Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարցախոյզ Մը, Որ Շատ Բան Կը Բացատրէ. Թուրքիոյ Ժողովուրդն Ու Ակադեմականները Ինչպէ՞ս Կը Նային Հայկական Հարցին

Մայիս 19, 2015
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

ՕՐՃ (Անկողմնակալ հետազօտութիւններու կեդրոն) կոչուած հիմնարկութեան կողմէ թուրք քաղաքացիներու ու ակադեմականներու ուղղուած կարգ մը հարցումներ ցոյց տուին, թէ երկրին մէջ տակաւին որքա՛ն տարածուն է հայերու ու Հայաստանի նկատմամբ վերապահութիւնը: Անշուշտ այս վերապահութիւնը շատ աւելի յայտնի դարձաւ անոր համար, որ հարցախոյզը կը կատարուէր 17-20 ապրիլ թուականներու միջեւ, այսինքն` 1915-ի հարիւրամեակի մօտիկ թուականի մը:

Հարցախոյզը գործադրուեցաւ 38 նահանգներու մէջ 1420 քաղաքացիներու եւ ակադեմականներու ուղղուած հարցումներով եւ ղեկավարութեամբ պատմութեան դասախօս տոքթ. Քատիր Ուլուսոյի:

Երբ քաղաքացիներուն ու ակադեմականներուն հարցուեցաւ, որ ինչո՞ւ արեւմտեան աշխարհը այսքան շահագրգռութիւն ցոյց տուաւ Հայկական հարցին, մասնակցող քաղաքացիներուն 18,5 տոկոսը ըսաւ` «Որպէսզի քաոս եւ խառնակութիւն ստեղծուի»: Իսկ ակադեմականներուն 52,8 տոկոսը պատասխանեց` «Որպէսզի Թուրքիա նեղ կացութեան մատնուի, այսինքն Թուրքիոյ դէմ թշնամութեան համար է»:

Ուրիշ հարցում մըն էր այն, թէ թուրքերը ինչպէ՞ս կը նային Հայաստանին: Քաղաքացիներէն ոչ մէկը Հայաստանի համար «Բարեկամ երկիր» բացատրութիւնը գործածեց: Իսկ ակադեմականներու միջեւ ալ Հայաստանի համար «Բարեկամ երկիր» բացատրութիւնը գործածողներուն համեմատութիւնը մնաց 2,1 տոկոսի վրայ: Պատասխանողներուն մեծամասնութիւնը նախընտրեց գործածել «Դրացի երկիր» բացատրութիւնը:

Հարցումներէն մէկն ալ կը վերաբերէր 1915-ի դէպքերը միջազգային դատարանի մը քննարկումին յանձնելու առաջարկի մը: Հարցախոյզին պատասխանողներէն ոչ մէկը ասոր համակարծիք եղաւ, որովհետեւ բոլորն ալ կը հաւատան, որ միջազգային դատարանները Հայկական հարցի մասին անկողմնակալ որոշում մը չեն կրնար ընդունիլ:

Իսկ ժողովուրդը ի՞նչ կը մտածէ Եւրոմիութեան անդամակցութեան առնչութեամբ, ի՞նչ կը մտածէ Եւրոխորհրդարանի կողմէ Թուրքիոյ դէմ ընդունուած վերջին որոշումին մասին, այս հարցումին ալ հարցախոյզի պատասխանող քաղաքացիներուն 62,8 տոկոսը ուզեց, որ Թուրքիա, որպէս Եւրոխորհրդարանի որոշումին դէմ հակազդեցութիւն, առժամեայ կերպով առկախէ Եւրոմիութեան իր անդամակցութիւնը: Միայն 28,9 տոկոսը ուզեց, որ անդամակցութեան բանակցութիւններուն վերջ տրուի այլեւս: Իսկ ակադեմականները տարբեր տեսակէտ ունէին: Անոնց 39 տոկոսը կողմնակից եղաւ, որ բանակցութիւնները շարունակուին: Բանակցութիւնները առժամեայ կերպով առկախելու կողմնակից եղաւ ակադեմականներուն 29,3 տոկոսը:

 

Նախորդը

Ուրֆայի Եկեղեցին Ողբալի Վիճակի Մէջ

Յաջորդը

Էրտողանը Ծաղրեց, Շփացաւ Եւ Չարացաւ 2015-ին. «Ակօս»-ի Խմբագիր

RelatedPosts

Արցախի Մասին Հայ Դատի Յանձնախումբի Պատրաստած Թղթածրարը Յանձնուեցաւ Քանատայի Պաշտպանութեան Նախարար Հարժիթ Սաճճանի
Հայ Դատ

Արցախի Մասին Հայ Դատի Յանձնախումբի Պատրաստած Թղթածրարը Յանձնուեցաւ Քանատայի Պաշտպանութեան Նախարար Հարժիթ Սաճճանի

Մարտ 12, 2020
Կլոր Սեղան Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին Մէջ.   «Հայութիւնը Ներկայ Աշխարհաքաղաքական Եւ Ներազգային Մարտահրաւէրներու Դէմ Յանդիման»
Հայ Դատ

Կլոր Սեղան Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին Մէջ. «Հայութիւնը Ներկայ Աշխարհաքաղաքական Եւ Ներազգային Մարտահրաւէրներու Դէմ Յանդիման»

Յունուար 23, 2017
Նիքոլա Սարքոզի Հանդիպում Ունեցաւ Փարիզի Եւ Լիոնի Շրջանի Հայութեան Հետ
Հայ Դատ

Նիքոլա Սարքոզի Հանդիպում Ունեցաւ Փարիզի Եւ Լիոնի Շրջանի Հայութեան Հետ

Նոյեմբեր 19, 2016

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In