Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խաղաղութիւն

January 20, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹԱՄԱՐ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ-ԳՈՒԶՈՒԵԱՆ

Երբ տակաւին զեփիւռն անուշ,
Իր գրկին մէջ զիս կ՛օրօրէր,
Ու արեւի քնքուշ դէմքը
Իր ջերմութեամբ կը պարուրէր
Մանուկ ու վառ, խելառ հոգիս,
Կիրակնօրեայ զանգերուն մէջ երկնային,
Չքնաղ երազ, երկա՜ր քեզ փնտռեցի:

Քեզ փնտռեցի հանապազօրեայ արեւին մէջ լուսաշող,
Գարնանամուտի ծաղիկներուն կապոյտին մէջ արեւկող,
Երամաբար սաւառնող թռչուններու սլացքին
Ու ալեկոծ ծովափին արծաթներուն մէջ անմոռ,
Խաղավայրէ խաղավայր, երբ
Նորափթիթ հոգիս երազներու եթերին մէջ կ՛երերար:

Քեզ փնտռեցի բարձր ու անհոգ քրքիջին մէջ ամէն մանուկի,
Դառն ու վշտոտ արցունքին մէջ ամէն մամիկի,
Խանդող ու շող դէմքին ամէն սիրածի,
Արծաթ ու տաք քրտինքին մէջ ամէն բանուորի,
Քեզ փնտռեցի աչքերուն մէջ բոցավառ
Տունդարձի շեմին` ամէն դիւցազնի:

Անվե՜րջ փնտռեցի քեզ, երկինքը պատռող հրթիռներու սուլոցին
Ու քար առ քար վար թափող յիշատակի փշուրներուն մէջ անեղծ,
Երբ ծնկաչոք` մանուկ ձայնս բարձրացուցի առ Աստուած,
Սակայն ափսո՜ս, յիշատակի փշուրներուն պէս անեղծ
Ձայնս դողդոջ` թաւալգլոր ինկաւ ցած,
Սուլոցներու տարափներուն դէմ յանդէմ…

Ու վերջապէ՜ս, փնտռեցի քեզ հոգւոյս խորը թաքնուած
Տուփիկին մէջ, ուր կը պահեմ բանալին այդ մոգական,
Երազներու, իղձերու… սակայն աւա՜ղ…
Խաղաղութի՜ւն. աշխարհի ծա՞ղրն ես միթէ,
Մի՞թէ քեզ փնտռելու է միայն
Անշարժներու անդաստանին մէջ անծայր…:

17 յունուար 2015

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (20 Յունուար 1965)

Յաջորդը

Վիրահայոց Թեմը 442 Եկեղեցիներու Վերադարձը Կը Պահանջէ Վրաստանի Կառավարութենէն

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.