Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համախարբերդցիական Միութեան Կազմակերպած Պատանիներու Գեղարուեստական Հանդէսը` Նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին

May 18, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-03-15_TALENT-SHOWՀամախարբերդցիական միութեան կազմակերպութեամբ, 3 մայիս 2015-ին, «ՔԱՀԼ»-ի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Դէպի ակունք Բ.» պատանիներու գեղարուեստական հանդէսը` աշակերտներու, ծնողներու ու բարեկամ հայրենակիցներու ներկայութեան:

Իր բացման խօսքին ընթացքին Թագուհի Նաճարեան նշեց, թէ երկրորդ տարին ըլլալով` վարչութիւնը կը կազմակերպէ պատանիներու տաղանդները զարգացնելու եւ դրսեւորելու այս ձեռնարկը, որ այս տարի կը զուգադիպի Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին:  Պատեհ առիթ մը` շեշտելու, թէ թուրքը պարտուած է եւ հայը` վերապրելով ու ստեղծագործելով` յաղթանակած:

5-03-15_TALENT-KHARPERTԳեղարուեստական յայտագրին առաջին մասին ընթացքին յաջորդաբար իրենց բաժինը բերին մանուկ, ապա պատանի հայրենակիցներ` երաժշտական տարբեր գործիքներով, երգով ու ասմունքով, հետեւեալ հերթականութեամբ. Գարին Սարգիսեան ջութակով նուագեց Կոմիտասէն` «Լորիկ» եւ «Շողեր ջան»: Քրիսթել Պորոյեանի ասմունքէն ետք, Աքասիա Ազատեան դաշնամուրով նուագեց Արամ Խաչատուրեանէն: Մարինէ Փամպուքեան մեներգեց «Ողջոյն քեզ կեանք»: Անգամ մը եւս հնչեց Արամ Խաչատուրեան` Լիւսի Աւետիսեանի դաշնամուրի կատարողութեամբ, ապա Սթեֆանի Փափազեան ասմունքեց Նիկողոս Սարաֆեանէն «Ապրի՛» խրախուսիչ ոտանաւորը: Սէլի Սարգիսեան եւ աւելի ուշ Սագօ Սարգիսեան դաշնամուրով ծանօթացուցին ներկաներուն ճափոնցի երաժիշտ Եիրուման: Աննա Պարսումեան ասմունքով փոխանցեց` «Դերենիկը»-ին  պատգամը, իսկ Թամար եւ Յովիկ Կէտիկեաններ հաղորդակից դարձուցին խարբերդցիներու «Թամզարա» ազգագրական պարին: Արմիկ Հեքիմեան քլարինեթով ներկայացուց «Քամանչա» եւ «Ազգ իմ փառապանծ»: Իզապէլ Տիարպի հոգեշունչ եղանակով ասմունքեց Պարոյր Սեւակի «Ղօղանջ եղեռնական»-ը: Յակոբ Փամպուքեանի կիթառի մենանուագէն ետք, առաջնորդութեամբ Զաւէն Ստեփանեանի, հանդէս եկաւ Խարբերդի կիթառի անսամպլը` մասնակցութեամբ Յակոբ Փամպուքեանի, Սէրուժ Խանճիհանեանի, Գէորգ Աբանեանի եւ Խաչիկ եւ Քրիս Մարգարեաններու: Յայտագրին առաջին բաժնին փակումը կատարեց Նարեկ Հեքիմեանը սրինգով` նուագելով նախ Պախէն  ապա «Ղարաբաղցին»:

Յայտագրի երկրորդ բաժինը յատկացուած էր գծագրական տաղանդներու ցուցադրութեան: Վարչութեան ատենապետ` Ռուբէն Մանկասարեան բեմ հրաւիրեց ու ներկայացուց մասնակից պատանիներուն խումբը` Քրիստինա Աբրահամեան, Սարին Հալաճեան, Արաքսիա Կուրղիկեան, Էլի Գրիգորեան, Ներսէս Ներսէսեան եւ Սեւակ Տէր Կարապետեան, որոնց գծագրութիւնները կը զարդարէին սրահին մուտքը:

Հանդիսութեան բեմավարութիւնը կատարեցին Յովիկ եւ Թամար Կէտիկեանները` պարբերաբար նաեւ տեղեկութիւններ փոխանցելով Խարբերդի նահանգին մասին: Բեմավար Յովիկ Կէտիկեան իր խօսքը աւարտեց հետեւեալ տեսլականով` «Այսօր, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, մենք` խարբերդցի երիտասարդներս, կ’ուխտենք մի՛շտ հաւատարիմ մնալ մեր պապերուն մշակոյթին եւ աւանդին, եւ այսօրուան այս ձեռնարկը ամենամեծ փաստն է, որ մենք կա՛նք, կը գոյատեւենք եւ պիտի շարունակենք մեր երթը»:

Հանդիսութեան գեղարուեստական պատասխանատուն էր Զաւէն Ստեփանեան, որ ջանք չէր խնայած պատանիներուն ձիրքերը լաւագոյնս դրսեւորելու: Ռուբէն Մանկասարեանի քաջալերական եւ շնորհակալական խօսքով աւարտեցաւ գեղարուեստական յայտագիրը: Վարչութիւնը իր գնահատանքը յայտնեց  բոլոր մասնակիցներուն` հայրենիքի մէջ պատրաստուած «Անմոռուկ» յուշանուէրներով: Ներկաներու մտերմութիւնը խորացաւ կոկիկ հիւրասիրութեամբ:

 ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (18 Մայիս 1965)

Յաջորդը

«Անապատի Կանչը»

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.