Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Էրտողանի Հրաւէրը

Յունուար 19, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

11815_vahoԹուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 101 այլ երկիրներու ղեկավարներուն կողքին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը հրաւիրեց ներկայ գտնուելու 24 ապրիլին Կալիփոլիի ճակատամարտի 100-ամեակի նշման ձեռնարկին` նկատի ունենալով, որ օսմանեան բանակին մէջ զինուորագրուած հայերը եւս մասնակցած են նշեալ ճակատամարտին: Թուրքիա այդ ճակատամարտին յիշատակը աւանդաբար կը նշէ ճակատամարտի սկիզբ առած օրը` 18 մարտին, որ Նահատակաց օր հռչակած է, սակայն այս տարի Երեւանի մէջ 24 ապրիլին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկը առնուազն շուքի մատնելու նպատակով` զայն փոխադրած է այդ նոյն օրուան: Նախագահ Սարգսեան իրաւամբ շատ արագ տուաւ իր մերժողական եւ լաւապէս բանաձեւուած պատասխանը, այլապէս այն տպաւորութիւնը պիտի ստեղծուէր, որ կը քննարկէ անքննարկելին` 24 ապրիլին Թուրքիա երթալ¬չերթալը, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի կամ ոեւէ պետական պաշտօնատարի ոչ միայն այդ ձեռնարկին մասնակցիլը, այլ ընդհանրապէս Երեւանէն բացակայիլը բացառուած քայլ մըն է:

Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը այս հրաւէրը նկատեց երկրորդ անակնկալը Էրտողանի կողմէ` «անցեալ տարի 1915-ի դէպքերուն ընթացքին զոհերու հարազատներուն ուղղուած անոր ցաւակցական ուղերձէն ետք»: Սակայն այս երկու քայլերը կարելի չէ նոյն նժարին վրայ դնել: Էրտողանի 23 ապրիլ 2014¬ի ուղերձը, անկախ անբաւարար քայլ մը եւ նոր պարունակի մէջ դրուած ժխտողականութիւն մը ըլլալու իրողութենէն, ցեղասպանութեան հարցին լուծման ուղղութեամբ առնուած քայլ մըն էր, իսկ այս մէկը` այդ նոյն ցեղասպանութեան 100¬ամեակի ոգեկոչման արգելակման: Առաջինը ճիշդ ուղղութեամբ քայլ մըն էր, իսկ երկրորդը` ոչ միայն սխալ, այլ նաեւ` առաջինին ունեցած այդ չնչին դրական յատկանիշը չեղեալ դարձնող: Սակայն երկուքին միջեւ գոյութիւն ունի տրամաբանութեան որոշ շարունակութիւն մը. այս հրաւէրին մէջ եւս ներկայ է 2014¬ի «ցաւակցական ուղերձ»¬ին մէջ որդեգրուած «ընդհանուր ցաւ»¬ի թեզը, որ այսպիսով յառաջ կը մղուի եւ կը կատարուի զայն ամրագրելու փորձ մը, որ սակայն ձախող է, որովհետեւ եթէ Կալիփոլիի ճակատամարտին պարագային կարելի է «ընդհանուր ցաւ»¬ի մը մասին խօսիլ, այդ մէկը ցեղասպանութեան պարագային կատարելը սխալ է` մեկնելով այն պարզ իրողութենէն, որ յանցագործներն ու անոնց զոհերը չեն կրնար «ընդհանուր ցաւ» ունենալ եւ այդ մասին խօսիլը անհեթեթ է ու զաւեշտական:

Անգարա Երեւանի մէջ 100-ամեակի նշումը ականահարելու իր փորձին մէջ` անգիտաբար ականահարեց ցեղասպանութեան հարցին մէջ իր աւանդական թեզերէն մէկը. թրքական կառավարութիւնը Կալիփոլիի ճակատամարտին պարագային «ընդհանուր ցաւ»¬ի մասին խօսելով եւ ընդգծելով, թէ «մենք միասնաբար կռուեցանք Կալիփոլիի մէջ», խոստովանեցաւ, որ հայերը դաւաճաններ չէին եւ լիուլի կատարած են իրենց քաղաքացիական պարտականութիւնները, այլ խօսքով` հաստատեց, որ Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին «հայերու դաւաճանութեան պատճառով» զանոնք «աւելի ապահով վայրեր» տեղափոխելու թրքական պնդումը չի համապատասխաներ իրականութեան:

Էրտողանի հրաւէրը նաեւ եկաւ ցոյց տալու, որ Թուրքիոյ Կալիփոլի քաղաքի Երիտասարդական միութեան Կալիփոլիի ճակատամարտի 100¬ամեակին առիթով քաղաքին մէջ կազմակերպած «Խաղաղութիւն¬2015» խորագիրով նախաձեռնութիւնը, որուն, ըստ ծրագիրի, պիտի մասնակցին 9 երկիրներէ, ներառեալ` Հայաստանէն երիտասարդներ, անկախ ու ինքնաբուխ նախաձեռնութիւն մը չէ, այլ թրքական իշխանութեանց ցուցմունքով կատարուած եւ նոյն առիթով անոր կազմակերպած նախաձեռնութիւնը ամբողջացնող քայլ մը:

Բացառուած չէ, որ հրաւիրեալ երկիրները ընդառաջեն թէ՛ Երեւանի եւ թէ՛ Անգարայի հրաւէրին: Այդ պարագային կը մնայ տեսնել, թէ ի՞նչ մակարդակով ներկայ պիտի գտնուին անոնցմէ իւրաքանչիւրին ձեռնարկին: Այդ պատկերը պիտի ըլլայ հազարումէկ ազդակներու եւ հաշիւներու արդիւնքին արտացոլումը:

 

 

 

Նախորդը

Հայաշէն. Պատարագ Եւ Մատաղօրհնէք` Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին Առիթով

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?