Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանան Ապահովական Ցնցումներու Դէմ Յանդիման Կը Գտնուի

Յունուար 19, 2015
| ԼԵՄ-ի ԷՋ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

11915_iranian_embassyԼիբանանեան եւ արաբական մամուլին հրատարակած նախորրդ շաբթուան բոլոր թիւերը լայն տեղ տուած էին Լիբանանին սպառնացող ապահովական վտանգներուն մասին տեղեկութիւններուն` լուսարձակի տակ առնելով Ժապալ Մըհսենի պայթումներուն գծով Ռումիէի իսլամական բանտարկեալներուն մեղսակցութիւնը, ինչպէս նաեւ` Այն Հելուէ գաղթակայան հաստատուած ահաբեկիչներուն կողմէ անձնասպանական գործողութիւններու հեղինակներ պատրաստելու հրէշային արարքները:

Արաբական օրաթերթերու մէջ լոյս տեսած վերլուծական յօդուածներ կը հաստատեն, որ Քալամունի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի արձանագրած յաղթանակները զիրենք մղած են ծրագրելու Լիբանանի ապահովութիւնը ցնցելու շարք մը գործողութիւններ: Այս առումով Թրիփոլիի Ժապալ Մըհսեն շրջանը թիրախ դարձնող զոյգ պայթումները ապահովական ցնցումներու շարքին մէջ առաջինը կը նկատուին, որովհետեւ նման դէպքեր պիտի շարունակուին:

Նոյն օրաթերթերուն համաձայն, Ժապալ Մըհսենի գործողութիւնը Թրիփոլիի Մանքուպին շրջանի ահաբեկիչներուն վստահելու քայլը պատահականութիւն չէ, այլ կանխամտածուած արարք` երկու շրջաններուն միջեւ համայնքային գրգռութիւններ հրահրելու եւ սադրանքներ նախապատրաստելու:

Նոյն աղբիւրները կը շեշտեն նաեւ, որ լիբանանցիները կրցան իրենցմէ հեռացնել համայնքային եւ յարանուանական սադրանքներու վտանգը, անոնք Ժապալ Մըհսենի պայթումէն ետք ցուցաբերեցին խիստ ինքնազսպում` շրջանցելով ահաբեկիչներուն կողմէ լարուած թակարդը:

Այս մէկը, սակայն, կը նշանակէ, թէ ՏԱՀԵՇ եւ այլ ահաբեկչական կազմակերպութիւններ պիտի շարունակեն իրենց արարքները եւ սադրանքներ հրահրելու նպատակով լիբանանեան այլ շրջաններ եւս թիրախ պիտի դարձնեն ահաբեկչական արարքներու:

Հաւանաբար երկրին սպառնացող վտանգներուն մասին այս սպառնալիքները աւելի լուրջ կը դառնան, երբ կարգ մը օրաթերթեր իրենց տեղեկութիւններուն մէջ կը նշեն, իրենց աղբիւրները, որոնք երկրին ապահովական կառոյցներն են:

Այս կառոյցներուն համաձայն, Լիբանան կը դիմագրաւէ վտանգաւոր եւ դժուար հանգրուան մը: Անոնք կը հաստատեն, որ Ժապալ Մըհսենը թիրախ դարձնող անձնասպանական գործողութիւններուն հեղինակները առաջիններն են:

Ապահովական կառոյցներուն բացայայտած տեղեկութիւններուն համաձայն, անձնասպանական գործողութիւններու հեղինակներ կը պատրաստուին Թրիփոլիի եւ Սայտայի մէջ. անոնք նշեցին, որ անձնասպանական գործողութեան հեղինակ մը պատրաստելու տեւողութիւնը մէկ ամիս է, որուն ընթացքին անոնք ականներ պատրաստող պատասխանատուներու հետ նաեւ կ՛ունենան որոշ մարզումներ:

Ըստ ապահովական կառոյցներուն, անձնասպանական գործողութեան հեղինակ պատրաստելու աշխատանքին պատասխանատու է լիբանանցի Օ. Ս. անունը կրող քաղաքացին, որ ծանօթ է իբրեւ Ապու Ֆարուք: Անոնք կը շեշտեն, որ ահաբեկիչներուն նպատակն է շիիները եւ քրիստոնեաները թիրախ դարձնել:

Լիբանանի մէջ անձնասպանական գործողութիւններ կատարելու նպատակով պատրաստուած են երեսուն ահաբեկիչներ:

Ժապալ Մըհսենի Գործողութեան Հսկած Են
Ռումիէի Իսլամական Բանտարկեալները

Ժապալ Մըհսենի դէմ գործուած պայթումներուն մասին բացուած հետաքննութիւնը բացայայտած է, որ Ռումիէի բանտի իսլամական բանտարկեալները այդ ահաբեկչութեան համակարգումը կը կատարէին Լիբանանէն դուրս գտնուող ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հետ:

Այս տեղեկութիւնները բացայայտած ապահովական կառոյցները հաստատեցին, որ Ռումիէի իսլամական արգելափակեալներուն վստահուած է ճշդել պայթումին վայրը, որ կը կատարուի հիմնուելով այն տուեալներուն հիման վրայ, թէ ո՛ր շրջանը թիրախ դարձնելու պարագային կրնայ հաւանական ըլլալ սադրանքներու նախապատրաստութիւնը:

Միւս կողմէ` բանակի բարձրաստիճան սպաներէն մէկը հաստատեց, որ Ռումիէի բանտին մէջ գործադրուած ապահովական ծրագիրը կը փաստէ բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ կատարեալ գործակցութիւնը, նկատի ունենալով, որ բանակը կազմ ու պատրաստ կը սպասէր նեցուկ կանգնելու ոստիկանութեան, որեւէ հարց ծագելու պարագային:

Նոյն զինուորականը շեշտեց, որ Ժապալ Մըհսենի պայթումին հետաքննութիւնը հետագային պիտի փաստէ, որ Ռումիէի իսլամական բանտարկեալները ի՛նչ աստիճանի մեղսակցութիւն ունէին այդ ահաբեկչական արարքին գործադրութեան առումով:

«Լիբանանեան պետութիւնն ու ապահովութեան ուժերը չեն կրնար լուռ եւ ձեռնածալ մնալ ահաբեկչական այս գործողութիւններուն եւ սպառնալիքներուն դիմաց», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Ռումիէի Դ. մասնաշէնքը, ուր փոխադրուած են իսլամական բանտարկեալները, պատրաստուած է այնպէս մը, որ կարելի ըլլայ հսկել բանտարկեալներուն շարժումներուն:

Մաշնուք. «Այն Սպան, Որ Արգելափակեալներուն
Բջիջային Տրամադրէ, Պիտի Գլխատուի»

11915_HUS7122Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք Ռումիէի մասին կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ շեշտեց, որ Ռումիէի մէջ գտնուող իսլամական բանտարկեալները բանտին Բ. մասնաշէնքէն փոխադրուած են այնպէս, ինչպէս որ են, առանց իրենց ունեցած գոյքերուն, բջիջային հեռախօսներուն եւ այլ սարքերու:

Ան նշեց, որ Ռումիէի Բ. մասնաշէնքը ամբողջութեամբ պիտի նորոգուի երեք ամսուան ընթացքին, եւ բանտարկեալները պիտի փոխադրուին այդ շէնքը: «Այն սպան կամ պատասխանատու զինուորականը, որ արգելափակեալներուն բջիջային հեռախօս կը տրամադրէ, պիտի գլխատուի», սպառնաց Մաշնուք:

Ներքին գործոց նախարարը հաստատեց, որ խուզարկութեան աշխատանքը պիտի շարունակուի, աւելցնելով, որ ներքին ապահովութեան ուժերուն քննիչ զօրամասը իր առաքելութեան մէջ առաջնահերթութիւն պիտի տայ Ռումիէի բանտին:

Մաշնուք 60 միլիոն տոլար պահանջեց բանտերու կարգաւորման եւ նորոգութեան նպատակով. ան նշեց, որ այդ գումարին կէսը կառավարութիւնը պիտի ապահովէ, իսկ միւս կէսը ինք անձամբ` ծանօթութիւններու միջոցով:

Ան հաստատեց նաեւ, որ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու կարեւորագոյն միջոցներէն մէկն է, ընդգծելով նաեւ, որ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութիւնը առաջնահերթութիւն է:

Մաշնուք յայտնեց, որ երկրին ապահովական իրավիճակը բարելաւելու իմաստով, ապահովական յաջորդ ծրագիրը պիտի գործադրուի հիւսիսային Պեքաայի մէջ:

Այն Հելուէ Ենթակայ Է Ապահովական
Իրավիճակի Վատթարացման

Ալեւի համայնքին սիրտը նկատուող Ժապալ Մըհսենի պայթումներէն ետք բանակը ապահովական իր միջոցառումները խստացուց Սայտայի հարաւային կողմը գտնուող Այն Հելուէ պաղեստինեան գաղթակայանին մուտքին, նկատի ունենալով, որ բանակը տակաւին չի կրնար գաղթակայան մուտք գործել:

11915_roumie1Բանակը ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրեց նաեւ Սայտայի մէջ գտնուող պետական, ապահովական եւ դատական հաստատութիւններուն, ինչպէս` սերային եւ Արդարութեան պալատին շրջակայքը: Միւս կողմէ` բանակը Այն Հելուէի մուտքին զետեղուած իր անցարգելին վրայ գաղթակայան մուտք գործող եւ անկէ դուրս ելլող բոլոր անցորդներուն անձնաթուղթերը ստուգեց, ինչպէս նաեւ խուզարկեց ինքնաշարժները:

Լիբանանի մէջ պաղեստինեան ազգային ապահովութեան ղեկավար Սուպհի Ապու Արապ յայտնեց, որ Ռումիէի մէջ գործադրուած ապահովական ծրագիրը ուղղակի ազդեցութիւն ունեցաւ Այն Հելուէի կացութեան վրայ. ան շեշտեց, որ իրենք կը դիմեն կարգ մը ձեւերու եւ միջոցներու` հակակշռելու համար գաղթակայանին «կայունութիւնը»:

Նշենք, որ Ռումիէի մէջ գործադրուած ծրագիրին իբրեւ հակազդեցութիւն, կարգ մը պաղեստինցիներ փակած էին գաղթակայանին ներքին ճամբաները` բողոքելով իրենց զաւակներուն հասած վնասներուն դէմ, սակայն ճամբաները վերաբացուեցան, երբ ներքին գործոց նախարարը ընդգծեց, որ իսլամական ոչ մէկ բանտարկեալ վնասուած է Ռումիէի գործողութեան ընթացքին:

Այն Հելուէի իսլամական ուժերու ընդհանուր քարտուղար շէյխ Ժամալ Խաթթապ յայտնեց, որ բողոքի արտայայտութիւնները հիմնականին մէջ արձանագրուած են Թաամիրի շրջանին մէջ, աւելցնելով, որ իրենք ուղղակի կապ հաստատած են երեսփոխան Պահիա Հարիրիի հետ եւ զայն տեղեակ պահած իսլամական բանտարկեալներուն կրած հաւանական վնասներու տեղեկութիւններուն մասին:

Շէյխ Խաթթապ յայտնեց, որ գաղթակայանին մէջ կացութիւնը աւելի հանդարտ է, նկատի ունենալով, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ համախոհութիւն գոյացած է, եւ ընդգծուած է Այն Հելուէն ապահովական ցնցումներէ հեռու պահելու անհրաժեշտութիւնը:

Ապահովական կառոյցները շեշտեցին, որ պաղեստինեան ուժերուն կողմէ գաղթակայանին մէջ որդեգրուած ապահովական միջոցառումներուն շնորհիւ կարելի եղած է գաղթակայանին ապահովական կայունութիւնը պահպանել, ինչպէս նաեւ` վերջ մը դնել գաղթակայանի ապահովական ուժերուն եւ բանակին միջեւ արձանագրուող զինեալ բախումներուն:

Սակայն կայ յստակ իրականութիւն մը, որուն համաձայն, Այն Հելուէի մէջ գտնուող իսլամական ծայրայեղական խմբաւորումներուն եւ Ժապհաթ Նուսրայի եւ ՏԱՀԵՇ-ի բջիջները կը սպառնան գաղթակայանին ապահովութեան:

Այս շրջագիծին մէջ հարկ է նշել նաեւ, որ Այն Հելուէի իսլամական խմբաւորումները իրենց հրահանգները կը ստանան Քալամունի եւ ընդհանրապէս սուրիական շրջաններու մէջ սուրիական բանակին եւ Հըզպալլայի մարտիկներուն դէմ պատերազմող Ժապհաթ Նուսրայէն եւ ՏԱՀԵՇ-էն:

Մաուլաուի Այն Հելուէի Մէջ Անձնասպանական
Գործողութեան Հեղինակներ Կը Պատրաստէ

907018-01-08_0Թրիփոլիի մէջ իսլամական էմիրութիւն յայտնելու եւ ՏԱՀԵՇ-ի հետ գործակցելու յանցանքով դատական իշխանութիւններուն կողմէ պահանջուած յանցագործ Շատի Մաուլաուի, որ կը գտնուի Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ կը զբաղի անձնասպանական գործողութեան հեղինակներ պատրաստելով, որպէսզի անոնք լիբանանեան զանազան շրջաններու մէջ անձնասպանական գործողութիւններ կատարեն, երբ Ժապհաթ Նուսրա կամ ՏԱՀԵՇ իրենցմէ պահանջեն նման գործողութիւններ:

Ապահովական կառոյցներուն կողմէ տրամադրուած տեղեկութիւններ կը շեշտեն, որ Մաուլաուի եւ անոր օգնականը Ուսամա Մանսուր հիմնական դերակատարութիւն ունին ահաբեկիչներ զինուորագրելու առումով: Մաուլաուի միջնորդի դերակատարութիւն ունի Ժապհաթ Նուսրայի Քալամունի էմիր Ապու Մալեք Թալլիի եւ անձնասպանական գործողութեան հեղինակներուն միջեւ:

Նոյն աղբիւրները կը հաստատեն նաեւ, որ Մաուլաուի ուղղակի կապի մէջ էր Ժապալ Մըհսենը թիրախ դարձուցած ահաբեկիչներուն հետ, ինչպէս նաեւ բանակին ձերբակալած ահաբեկիչներուն` Պասսամ Նապուշի, Էլի Ուարրաքի (ծանօթ` իբրեւ Ապու Ալի) եւ Մուհաննատ Ապտել Քատերի հետ: Շրջանառութեան մէջ դրուած են տեղեկութիւններ, որ Թահա Խայեալ Այն Հելուէէն ուղղուած է հիւսիսային Լիբանան` գործադրելու համար Ժապալ Մըհսենի ահաբեկչութիւնը:

Նշենք, որ լիբանանեան բանակին ձերբակալած այս երեք յանցագործները կը պատրաստուէին լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ թիրախ դարձնել բանակին դիրքերն ու բնակելի թաղամասեր. անոնց մօտ գտնուած եւ գրաւուած են նաեւ մեծ թիւով ականուած գօտիներ:

Աւելցնենք, որ Էլի Ուարրաք քրիստոնեայ մըն է, որ կօնափոխ դարձած եւ Նուսրան ընդունած է իբրեւ իր կրօնն ու գաղափարը, հաստատելով, որ ինք իսլամացած միակ քրիստոնեան չէ:

Ռումիէի բանտին մէջ գտնուող
իսլամական բանտարկեալներէն են.

Ժամալ Տաֆթարտար

Ձերբակալուած է լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան կողմէ, եւ հարցաքննութիւններուն ընդմէջէն բացայայտուած է, թէ ան Լիբանանի մէջ Ապտալլա Ազզամ փաղանգներու կրօնական պատասխանատուն է:

Տաֆթարտար լիբանանցի է, ծնած` Թրիփոլի: 2007-ին ամբաստանուած է Նահր Պարետի դէպքերուն ընթացքին Ֆաթհ Իսլամի մաս կազմելու յանցանքով:

Ամբաստանուած է 2013-ին իրանեան դեսպանատան դէմ գործուած զոյգ պայթումներուն յանցանքով: Ան ամբաստանուած է նաեւ նոյն տարուան ընթացքին Սայտայի մէջ լիբանանեան բանակի Աուալիի անցարգելին դէմ գործուած յարձակումին յանցանքով:

Նայիմ Ապպաս

Ծանօթ իբրեւ Ապու Իսմայէլ: Ամբաստանուած է Պէյրութի Հարաւային արուարձանները հրթիռարձակումի թիրախ դարձնելու, դէպի Պիր Ապըտ ականուած ինքնաշարժ մը ուղարկելու, ինչպէս նաեւ Հարաւային արուարձաններու մէջ գործուած անձնասպանական գործողութեան հեղինակները այդ վայրը փոխադրելու յանցանքներով:

Նայիմ Ապպաս վարձկան ոճրագործի նման գործած է. ան ՏԱՀԵՇ-ի, Ժապհաթ Նուսրայի եւ Ապտալլա Ազզամ փաղանգներուն հետ աշխատած է եւ ուղղակիօրէն մեղսակցած է 2013-ի օգոստոսին Ռուէյսի մէջ ականուած ինքնաշարժի պայթումին:

Ապպաս պատրաստած է նաեւ անձնասպանական գործողութեան հեղինակներ, որոնցմէ մէկն էր ան, որ 2014 փետրուարին մինի վանի մը մէջ ինքզինք պայթեցուցած էր:

Ձերբակալուած է Պէյրութի Թարիք Ժտիտէ շրջանին մէջ. անոր մօտ գտնուած են պայթումներու թիրախ ընտրուած վայրերու քարտէսներ, իսկ ձերբակալութենէն անմիջապէս ետք բացայայտած է, թէ իր բնակած վայրին մօտակայքը գտնուող կառատան մէջ կը գտնուի ականուած ինքնաշարժ մը:

Օմար Աթրաշ

Սուրիոյ եւ Լիբանանի միջեւ ականուած ինքնաշարժներու փոխադրութեան պատասխանատու: Աթրաշ շէյխ է եւ իբրեւ հոգեւորական արձանագրուած է Տար Ֆաթուայի մէջ:

Ան գործած է ՏԱՀԵՇ-ի, Ժապհաթ Նուսրայի եւ Ապտալլա Ազզամ փաղանգներուն հետ: Ծնած է Արսալ եւ ձերբակալուած է լիբանանեան բանակին կողմէ, անձնասպանական գործողութեան հեղինակներ փոխադրելու ընթացքին:

Օմար Աթրաշ պատասխանատու դերակատարութիւն ունեցած է նաեւ անձնասպանական գործողութիւններու հեղինակներ պատրաստելու առումով:

Ապու Օպէյտա

Բուն անունով Պիլալ Խտըր Իպրահիմ. ան Ֆաթհ իսլամի անդամներէն է եւ Ռումիէի բանտի Բ. մասնաշէնքի իսլամական բանտարկեալներուն պատասխանատուներէն: Ան ամբաստանուած է բանտին մէջ այլ արգելափակեալներ սպաննելու յանցանքով:

Ապու Թրապ

Քիչեր գիտեն անոր բուն անունը` Սելիմ Սալեհ. ծանօթ է իբրեւ Ապու Թրապ: Բանտին մէջ ան եղած է Ապու Օպէյտայի օգնականը: Բանտարկեալներուն սարսափ ազդող կերպար մըն է եւ իբրեւ «օրինական պատիժ» սպաննած է արգելափակեալ մը:

Ան Ֆաթհ Իսլամի անդամակցութեան յանցանքով ամբաստանուած է:

Ապու Ուալիտ

Ռումիէի իսլամական բանտարկեալներուն բանբերը, յատկապէս երբ իշխանութիւններուն հետ բանակցութիւններ վարելու պատասխանատուութիւն կը ստանձնէր:

Բուն անունով Մոհամետ Եուսեֆ. ան բանտին մէջ ծանօթ է իբրեւ իսլամական հեղինակութիւն եւ զայն կ՛անուանեն մեծ շէյխ: Կ՛ըսուի, թէ ան լիբանանցի պետական պաշտօնատարներուն եւ քաղաքական անձնաւորութիւններու հետ լայն ծանօթութիւններ ունեցած է եւ իբրեւ այդպիսին կրցած է բանտարկեալներուն շատ բան ապահովել:

Ապու Սելիմ Թահա

Ֆաթհ Իսլամի հիմնադիր դէմքերէն, որ դատապարտուած է մահապատիժի:

Բուն անունով Մոհամետ Սալեհ Զաուաուի:

Ֆաթհ Իսլամի մէջ ստանձնած իր պատասխանատուութիւններուն շրջագիծին մէջ յարձակումներ գործած է լիբանանեան պետական կառոյցներուն եւ յատկապէս լիբանանեան բանակին դէմ: Գետնի վրայ իր կատարած աշխատանքներուն կողքին, Ֆաթհ Իսլամի անդամները մղած է բանակին դէմ ատելութեամբ լեցնելու գործին:

Հուսամ Սապպաղ

Թրիփոլիի ծանօթ դէմքերէն, որ այլ անունով կը կոչուի Հաժ Ապու Հասան: Անոր անունը ուղղակիօրէն առնչուած է Քայիտային եւ ճանչցուած է իբրեւ հիւսիսային Լիբանանի Քայիտայի էմիրը: Սապպաղ պատասխանատու է 300 զինեալի. ան ձերբակալուած է բանակին կողմէ անցարգելի մը վրայ:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Գիւմրի. Սուգ Եւ Ցասում

Յաջորդը

«Ամօթ Կը Զգամ ». Հրանդ Տինքի Սպանութեան Դատավարութիւնը

RelatedPosts

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

Յուլիս 1, 2025
Հայրենիքի Կանչը, Լիբանանահայ Երիտասարդին Եւ Դաշնակցականին Դերը Այսօր
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Հայրենիքի Կանչը, Լիբանանահայ Երիտասարդին Եւ Դաշնակցականին Դերը Այսօր

Յուլիս 1, 2025
Երազային Անկախութիւն
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Երազային Անկախութիւն

Յուլիս 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?