն կողմէ: Հռչակագիրի 6-րդ կէտին մէջ կոչ կ՛ուղղուի «վերականգնելու անհատական, համայնքային եւ համազգային իրաւունքները եւ օրինական շահերը»: Աւելի՛ն. հռչակագիրի նախաբանին մէջ յատուկ կը յիշատակուի «հայրենազրկումը», ինչպէս նաեւ` 1920 թուականի օգոստոս 10-ի Սեւրի հաշտութեան պայմանագիրը եւ 1920 թուականի նոյեմբեր 22-ի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի Իրաւարար վճիռը, որոնք Հայաստանին կը շնորհեն քանի մը անգամ աւելի մեծ տարածք, քան` այսօրուան Հայաստանի Հանրապետութիւնը:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

Նախորդը

Բերձորի (Լաչին) Առումը. Չյիշատակուող Յաղթանակ

Յաջորդը

Կռիւը Կը Շարունակուի (Առանց Ծամծմելու Բառերը)

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ամերիկեան Միջանկեալ Ընտրութիւններու Հետեւանքները

November 10, 2026
Հայ Գիրքի Համահայակական Փառատօն-Ցուցահանդէսի Ծիրին Մէջ Չորս Գիրքերու Շնորհահանդէս
Անդրադարձ

Հայ Գիրքի Համահայակական Փառատօն-Ցուցահանդէսի Ծիրին Մէջ Չորս Գիրքերու Շնորհահանդէս

November 10, 2026
Իսկական Ընկերութիւնը Չի Սահմանափակուիր Ժամանակով Ու Տարածութեամբ, Ան Կը Շարունակէ Ապրիլ Յիշողութեան Մէջ
Անդրադարձ

Իսկական Ընկերութիւնը Չի Սահմանափակուիր Ժամանակով Ու Տարածութեամբ, Ան Կը Շարունակէ Ապրիլ Յիշողութեան Մէջ

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.