Նամականի. «Քրտստան Կամ Արեւմտեան Հայաստան»
ԵՐՈՒԱՆԴ Հ. ՔԱՍՈՒՆԻ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Հայկական հարցի հետ հեռուէն կամ մօտէն առնչուած որեւէ յօդուած կամ ուսումնասիրութիւն անմիջական ուշադրութեան առարկայ է հայ մամուլին: Այդ գրութիւններուն մէջ առանձին կարեւորութեան կ՛արժանանան քիւրտ-թուրք առնչութիւններ արծարծողները` յուսալով, որ հոն հայոց ի նպաստ քանի մը տող կարելի կ՛ըլլայ գտնել: Կը հաւատանք, որ այդպիսի բարեմտութեամբ «Ազդակ»-ի 7 յուլիսի 2015 թուակիրի 5-րդ էջին վրայ հրատարակուած է...




















