Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժողովուրդը Իրաւաբանական Եզրերով Չէ, Որ Պէտք Է Հանգստանայ. Շիրակի Թեմի Առաջնորդ

January 19, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ», «ԵՐԿԻՐ ՄԵԴԻԱ»

0116Gumri221«Չեմ գիտեր` ինչո՛ւ, չեմ գիտեր` ինչպէ՛ս, չեմ գիտեր` որո՛ւ թերացումով այդ ոճրագործը չի յանձնուիր Հայաստանի իրաւապահ մարմիններուն. ժողովուրդին պահանջը միայն այդ էր` յանցագործը յանձնել Հայաստանի իրաւապահ մարմիններուն: Եթէ մարդիկ տեղեկանան, որ հայ իրաւապահներուն ձեռքն է այդ ոճրագործը, կը հանգստանան: Այս էր պահանջը»: «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Գիւմրիի մէջ ժողովուրդին կիրքերուն եւ ընդվզումին մասին խօսած է Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ եպս. Աջապահեան, որուն յորդորներուն շնորհիւ` 15 յունուարին խաղաղեցան ցուցարարները:

«Ժողովուրդը գրգռուեցաւ այն յայտարարութենէն, որ Ռուսիան պիտի չյանձնէ իր զինուորը: Չեմ գիտեմ` ինչ է բարդութիւնը սակայն, ընդամէնը 5 վայրկեանի գործողութիւնը 5 օր է, որ չի կատարուիր. չեմ գիտեր` ե՛րբ պիտի կատարուի: Ընդամէնը տականք մըն է, պէտք է ռուսերը յանձնեն հայերուն. պիտի չյանձնեն լինչի դատաստանի համար, պիտի յանձնեն իրաւապահ մարմիններուն: Ինչո՞ւ չեն յանձներ` մե՞ր մեղքով, մեր անողնաշար ըլլա՞լու մեղքով, թէ՞ ռուսերուն ամբարտաւան ըլլալու մեղքով, ես չեմ կրնար ըսել, իրաւասու չեմ ըսելու:

«Պաշտօնեաներուն կոչ ուղղած եմ ամէն ինչ ընելու, որպէսզի Ռուսիա այդ տականքը յանձնէ հայ իրաւապահ մարմիններուն: Սակայն անոնք կը խօսին բարդութիւններու մասին, որոնք ինծի համար հասկնալի չեն, ըմբռնելի չեն, ընդունելի չեն: Յուզուած ժողովուրդը իրաւաբանական եզրերով չէ, որ պէտք է հանգստանայ, ժողովուրդը  իսկական, շօշափելի գործողութեամբ պէտք է հանգստանայ, եւ անոր ուզածը մեծ բան չէ, կ’ըսէ` յանձնեցէք ոճրագործը հայ իրաւապահ մարմիններուն, չ’ըսեր` տուէք սպաննենք», յայտնած է Միքայէլ եպս. Աջապահեանը:

«Մեր պահանջը ռուսէն է, ոչ թէ` իրարմէ», շարունակած է ան` ցաւով նշելով, որ հայերը խառնակ վիճակի մէջ յայտնուեցան: «Այլազգի ներկայացուցիչը մտած է մեր տունը, սպաննած է մեր զաւակները, ան հիմա հանգիստ նստած է իր ռազմախարիսխին մէջ, պաշտպանուած, իսկ մենք իրարու գլուխ կը ջարդենք` հայերով», նշած է ան` աւելցնելով, որ մինչեւ վերջնական որոշման կայացումը` պէտք չէ ընդվզումի ալիք բարձրացնել:

Նախորդը

«Գիւմրիի Ողբերգութիւնը Պատահականութիւն Չէր, Այն Ձեռնտու Էր Որոշ Շրջանակների». Սկակովն Արտաքին Ուժերի Միջամտութիւն Է Տեսնում

Յաջորդը

Աւետիսեաններուն Հարազատները Կը Պահանջեն Արդարութեան Տնօրինում

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Երկրի Իրաւատէրն Ու Իշխանութեան Աղբիւրը
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Երկրի Իրաւատէրն Ու Իշխանութեան Աղբիւրը

March 10, 2026
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Պատգամ Անցեալէն

March 10, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Երկրորդ Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Երկրորդ Թիւը

March 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.