Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պի.Պի.Սի.»-ի Հայ Եւ Թուրք Լրագրողները Թուրքիա Եկան` Իրենց Պատմութիւնը Գտնելու Համար

May 19, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-19-15_bbcԲրիտանական «Պի.Պի.Սի.» հեռատեսիլի-ձայնասփիւռի կայանը իր «Մեր աշխարհը» յայտագրի հաղորդումներէն մէկը նուիրած է Հայոց ցեղասպանութեան նիւթին:

«Պի.Պի.Սի.»-ի լրագրող Լարա Պետրոսեանին մեծ հայրը մէկն է այն քիչերէն, որոնք 1915-ին կրցած են ազատիլ տեղահանութենէն եւ նոր կեանքի սկսիլ արտասահմանի մէջ: Դար մը վերջ «Յիշելով հայերու կոտորածները» խորագրեալ հաղորդումի համար Լարա այցելած է իր հայ ընտանիքի Թուրքիոյ մէջ գտնուած ծննդավայրը` պարզելու համար, թէ ի՛նչ մնացած է իր հայկական արմատներէն: Իրեն ընկերացած է թուրք լրագրող Ռենկին Արսլան, որ փորձած է հասկնալ թէ ինչո՞ւ դպրոցի մէջ իրենց չեն պատմած «Հայոց ցեղասպանութեան» մասին: Լրագրողները միասին պարզած են, թէ որքա՛ն քիչ բան մնացած է հայկական մշակոյթէն ու համայնքէն: Իրենց ճամբորդութեան ընթացքին անոնք փորձած են ուսումնասիրել, թէ արդեօք թուրք հասարակութիւնը պատրա՞ստ է անկեղծօրէն քննարկելու անցեալը: Յայտնաբերելով անցեալի մասին իրենց ընտանիքներուն չափազանց տարբեր վարկածները` լրագրողները փորձած են հասկնալ, թէ ինչո՞ւ կը շարունակուի այդքան բարդ մնալ կոտորածներու պատմութիւնը պատմելը:

Լարա Պետրոսեան մեկնած է Վան` պարզելու, թէ ի՞նչ մնացած է իր նախնիներու ու հայերու հետքերէն, մինչդեռ Ռենկին Արսլան գացած է իր հայրենի բնակավայրը` հասկնալու, թէ ի՞նչ պատահած է հոն ապրող հայերու հետ:

Լարա Պետրոսեան իր ճամբորդութիւնը սկսած է Աղթամար կղզիէն ու Ս. Խաչ եկեղեցիէն, ուր ան հանդիպումներ ունեցած է տեղւոյն բնակիչներէն մէկուն հետ: Լրագրողը կը նշէ, որ ժամանակակից Վանի մէջ որեւէ հետք չկայ այն մասին, որ հոս հայեր բնակած են: Ան այցելած է հայերու թաղամասը, ուր այժմ միայն աւերակներ են, եւ որոնց մէջ հաւանաբար կը գտնուի նաեւ իր արծաթագործ մեծ հօր խանութը: Իր մեծ հայրը այդտեղէն փախած է 1915-ին:

«Ոչինչ մնացած է իմ ընտանիքի թաղամասէն, ո՛չ մէկ հասցէ, ուր կարելի է երթալ, ո՛չ մէկ դրացի, որոնց հետ կարելի է խօսիլ: Ոչի՛նչ: Կարծես թէ մենք երբեք գոյութիւն չենք ունեցած հոս», կը պատմէ լրագրողը:

Այնուհետեւ Լարա Պետրոսեան այցելած է Մուշ քաղաք, որ այսօր գլխաւորաբար բնակեցուած է քիւրտերով: Քաղաքին մէջ հայկական շէնքեր գրեթէ չկան: Ան փորձած է պարզել, թէ կա՞ն արդեօք ծպտեալ հայեր, որոնք տակաւին կ՛ապրին մահմետական այս քաղաքին մէջ: Պետրոսեան այցելած է հայկական մշակութային կեդրոն, որուն հիմնադիրը պատմած է, թէ ի՛նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ ու ապրիլ վախի մէջ:

Իսկ թուրք լրագրողը իր ճամբորդութեան ընթացքին հանդիպումներ ունեցած է թուրք ակադեմիկոսներէն Ճենկիզ Աքթարի հետ, որ կը պաշտպանէ 1915-ի դէպքերը ցեղասպանութիւն անուանելու տեսակէտը: Աքթար պատմած է, որ թուրք հասարակութիւնը վերջին տարիներուն աւելի հետաքրքրուած է Ցեղասպանութեան հարցով եւ Ցեղասպանութիւնը ժխտելու մասին պետութեան ջանքերը տապալած են:

«100 տարի առաջ իմ ընտանիքը հեռացած է այս հողերէն: Հակառակ որ դար մը անցած է, ես կը զգամ, որ 1915-ի սարսափելի դէպքերը բաց վէրքի նման կ՛արիւնին: Ես կ՛ապրիմ` յոյս ունենալով, որ օր մը այդ վէրքը պիտի սպիանայ», եզրափակած է Լարա Պետրոսեան:

Նախորդը

Մերձաւոր Արեւելքի Ապագան

Յաջորդը

«Մեր Մէջ Գտնուող Հայը»

RelatedPosts

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Գիտութիւն

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր

June 30, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Սառնամանիքի Սիրողական Բնագիտութիւն

March 11, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Բ. Պաղ Պատերազմէն Մինչեւ Արեւի Խուզարկու

December 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.