Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեր Մէջ Գտնուող Հայը»

Մայիս 19, 2015
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

«Ճան» հրատարակչատունը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով հրատարակեց «Մեր մէջ գտնուող հայը» խորագրով գիրք մը (1915-2015):

Զանազան յայտնի թուրք գրողներու գրութիւններով կազմուած գիրքին խմբագիրն է Եիղիթ Պեներ, որ նախաբանին մէջ գրած է հետեւեալը. «Մենք, որպէս այս ծրագրի մասնակից գրագէտներ, բոլորս միասին տէր կը կանգնինք 1915-ին քաղաքական որոշումով մը այս հողերէն քշուած եւ բնաջնջուած հայ հայրենակիցներու յիշատակին: Հայեր երէկ մեր այս հասարակաց հայրենիքին մէջ գոյութիւն ունէին,  այսօր տակաւին կը շարունակեն գոյութիւն ունենալ եւ վաղն ալ պիտի շարունակեն գոյութիւն ունենալ: Այսինքն այս երկրի թէ՛ շաղախին եւ թէ՛ ապագային հայեր պիտի շարունակեն բաժին բերել: Այնպէս` ինչպէս այս գիրքին մէջ կը տեսնուի, մենք երբեք ու երբեք կողմնակից չենք, որ հայ ինքնութիւնն ու մշակոյթը հաւաքական կեանքէն ջնջուի»:

Գիրքին մէջ ցնցիչ ու հետաքրքրական յօդուածներ ունին բազմաթիւ յայտնի հեղինակներ: Նշենք անոնցմէ մէկ քանին ու յօդուածներուն խորագիրները. Մուրատհան Մունկան` «Հրանդին համար», Հիւսնիւ Արքան` «Թալէաթ փաշայի պաշտպանութիւնն է», Էնիս Պաթուր «Դուռ դրացի», Վիւեթ Քանեթի` «Հայ թռչունները», Ֆերիտ Էտկիւ` «1915-ը, այո՛, ցեղասպանութիւն», Էճէ Թեմելքուրան` «Սուտին յոգնութիւնը», Աքիֆ Քուրթուլուշ` «Հարիւր տարուան աներեսութիւն», Ահմետ Թելլի` «Ա՜խ, Մանուշեան», Մուրատ Ույուրքուլաք` «Սենեակին մէջ պտտող ուրուականը»: Ասոնք միայն մէկ մասն են ի մի բերուած յօդուածներուն:

Լրատուութեան մէջ իբրեւ օրինակ մը` հրատարակուած է Ույուրքուլաքի «Սենեակի մէջ պտտող ուրուականը» յօդուածը, ուր հեղինակը կը պատմէ, թէ իր մանկութեան շրջանին երբ մեծերը սենեակին մէջ զրուցելու ընթացքին, եթէ արկածով մը մէկը արտասանէր «հայ» բառը, յանկարծ սենեակին մէջ կը տիրէր տարօրինակ լռութիւն մը: Կարծես այդ պահուն յանկարծ ուրուական մը շրջիլ կը սկսէր սենեակին մէջ:

Այսքանը արդէն խօսուն է ու յայտնի է, թէ տակաւին ինչե՜ր պիտի պատմէ հեղինակը` իր ձայնը միացնելով բոլոր միւս հեղինակներուն, որոնք սրտի պարտք մը կը նկատեն բաժնել հայոց տառապանքը:

 

Նախորդը

«Պի.Պի.Սի.»-ի Հայ Եւ Թուրք Լրագրողները Թուրքիա Եկան` Իրենց Պատմութիւնը Գտնելու Համար

Յաջորդը

Խարբերդի Հայկական Եկեղեցին Պանդոկի Պիտի Վերածուի

RelatedPosts

Արցախի Մասին Հայ Դատի Յանձնախումբի Պատրաստած Թղթածրարը Յանձնուեցաւ Քանատայի Պաշտպանութեան Նախարար Հարժիթ Սաճճանի
Հայ Դատ

Արցախի Մասին Հայ Դատի Յանձնախումբի Պատրաստած Թղթածրարը Յանձնուեցաւ Քանատայի Պաշտպանութեան Նախարար Հարժիթ Սաճճանի

Մարտ 12, 2020
Կլոր Սեղան Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին Մէջ.   «Հայութիւնը Ներկայ Աշխարհաքաղաքական Եւ Ներազգային Մարտահրաւէրներու Դէմ Յանդիման»
Հայ Դատ

Կլոր Սեղան Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին Մէջ. «Հայութիւնը Ներկայ Աշխարհաքաղաքական Եւ Ներազգային Մարտահրաւէրներու Դէմ Յանդիման»

Յունուար 23, 2017
Նիքոլա Սարքոզի Հանդիպում Ունեցաւ Փարիզի Եւ Լիոնի Շրջանի Հայութեան Հետ
Հայ Դատ

Նիքոլա Սարքոզի Հանդիպում Ունեցաւ Փարիզի Եւ Լիոնի Շրջանի Հայութեան Հետ

Նոյեմբեր 19, 2016

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In