Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցեղասպանութեան Ներկայութիւնը Հայու Կեանքին Մէջ

May 18, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼՈՌԻ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

_DSC075224 ապրիլ 1915, ամէն հայու մտքին, սրտին եւ գիտակցութեան մէջ քանդակուած թուական մը:

Ապրիլ 24-էն կը յիշեմ, տակաւին հազիւ չորս տարեկան փոքր աղջնակ մըն էի , փունջ մը կարմիր վարդերով ծնողքիս հետ կ՛երթայինք Պիքֆայայի ապրիլեան նահատակաց յուշարձանին տակ զետեղելու: Շատ բան չէի հասկնար այդ տարիներուն: Հսկայ եւ գեղեցիկ արձան մը , մատուռ մը, ուր կը մտնէինք մոմ վառելու, եւ ես առանց հասկնալու, կէս ճիշդ կէս սխալ, «Հայր Մեր»-ը կ’ըսէի եւ կը պահանջէի, որ կառքին մէջ նստած հազիւ մէկ տարեկան եղբայրս ալ ըսէ: Վերադարձին, Անթիլիասի մայրավանք հանդիպելով, մատուռին առջեւ աղօթք մըն ալ հոն կ՛ընէինք, քիչ մը բակը կը վազէինք , կը խաղայինք եւ վերջ:

Այսպէս տարիները անցան, մենք մեծցանք, այս անգամ մեր պարտականութիւնը աւելի էր: Մենք մաս կը կազմէինք ՀՄԸՄ Պէյրութի սկաուտական շարքերուն: Ես արծուիկ, եղբայրս մոկլի, իւրաքանչիւր ապրիլ 24-ի առաւօտ ժամը 7:30-ին պէտք էր ներկայ ըլլայինք «Ազատամարտ» ակումբ ` մասնակցելու տողանցքի մը ակումբէն մինչեւ հայ կաթողիկէներու պատրիարքարան, հոն ծաղկեպսակ զետեղելու 1915-ի ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Տարիները անցան, եւ մենք սկսանք ապրիլ 24-ի իմաստը գիտնալ ընտանիքի, դպրոցի եւ ակումբի դաստիարակութենէն: Պահանջատիրական ոգիի մը ներկայութիւնը կը զգայի մէջս: Պէտք էր պահանջէինք մեր իրաւունքները եւ մեր բոլոր իրաւունքները: Յաջորդ ապրիլ 24-ին ի՞նչ պիտի ընէինք, կը սկսէինք մտածել, թէ ինչպէ՛ս կրնանք արտայայտել մեր բողոքը, պահանջել մեր իրաւունքները, մասնակցեցանք բազմաթիւ  քայլարշաւներու եւ ձեռնարկներու:

Պահանջատիրութիւն, Թուրքիա, զոհեր, նահատակութիւն, թշնամի, հող: Կը մտածեմ եւ կը ցաւիմ ամէնէն աւելի հօրս մեծ մօր եւ մեծ հօր համար, որոնց ընտանիքները ջարդուած են: Այսինքն հայրս իր հօրը եւ մօրը կողմէն ոչ մէկ անմիջական ընտանեկան պարագաներ ունեցած է: Բոլորը ջարդուած են… բոլորը… եւ անոնց նման` շա՜տ ու շա՛տ… եւ այսպէս աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայեր: Ինչպէ՞ս մոռնալ ապրիլ 24-ը, ինչպէ՞ս չյիշել ապրիլ 24-ը:

24 Ապրիլ 1915-էն 2015: 100-ամեակ:

Անցեալ տարուընէ ի վեր արդէն իսկ սկսած էինք խօսիլ բարեկամներու եւ ընկերներու հետ, թէ ինչպէ՛ս պիտի ոգեկոչուի հարիւրամեակը: Կեանքի պայմաններս այնպիսին եղան, որ ես 24 ապրիլ  2015-ին կը գտնուէի Չինաստանի հիւսիս-արեւելքը գտնուող Շէնեանկ շրջանը, Շէնեանկ Նորմըլ համալսարանին մէջ չորս ամիս ուսանելու նպատակով: Մարտ ամսուն սկսայ մտահոգուիլ, թէ ապրիլ 24-ին ինչ պիտի ընեմ: Ամէն օր լուրերը կ՛առնէի, թէ ինչե՜ր կազմակերպուած են հայրենիքի եւ զանազան գաղութներու մէջ: Վրայ հասաւ Ֆրանչիսկոս պապին պատմական յայտարարութիւնը, Ամենայն Հայոց վեհափառ հօր եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հօր վատիկանեան պատգամները: Այս բոլորը , ինչպէս ամէն հայու, իմ սիրտս ալ կը յուզէին: Հպարտ էի հայու զաւակ ըլլալուս, մեծ ազգ եղած ենք, հայ՛ եղած ենք: Չէի կրնար հանգիստ քնանալ, ես Չինաստան, մինակս, առանձին հայ մը, ապրիլ 24-ը որո՞ւ հոգ: Շէնեանկ Նորմըլ համալսարանին մօտ կը գտնուի Յիսուսի Սուրբ Սիրտ անունով եկեղեցի մը, որ կաթողիկէ համայնքին կը պատկանի,եւ ես սովորութիւն ըրած էի ամէն կիրակի հոն երթալ: Ապրիլ 24-էն մէկ կիրակի առաջ որոշեցի երթալ եւ հոն վարդապետին հետ խօսիլ. յաջողեցայ, բացատրեցի հայր Ճոնին, թէ ես Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ կը պատկանիմ, եւ թէ` ապրիլ 24-ը մեզի համար կարեւոր թուական մըն է: Տեղեկութիւններ տուի եւ խնդրեցի, որ յաջորդ կիրակի օրուան արարողութիւնը նուիրուի մեր նահատակներու յիշատակին: Հայր Ճոնը արդէն լուր ունեցած էր պապին յայտարարութենէն: Ինձմէ խնդրեց, որ պզտիկ ներկայացում մը պատրաստեմ հայութեան պատմութեան եւ այդ ջարդերուն մասին: Ուրախութիւնս մեծ էր , անմիջապէս եկայ սենեակ եւ սկսայ պատրաստութեան: Ըստ մեր համաձայնութեան, չորեքշաբթի ղրկեցի վարդապետին, որ հաւանութիւնը տայ: Օրը հասաւ, կիրակի, 26 ապրիլ 2015: Եկեղեցին լեցուն էր, եւ ես պատրաստ էի: Վարդապետը խնդրեց, որ յառաջանամ եւ առջեւ նստիմ: Նստարանին առջեւն էի, կարծէք մէկուկէս միլիոն նահատակներուն առջեւ ծունկի եկած էի , մեծ էր հոգեկան գոհունակութիւնս: Վարդապետը սկսաւ Ս. պատարագը եւ յայտարարեց, թէ այս օրուան եկեղեցական արարողութիւնը նուիրուած է Հայոց ցեղասպաննութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակին:

Արարողութիւնը ընթացք առաւ, եւ աւելի ուշ զիս հրաւիրեցին, որպէսզի ներկայացումս կատարեմ:

«Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ»: 100-ամեակի կարգախօսով սկսայ ներկայացումս. հայութեան պատմականը ներկայացուցի, ապա շեշտը դրի Ցեղասպանութեան վրայ: Նկատեցի, որ ներկաները լուռ ու մունջ կը դիտէին փաուըր փոյնթով ներկայացուցած նկարներս` ոմանք ապշած, ուրիշներ իրենց գլուխները շարժելով: Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, վարդապետը խորանէն իջաւ եւ ինծի տուաւ հաղորդութիւն: Եկեղեցւոյ մէջ ամէն բան անգլերէնով եղաւ, ելանք բակ, արդէն իսկ շրջապատուած էի չիներով, ամէն կողմէ` հարցումներ, լուսաբանութիւններ եւ զօրակցութիւններ:

Անգի՛ն նահատակներ, հարազատներ, թող որ հանգչին ձեր ոսկորները, ուր որ են: Մինչեւ Չինաստանի խորքերը եթէ մէկ հայ կայ, ձեզ պիտի չմոռնայ, թող աշխարհ գիտնայ, թէ հայը ո՛վ է :Թող Թուրքիան գիտնայ, թէ հայը ո՛ղջ է:

 

 

Նախորդը

Մտածումներ Աշխատանքի Անժամանցելիութեան Եւ Սերնդափոխութեան Մասին. Րոպէներէն Անդին, Պայքա՜ր` Ճակատագրի Դէմ

Յաջորդը

Հեռուներէն Եկող Երթ

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ամերիկեան Միջանկեալ Ընտրութիւններու Հետեւանքները

November 10, 2026
Հայ Գիրքի Համահայակական Փառատօն-Ցուցահանդէսի Ծիրին Մէջ Չորս Գիրքերու Շնորհահանդէս
Անդրադարձ

Հայ Գիրքի Համահայակական Փառատօն-Ցուցահանդէսի Ծիրին Մէջ Չորս Գիրքերու Շնորհահանդէս

November 10, 2026
Իսկական Ընկերութիւնը Չի Սահմանափակուիր Ժամանակով Ու Տարածութեամբ, Ան Կը Շարունակէ Ապրիլ Յիշողութեան Մէջ
Անդրադարձ

Իսկական Ընկերութիւնը Չի Սահմանափակուիր Ժամանակով Ու Տարածութեամբ, Ան Կը Շարունակէ Ապրիլ Յիշողութեան Մէջ

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.