Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ամօթ Կը Զգամ ». Հրանդ Տինքի Սպանութեան Դատավարութիւնը

Յունուար 19, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԱԼԲԻ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ

«Առանց հանդիսատեսի զուլում չ՛ըլլար…
Ա՛յս հողերուն վրայ ալ` զուլում ընողը իր ուժը
Լուռ հանդիսատեսներէն առած է… միշտ ու
միշտ իր հանդիսատեսներով զօրացած է…

Շա՜տ ափսոս, որ զուլում ընողին հանդիսատեսներուն լուռ հաւանութեամբ գործուած «ՄԵՂՔԸ» մեղք ըլլալէ դադրեցաւ… հանդիսատեսներու լուռ հաւանութեան պատճառով մեղք գործողները չդատուեցան… հետեւաբար գործուած մեղքերը անպատիժ մնացին…»

ՖԵԹՀԻՅԷ ՉԵԹԻՆ

10937328_778732322203507_746822929_nՀրանդ Տինքի փաստաբան Ֆեթհիյէ Չեթին, Թուրքիոյ տարածքին մեծ աղմուկ բարձրացուցած իր «Մեծ մայրիկս» (2004) եւ «Թոռներ» (2009) գիրքերէն ետք , 2013-ի վերջերուն հրապարակ եկած իր «Ամօթ կը զգամ. Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութիւնը» արժէքաւոր նորատիպին ընդմէջէն, կտրել-անցնելով երկրին քաղաքական թապուներուն բոլոր կարմիր գիծերը, մատնացոյց կ՛ընէ եւ կը դատապարտէ Թուրքիոյ պետութեան բաղկացուցիչ` քաղաքական, իրաւական, արդարադատական, լրատուական եւ առնչակից բնագաւառներու բարոյազուրկ եւ նենգաւոր կառոյցները…

Ֆեթհիյէ Չեթին Հրանդ Տինքի սպանութեան «գործողութեան» մանրամասներուն անմիջական վկաներէն մէկն է… ան քայլ առ քայլ, րոպէ առ րոպէ Հրանդ Տինքի հետ եղած էր, երբ ոճիրէն առաջ անոր դէմ բացուած անհիմն դատերը անոր շուրջ լինչի ահաբեկչական մթնոլորտը ստեղծած էին…

«Ամօթ կը զգամ. Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութիւնը» գիրքը ամէն բանէ առաջ այս վաւերական վկայութեան պատմութիւնն է…

Ֆ. Չեթին մեկնելով դատական համապատասխան ատեաններուն ներկայացուցած` Հրանդ Տինքի ոճիրին մասին իր գիտցածներուն, նկատածներուն եւ յայտնաբերածներուն մեծ մասին, գիտակցաբար հարցաքննութեան նիւթ չդառնալու հանգամանքներէն, ձեռնարկած է այս արժէքաւոր եւ միանգամայն խիստ պատասխանատու գործին, որուն ընդմէջէն յանուն կատարուածը չմոռնալու, իրականութիւնը յայտնաբերելու եւ արդարութիւն պահանջելու իր կոչով, ո՛չ միայն Թուրքիոյ, այլ միջազգային հանրային կարծիքին եւ արդարադատութեան ատեաններուն ուշադրութեան կը յանձնէ հետեւեալը.

«Հրանդ Տինքի ոճիրը, իր նմաններէն շատերու օրինակով, Էրկենեքոնէն ալ անդին, աւելի խորունկ կառոյցի մը ծրագիրով գործուած է… յիշեալ կառոյցին հետքերը տեղ գտած են բացուած դատի թղթածրարներուն մէջ: Այս դատին ուղղութեամբ կատարելիք էական գործը այդ թղթածրարներուն մէջ ծուարած հետքերու հետապնդումն է, որոնց շարքին` Հ. Տինքի ոճիրին թղթածրարները, Էրկենեքոնի դատին թղթածրարները, դատախազ Տողան Էոզի, Ապտի Իփեքչիի եւ դեռ բազմաթիւ այլ թղթածրարներու անտեսումը եւ յայտնաբերուած հետքերուն քողարկումը կը սպասեն տուեալ նշաններու հետքերով առաջնորդուող դատախազներու: Հարկաւոր է վճռակամութեամբ հետեւիլ ձեռք բերուած հետքերուն եւ նշաններուն` միշտ ի մտի ունենալով, որ ուժը արդարութեան, այլ ո՛չ փաստացի տուեալները շրջանցելուն մէջ է…

Այո՛, մեր պատմութիւնը լի է հաշուետուութեան ենթակայ չեղած յանցագործութիւններով եւ կարգ մը ոճիրներու գործադրողները դատական ատեաններէ հեռու պահելով… մենք այս ամօթը շատոնց կը զգանք, սակայն չենք ուզեր, որ գալիք սերունդները ամօթի այս նոյն զգացումը ունենան, այս ուղղութեամբ պատասխանատու ենք գալիք սերունդներուն առջեւ…

Եւ ահա՛, այս գիրքը կոչ մըն է, որ յաջորդ սերունդներուն այս ամօթէն մաքրուած ապագայ մը ընծայենք…»:

Գիրքը կը բաղկանայ երկու հիմնական մասերէ, որոնց կը նախորդէ հեղինակին «Ա՛լ սուգ պիտի պահեմ…» յօդուածը (օրին լոյս տեսած` «Ազդակ»-ի 2010, յունուար 19-ի թիւով): Առաջին մասի «Յունուար 19-էն առաջ» ընդհանուր վերնագրի տակ յաջորդաբար կը ներկայացուին «Ծանօթացում», «Դատեր, հարցաքննութիւններ», «Ի՞նչ պատահած էր», «Գերագոյն ատեանին դիմում» եւ «Նոր դատեր, սպառնալիքներ» նիւթերը: Երկրորդ մասի «Գիտցածներս եւ նկատածներս» ընդհանուր վերնագրի տակ կը ներկայացուին հետեւեալ նիւթերը` «Ուշադրութիւն գրաւող «յատուկ» անձեր, սեւցնող եւ քողարկող գործունէութիւն», «Խորունկ կառոյցներ, գաղտնի բանակներ», «Դատախազութեան օրակարգերուն մէջ մնացած տեղեկութիւններ» եւ «Խոստումդ, խոստումս պիտի կատարեմ, Հրա՛նդ»:

Պարզ եւ հաղորդական ոճով, բայց խորաբովանդակ պատկերաւորութեամբ գրուած Ֆ. Չեթինի գիրքը ո՛չ միայն լուսարձակի տակ կը բերէ Տինքի սպանութեան մանուածապատ արարքը, այլ ձեռք բերուած յետին մանրամասնութիւններով կը նկարագրէ «ՏԻՆՔԻ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆԸ»` միանգամայն քողազերծելով անոր եւ իր նմաններուն ետին գտնուող Թուրքիոյ պետութեան գաղտնախորհուրդ կառոյցին շերտերը…

Հակառակ իր բոլոր հարցադրումներուն պատասխանները ունենալուն` Ֆ. Չեթին իր այս գիրքով երկրին բազմաշերտ եւ բազմագոյն հասարակութիւնը կը մղէ յատկապէս հարցումի մը պատասխանը փնտռելու`

«Ինչպէ՞ս կարելի դարձնել լիարժէք արդարութեան իրականացումը… այլ խօսքով` ինչպէ՞ս մղել երկրին համապատասխան կառոյցները` հրաժարելու իրենց ամպհովանիին տակ գտնուող իրական յանցագործները պահելէ, որոնք հեռու մնալով արդարութեան դատաստանէն` կը շրջին Անգարայի խորախորհուրդ միջանցքներու բաւիղներուն մէջ` հաւանաբար սպասելով պետական պատուէրներով նոր ոճիրներ գործելու հրահանգին:

Գիրքէն կը տեղեկանանք նաեւ, որ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը գործողները չեն սահմանափակուիր կառավարութեան Անգարայի միջանցքներուն մէջ, արդարութեան դատաստանէն հեռու պահուող տարրերով, որոնց կարգին, Ֆ. Չեթինի կատարած մատնանշումով` «Իսթանպուլի մամլոյ պալատներուն մէջ շրջող, յանցագործութեան մասնակից այլ տարրեր, որոնց առնչումը այս դատին հետ շատ կարեւոր է…»: Ըստ Չեթինի, մամլոյ որոշ ներկայացուցչութիւններու գլխաւոր դերակատար կը համարուի «Հիւրրիյէթ» թերթը, որուն գլխաւոր խմբագիրը` Էրթուղրուլ Էօզքէօք կ՛ամբաստանուի նաեւ Տինքի սպանութեան շուրջ հանրային կարծիքը մոլորեցնելու եւ զայն անոր դէմ տրամադրելու առաքելութեան գլխաւոր դերակատարը ըլլալուն համար վարքագիծ մը, որ արդէն հրապարակային մակարդակով ամբաստանութեան տուն տուող  պատճառ է, նուազագոյնը` հարցաքննութեան կանչելու տուեալ մեղադրեալը…

Սոսկական ոճիրի հանդէպ կրաւորական կեցուածք ունենալ, անտարբեր հանդիսատես ըլլալ` միանշանակ լուռ մեղսակցութիւն կ՛ենթադրէ… այլ խօսքով` տուեալ ոճիրին մասնակից ըլլալ կը նշանակէ…

Եւ ահա, այսպէս, մասնակից-մեղսակիցներու եւ անտարբեր հանդիսատեսներու լուռ հաւանութեամբ տեղի ունեցաւ 20-րդ դարու առաջին եւ մեծագոյն ցեղասպանութիւնը…

Հետագային նոյն այդ հաւաքականութեան լուռ հաւանութեամբ ամրագրուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան ուրացումի քաղաքականութիւնը…

Նոյն այդ մասնակից-մեղսակիցներու եւ անտարբեր հանդիսատեսներու լուռ հաւանութեամբ սպաննուեցաւ, արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան ի խնդիր բացուած ճակատներու ամենաթեժ գօտիին  վրայ պայքար մղող Հրանդ Տինք…

Եւ ո՛չ միայն այդքան:

11915_hrant-dinkԹուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հրանդ Տինքի սպանութեան միջեւ երկարող ժամանակահատուածին մէջ ցեղասպանութեան համազօր դեռ որքա՜ն ոճիրներ գործուած են, դեռ որքա՜ն ոճիրներ կը գործուին այսօր, դեռ որքա՜ն ոճիրներ պիտի գործուին ե՛ւ վաղը, եթէ չդատապարտուի Հայոց ցեղասպանութեան մեղքն ու ամօթը կրող Թուրքիոյ պետութիւնը, եթէ գործուած եւ գործուող ոճիրներու բոլոր հանդիսատեսները չզգաստանան եւ հայերու ծով արեան ու անգնահատելի հարստութեան վրայ իրենց սին փառքը կառուցած Թուրքիոյ պետութենէն հաշիւ չպահանջեն…

Իր «Ամօթ կը զգամ» գիրքով այս կը թելադրէ Ֆեթհիյէ Չեթին եւ յանուն լիարժէք արդարութեան իրականացման` կոչ կ՛ուղղէ Թուրքիոյ հանրութեան`

«Ա՛լ հրաժարիլ գործուող մեղքերուն հանդիսատեսը ըլլալէն…»:

Հետամուտ ըլլալ իրականութեան բացայայտումին, պարզապէս որովհետեւ անպատիժ մնացած մեղքերը նորերը գործելու նախօրօք պատճառաբանուած պայմաններ կը ստեղծեն:

Ֆեթհիյէ Չեթինի «Ամօթ կը զգամ. Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութիւնը» գիրքը Թուրքիոյ պետութեան բոլոր կարմիր գիծերը անցած` փաստաթուղթերու խիզախ վաւերագրութիւն մըն է, որ կոչուած է հիմք ու ատաղձ դառնալու արդարութեան հետամուտ տարրերու առաքելութեան` միաժամանակ դառնալով երկրին հասարակութեան ուղուած կոչ` քննութեան ենթարկելու իրենց խիղճը, ապա յանուն արդարութեան` գիտակցելու իրենց պարտաւորութիւններուն եւ կրելու իրենց պատասխանատուութիւնը, այնպէս` ինչպէս կը մտածէր, կը զգար ու կը գործէր Հրանդ Տինք, որուն միակ յոյսը երկրին հասարակական խիղճի արթնացումն էր…

Հրանդ Տինք կը փայփայէր այդ խիղճի արթնացման երազը եւ կը հաւատար, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը պիտի նշանաւորուէր Թուրքիոյ հասարակութեան արթնցած խիղճին յաղթանակով… այն խիղճին` որուն մասին կ՛ըսէր.

«Իրական դատաւորը ժողովուրդներն ու անոնց խիղճն է…

Ինչպէս իմ խիղճիս դէմ, այդպէս ալ ժողովուրդին խիղճին դէմ չի կրնար պայքարիլ ո՛չ մէկ պետութեան խիղճը…»:

Հալէպ
Յատուկ «Ազդակ»-ին

Նախորդը

Լիբանան Ապահովական Ցնցումներու Դէմ Յանդիման Կը Գտնուի

Յաջորդը

Հայասիրտ Հրանդ Տինքի «Ծակ» Կօշիկները` Ընդդէմ Թուրք Պետական Իրաւական Նենգութեան (19 Յունուար, 2007)

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?