Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիւրամեակը

Մայիս 19, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵԴԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ-ԽՏԸՇԵԱՆ

«Ի՞նչ պիտի ըլլայ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նշումներուն գագաթնակէտը», եղաւ կրկներգը անցնող երկու տարիներուն: Ամէնուրեք ժողովուրդը  հարց կու տար եւ կը սպասէր, որ այս բոլոր ձեռնարկներուն գագաթնակէտով Հայոց հարցին լուծումը բերուած ըլլար, առնուազն կ’ակնկալէինք քաղաքական աքթ մը տեղի ունենար, իսկ թէ  ի՞նչն էր այդ,  բոլորիս համար ալ դժուար էր բանաձեւել:

Այսուհանդերձ, ակնկալութիւնները մեծ էին, եւ մտահոգութիւնները` բնական:

Յաճախակի արտայայտուած մտահոգութիւն մըն էր, թէ 100 տարի ետք Ցեղասպանութեան հարցը ժամանակավրէպ պիտի դառնա՞ր, մտահոգութիւնը`  թէ գալիք սերունդները ինչպէ՞ս պիտի կարենանք յանձնառու դարձնել եւ ինչպէ՞ս պիտի կանխենք անտարբերութիւնը ազգային գիտակցութեան սպառնացող օտար բարքերու ներխուժումին դէմ: Ասոնք դարձած էին  բոլորիս յաճախանքը:

Անցնող օրերուն, սակայն, բախտաւոր  ականատեսները եղանք աշխարհով մէկ տեղի ունեցած պատմական իրադարձութիւններու, բազմաթիւ հոյակապ ձեռնարկներու, իրադարձութիւններու եւ մշակութային  հոգեպարար արարումներու, Վատիկանէն  Հայաստան եւ սփիւռքի բոլոր գաղութներու մէջ, որոնք ցունամիի մը ուժգնութեամբ համաշխարհային  մամուլին ու տեղեկատուական միջոցներուն առաջնային լուրերը հանդիսացան` զգայացունց վերնագիրներով եւ նախաբաններով: Բոլորը անխտիր արձագանգեցին`  վերլուծելով, մեկնաբանելով, արխիւներու ցուցադրութեամբ, համակրանքի ալիք մը բարձրացնելով հայ ժողովուրդին հանդէպ:

Տեսանք եւ վկայեցինք մեր ժողովուրդին պոռթկումը  գաղութէ գաղութ  ու վկայեցինք բոլոր հայերու  եւ հեռացած հայերու հոգիին խորքէն պոռթկացող պապերու կանչին արձագանգելու` յիշել ու պահանջելու զայրոյթին:

Եւ  երբ մէկուկէս միլիոն նահատակներու  սրբադասման կարգը Ս. Էջմիածնի  Տրդատի նորակառոյց  տաճարէն, հայ եկեղեցւոյ զոյգ վեհապետութեան կրօնական խորհուրդի շքեղութեամբ պայծառացած` Էջմիածինի ու Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետներու աղօթքով սկիզբ առաւ, եւ պատարագիչին ու երգչախումբին սրտառուչ կատարողութեամբ դէպի երկինք առաքեցին «Ուրա՜խ լեր, սուրբ եկեղիցի»

Բովանդակ աշխարհով մէկ
Փռուած բոլոր եկեղեցիք հայահաւատ
Իրենց բոլոր զանգակներով ու զանգերով
Դէպի երկինք ղօղանջեցին`
Դռներդ բա՜ց
Եւ հայկական տաճարների բիւր բեմերից 
Ժամերգեցին`
Յարութեան վառ  մեղեդին
Փա՜ռք ի բարձունս
Օրհնեա՜լ ես դու:

Բազմահազար  հայորդիք փռուած աշխարհով մէկ արտասուելով պատարագեցին `

Ուրախ լեր, սուրբ եկեղեցի,
Քանզի երկիրս երկինք եղեն այսօր վերստին….

Այդ վայրկեանին ո՞վ չտեսաւ աստղաբոյլերը երկնքի մէջ, մեր բիւրաւոր անթաղ մեռելներու,   աստղիկներ դարձած,  երկինքէն լուսաւոր ժպիտով,  ոչ որպէս յուղարկաւորներ, այլ հարսնեւորներ այս անգամ,  կը դիտէին մեզ  բերկրանքով ու յաւիտենական խաղաղութեամբ:

Այո, հրաշք էր, որ կը պատահէր,  հարիւրամեակի հրաշքը, հարիւր տարիներ ետք կ՛ապրէինք համայնական սարսուռը մեր ուրախութեան ու յուզումի: Հարիւրամեակի գագաթնակէտը:

Հպարտ էինք ու հմայուած բոլորս կատարուածով, բոլորիս մտածումները կը կեդրոնանային մէկ երեւոյթի վրայ` հայրենի պետականութեան, ահա թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ, երբ պետութիւն ունիս եւ պետութիւնն է  կազմակերպողը,  երբ բոլորս միասին ենք  ու միացած:  Ահա հրաշքը հարիւրամեակին:

Մարդիկ միամտութիւն որակեն թերեւս մեր ապրած ուրախութիւնն ու սարսուռը, սակայն չեն  կրնար չտեսնել եղածին առհաւութիւնն ու  գեղեցկութիւնը,   պարզապէս սնափառութիւն պիտի ըլլային նման երեւոյթի մը նկատմամբ անհաղորդ կեցուածքն ու արհամարհանքը:

Հարիւրամեակի գագաթնակէտը կ’ամբողջանար Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յատուկ պատարագով  եւ  Սուրբ Պետրոսի հազարամեայ տաճարէն  հնչող դատապարտումով ու Ցեղասպանութեան մեղադրանքով` ուղղուած ցայսօր ժխտող թուրք պետութեան:  Ֆրանչիսկոս պապի յայտարարութիւնը մարդկութեան ուղղուած` հաստատելով, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը կը հանդիսանար առաջինը 20-րդ դարու պատմութեան մէջ, գործադրուած հրէշային եւ գազանաբարոյ  սպանդներով:

Եւ տակաւին Գրիգոր Նարեկացիի  Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետի կոչումի շնորհումը կը հանդիսանար Հայ եկեղեցւոյ տիեզերականութեան  արժեւորումը:

Տակաւին կան նահատակներու սրբադասման արարողութեան կարգը, քոյր եկեղեցիներու եւ քաղաքական ու պետական բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու ներկայութիւնը,  Ցեղասպանութեան նուիրուած համաշխարհային բարձր մակարդակով  գիտաժողովը,  Ռուսիոյ նախագահ Փութինի, Ֆրանսայի նախագահ Հոլանտի,  Սերպիոյ եւ Կիպրոսի  նախագահներու, ինչպէս նաեւ 30 երկիրներու բարձրաստիճան քաղաքական ներկայացուցիչներուն ապրիլ 24-ի ծաղկեպսակներու զետեղման արարողութիւնը ապրիլեան նահատակներու  յուշակոթողին ու անոնց արտասանած խօսքերը: Եւ տակաւին, Թուրքիոյ դաշնակից Գերմանիոյ նախագահին զգայնացունց յայտարարութիւնը, թէ Գերմանիան մեղսակից եղած է Հայոց ցեղասպանութեան գործողութիւններուն բանիւ եւ գործով եւ եղած սպանդն ու կոտորածները Ցեղասպանութիւն որակել` հրաւիրելով Թուրքիան առերեսուելու իր պատմութեան հետ, կը հանդիսանային  պատմական անշրջելի դէպքեր եւ կը պարտաւորեն միջազգային հանրութեանը յանձնառու դառնալու արդարութեան վերականգնումին:  Ասոր կ՛աւելնան նաեւ Աւստրիոյ եւ Չեխիոյ կառավարութիւններու Ցեղասպանութեան բանաձեւերու ընդունումը:

Ահա այս բոլորը  կը հանդիսանան  գագաթնակէտը 100-ամեակի ձեռնարկներուն:

Եւ տակաւին, աշխարհով մէկ հայութեան բողոքի ցոյցերն ու հրապարակային ձեռնարկները, միջազգային եւ տեղական լրատուամիջոցներու երկարաժամ սփռումներն ու վերլուծութիւնները, տեղական,  կրթական եւ քաղաքական հաստատութիւններու զօրակցութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան նշումներով` արտայայտելով իրենց  կեցուածքը,   բացայայտեցին իրենց քաղաքական կողմնորոշումը:

Իսկ Լիբանանի կրթութեան նախարարին որոշումը` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի առթիւ լիբանանեան պետական եւ անձնական բոլոր դպրոցները փակելու,  ոչ միայն զօրակցութեան արտայայտութիւն էր հայ ժողովուրդին Դատին, այլ նաեւ զուգահեռը կատարուեցաւ ՏԱՀԵՇ-ի բռնարարքներուն եւ ոճրային  գործողութիւններուն, որոնք տեղի կ’ունենան Իրաքի  եւ Սուրիոյ մէջ` յար եւ նմանը թուրք դահիճներու գործելաձեւին, որոնք դար մը առաջ սառնասրտութեամբ կոտորեցին հայ ժողովուրդը եւ տեղահան դարձուցին զիրենք հայրենիքէն: Այս բոլորը կու տան դաստիարակչական  պատգամ մը` զգաստացնելու նորահաս սերունդները կանխելու ցեղապաշտական,  ազգայնամոլ գաղափարաբանութիւնները, որոնք կ՛առաջնորդեն ցեղասպանութիւններու:

Ահա այսպէս, այս բոլորը կը հանդիսանան գագաթնակէտը  հարիւրամեակին: Հարիւր տարիներու  անդուլ ճիգերը, շրջանային տնտեսական-քաղաքական իրադարձութիւններու ազդեցութիւնը Եւրոպայի եւ Թուրքիոյ  վրայ,  կ՛ունենան իրենց բարենպաստ դերակատարութիւնը  Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հայանպաստ երեւոյթին վրայ:

Այսպէս նաեւ հարիւրամեակի գագաթնակէտով կը բացուին ժամանակակից մեր պատմութեան նոր էջերը,  քաղաքական, շրջանային նոր  ծալքերը կը բանան  մեր նոր  պայքարի, նոր ռազմաճակատները:

Իւրաքանչիւր յախուռն ու արի յայտարարութիւնը` մեր քաղաքական կրօնական կամ պետական ղեկավար այրերու կողմէ, հակադարձութեան արժանացաւ թուրք դիւանագիտական վատ  գործողութիւններուն:

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հարցադրումին` «Թէ ե՞րբ է տեղի ունենալու Հայոց Նիւրենպերկը», եւ «Դատ պիտի բանանք թուրք պետութեան դէմ եւ մեր եկեղեցիները պիտի պահանջենք» Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի  սպառնալիքին,  անդրադարձը եղաւ` Տէր Զօրի հայկական յուշահամալիրի ռմբակոծումն ու աւելի ուշ Քեսապի տեղահանութիւնն ու  քանդումները: Իսկ պաշտօնական դատի բացման յայտարարութեան հակադարձութիւնը եղան Հալէպի հայահոծ թաղերու ռմբակոծումները: Ո՞վ է ՏԱՀԵՇ-ը, որո՞ւ ցուցմունքներով կ՛առաջնորդուի, որո՞ւ վարձկան զինուորներն են: Նոյն վատն է թուրքը` վատ միջոցներով իր ոճիրները ծածկելու հրէշածին բնազդով առաջնորդուած:

«Հողերը պատերազմով կ՛առնուին» թուրք դիւանագէտներու արտայայտութիւնները մարտահրաւէր են մեր նորաբողբոջ պետութեան, իսկ հաշտութեան համաձայնութիւններու  արհամարհանքը ոտնակոխում է մարդկային իրաւունքներու եւ միջազգային  համաձայնագիրներու ու ուխտերու:  Պահ մ՛իսկ  կարելի չէ թուրքին վստահիլ: Միամտութիւն է թշնամիին մէջ մարդը փնտռելու ճիգը: Մենք պիտի  վստահինք միայն մեր ուժերուն եւ պիտի աշխատինք մեր պետութեան հզօրացումով, ռազմաքաղաքական զարգացումով,  մեր միացեալ ուժով արձագանգելու մեզի ուղղուած մարտահրաւէրներուն: Հայկական սփիւռքը հզօր է ու պատրաստ` վերակառուցելու մեր հայրենիքը:  100-ամեակը սկիզբը դրաւ գործունէութեան մը, եւ կրնանք համակարգուած ծրագիրներով, ներդաշնակ ու թափանցիկ գործակցութեամբ, ազգային գաղափարական սկզբունքներով առաջնորդուած պետական, քաղաքական,  տնտեսական այրերով համայնական գործունէութիւն ծաւալել:

Ասկէ յիսնամեակ մը առաջ մեր հայրերուն ապրած մղձաւանջն ու մտահոգութիւնները, թէ գալիք յիսնամեակին սփիւռքի մէջ հայ մնացած պիտի  ըլլա՞յ շարունակելու  պայքարը` կորած հայրենիքին վերատիրանալու, այսօր ինքնավստահօրէն կ՛ըսենք`  հանգչեցէք դուք անդորր, նահատակ եղբայրներ,  բովանդակ հայութիւնը  այսօր աւելի ուժեղ եւ աւելի բազմամարդ,  արի ու խրոխտ աշխարհով մէկ պոռթկաց իր զայրոյթը, եւ գալիք յիսնամեակներուն համար բովանդակ հայութիւնը երդուեցաւ ձեր  անթաղ մեռելներու անշիրիմ գերեզմաններուն վրայ եւ հայրապետական ուխտովը` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին,  Արարատեան դաշտէն` հայոց հազարամեայ պահապան Մասիսը վկայակոչելով ու Մասիսին ուղղելով` պիտի հասնինք Սրբազան Լեռ կատարիդ, ամրագրեց`  ձեր պատգամը, սիրելի՛ նահատակներ:

5 մայիս 2015
Պէյրութ, Լիբանան

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Ոգեկոչման Ձեռնարկներու Ծիրին Մէջ. Շնորհահանդէս` Երիտասարդ Բանաստեղծ Հատի Մրատի «Արման Ահիաա» Գիրքին

Յաջորդը

Անդրադարձ. Ռուսիոյ Դէմ Անգարայի Կեցուածքները

RelatedPosts

Կեանքէն Հեռացաւ Վաստակաւոր Բժիշկ, Մամուլի Ժրաջան Աշխատակից Եւ Ազգային Գործիչ Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Առաջին Հայ Բժշկուհին` Էլիզա Մելքոն

Մայիս 12, 2025
Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի
Անդրադարձ

Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի

Մայիս 12, 2025
«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար
Անդրադարձ

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?