Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կռիւը Կը Շարունակուի (Առանց Ծամծմելու Բառերը)

May 18, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Տէր Զօրի Նահատակաց մատրան ականահարում եւ 1915-ի նահատակներու աճիւններու սրբապղծում, Քեսապի վրայ յարձակում` հայ բնակչութեան տեղահանման հետեւանքով (շատ նման 1915-ի տեղահանման), Հալէպի «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնի ռմբակոծում, ինչպէս նաեւ` Քառասուն Մանկանց դարաւոր եկեղեցւոյ ականահարում (ո՛չ թէ ռմբակոծում. տարբեր բաներ են):

Ահաւասիկ ամէնէն ցայտուն օրինակները, թէ ինչպէ՛ս թրքական պետութիւնը պատերազմ կը մղէ ընդդէմ իր արդար իրաւունքներուն համար պայքարող հայութեան դէմ` օգտուելով Սուրիոյ մէջ մղուող պատերազմէն: Թրքական տրամաբանութեամբ` «ֆրսանթ պու ֆրսանթ»:

Թող ոչ ոք կասկած ունենայ այս ուղղութեամբ: Այնպէս մը չէ, որ ծայրայեղականները նոյնիսկ մզկիթներ բացէ ի բաց ականահարեցին, հետեւաբար մերն ալ այդ ընդհանուր մոլուցքին զոհ գնաց® մերժելի է այս մօտեցումը, որովհետեւ սխալ է: Այս յօդուածագիրին համոզումով, իրականութիւնը այն է, որ առաջին պարբերութեամբ նշուած օրինակները թրքական որոշումով գործադրուած արարքներ էին: Կարեւոր չէ, թէ որո՛ւ ձեռքով:

Կարելի է նաեւ մեղադրական շեշտով ըսել, թէ եղածը թրքական պատեհապաշտութիւն է: Բայց այս մօտեցումը զգացական հարթութեան վրայ է. իսկ պատերազմը ֆութպոլ չէ, որ չոր ու ցամաք օրէնքներ ունենայ (օրինակ` ձեռքով կարելի չէ դպնալ գնդակին, «օֆսայտ» կայ), իրաւարար ունենայ, որուն սուլիչը աւելի ազդու է, քան` կարգ մը երկիրներու սահմանադրութիւնը: Իրականութիւնը այն է, որ ամէն ինչ արտօնելի է պատերազմին մէջ: Կը հաւնի՞նք, չե՞նք հաւնիր, արդա՞ր է, անարդա՞ր է. ասոնք անկարեւոր բաներ են: Մենք հաշիւի պիտի նստինք չոր իրականութիւններուն հետ, հեռու` զգացական հարթութենէն:

Սա պատկերին մէկ մասն է: Միւս մասը այն է, որ ամբողջ հայութիւնը (սփիւռք թէ Հայաստան, ժողովուրդ թէ պետութիւն) իր ուժերը լարեց հարիւրամեակին առիթով: Քարոզչական առումով արձանագրուեցան լուրջ յաջողութիւններ, երբեմն նոյնիսկ աննախընթաց: Քաղաքական իմաստով եւս մեզի ի նպաստ արձանագրուած կէտերը արհամարհելի չէին, Վատիկանէն սկսեալ: Ամէնէն կարեւորը սակայն` ըստ այս յօդուածագիրին համոզումին, հայկական կողմը ճանաչման հանգրուանէն անցնելով` հատուցման հանգրուան թեւակոխեց: Անկախ անկէ, թէ «պահանջատիրութիւն», «հատուցում», թէ «Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացում» բառերը կը գործածենք:

Իրերու այս դրութեան մէջ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը դատ բացաւ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ, Սիսի կաթողիկոսարանին վերատիրացման պահանջով: Այս մէկը պէտք է նկատել թրքական դիրքերու «ռմբակոծում»` հայկական կողմէն:

Թուրքիա տակաւին չսթափած այս «ռմբակոծում»-ի որոտէն` հիմա կը դիմագրաւէ այլ հաւանական յարձակողական մը, այս անգամ` Ս. Էջմիածինէն, երբ Գարեգին Բ. վեհափառը յայտարարեց, թէ մասնագիտական մակարդակով կը քննուի Ս. Էջմիածինի եկեղեցապատկան կալուածները իրաւական միջոցներով պահանջելու հարցը: Այսինքն` դատ-դատաստանով: Այս մէկը կրնայ նշանակել ո՛չ միայն Կարսի Առաքելոց եկեղեցին, այլ նաեւ` ամբողջ Անիի տարածքին գտնուող հայկական դարաւոր եկեղեցիները, ինչպէս նաեւ` ներկայ Հայաստանի Հանրապետութեան արեւմտեան սահմանէն մինչեւ 1914-ի օսմանեան-ցարական սահմանագիծին գտնուող բոլոր եկեղեցիներն ու կրօնական յուշակոթողները: Սա անշուշտ իրաւագիտական երես ալ ունի եւ տրամաբանական պիտի ըլլայ ենթադրել, որ վեհափառին յայտարարութիւնը հաւանաբար կը վերաբերի ճիշդ այս հանգամանքին:

Թող ո՛չ ոք ունենայ այն պատրանքը, որ ջուրը չտեսած բոպիկնալու (կամ Կիկոսի) տրամաբանութեամբ կ՛առաջնորդուի այս յօդուածը: Բնա՛ւ երբեք: Բայց փաստը այն է, որ եթէ պատերազմի տրամաբանութեամբ մօտենանք (ուրիշ տրամաբանութիւն գործածելը սխալ պիտի ըլլար), թէ՛ Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին առած քայլը եւ թէ՛ Ս. Էջմիածինէն կատարուած յայտարարութիւնը ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ-թրքական դիրքերու «ռմբակոծում» կամ հայկական «յարձակողականի» շարունակութիւն:

Այնպէս որ, կռիւը կը շարունակուի:

[email protected]

 

 

Նախորդը

Թրքական Մտատանջութիւնը Հայկական Հողային Պահանջներուն Նկատմամբ

Յաջորդը

«Ճանաչման Գործում Թուրքիան Տանուլ Է Տուել». Երուանդ Փամպուքեան

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ամերիկեան Միջանկեալ Ընտրութիւններու Հետեւանքները

November 10, 2026
Հայ Գիրքի Համահայակական Փառատօն-Ցուցահանդէսի Ծիրին Մէջ Չորս Գիրքերու Շնորհահանդէս
Անդրադարձ

Հայ Գիրքի Համահայակական Փառատօն-Ցուցահանդէսի Ծիրին Մէջ Չորս Գիրքերու Շնորհահանդէս

November 10, 2026
Իսկական Ընկերութիւնը Չի Սահմանափակուիր Ժամանակով Ու Տարածութեամբ, Ան Կը Շարունակէ Ապրիլ Յիշողութեան Մէջ
Անդրադարձ

Իսկական Ընկերութիւնը Չի Սահմանափակուիր Ժամանակով Ու Տարածութեամբ, Ան Կը Շարունակէ Ապրիլ Յիշողութեան Մէջ

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.