Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դպրեվանքը 85-Ամեայ Առաքելութեան Ընդմէջէն (Թիւ 1). Կիլիկեան Դպրեվանքը` Սփիւռքեան Հոգեմտաւոր Ջրտուք

Յունուար 17, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԵԶԵԱՆ

11715_TbrevankԴպրեվանքի 85-ամեակին առիթով «Ազդակ» հերթաբար լոյս պիտի ընծայէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի ներկայ տեսչութեան եւ ուսուցիչներուն, ինչպէս նաեւ նախկին տեսուչներուն գրութիւնները:

Հայոց ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք աքսորեալ հայորդիներու Միջին Արեւելք հաստատուիլն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մէջ վերընձիւղուիլը սերտօրէն առնչուած են:

Անյոյս եւ անտերունչ հայ վերապրողներ նոր կեանքի եւ ապագայի խանձարուրը գտան իրենց ճակատագրակից Կիլիկեան կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռին մէջ, որ իր դպրեվանքով նախախնամական դերակատարութիւն ունեցաւ հայ սփիւռքի բազմածալ կարիքներուն համապատասխանող ղեկավարութիւն կոփելու սրբազան մարզէն ներս: Հոգեւորական եւ աշխարհական ղեկավարութիւն, որ անխտրական ոգիով եւ անսակարկ նուիրումով հասաւ ամէն տեղ ու ծառայական կոչումի ամբողջական գիտակցութեամբ յոյս ներշնչեց եւ տիրութիւն կատարեց իր խնամքին յանձնուած զանգուածներուն:

Հայ եկեղեցւոյ հովանիին տակ հայ ընտանիքի, հայ դպրոցի եւ հայ ակումբի անքակտելի ամրացումով, դպրեվանեցիներ հիմը դրին հայ սփիւռքի կազմակերպման, նախ Միջին Արեւելքի հիւրընկալ ափերուն վրայ եւ ապա` պարտադրաբար հեռաւոր երկիրներ ապաստանած մեր ժողովուրդի պանդուխտ իրականութեան մէջ:

Երէկ եւ այսօր հայապահպանման հիմնական բնագաւառներուն մէջ դպրեվանեցիներ ծառայական ներկայութիւն են` դպրեվանքէն իրենց առածը մեր ժողովուրդին տանելու ամբողջանուէր գիտակցութեամբ:

Ահաւասիկ, դպրեվանքը իր անկորնչելի մարդ-դրամագլուխով 85 տարիներէ ի վեր սփիւռքեան հոգեմտաւոր ջրտուքի իր անփոխարինելի առաքելութիւնը կը ծաւալէ եւ կ՛ոռոգէ մեր համահայկական ածուն:

Դպրեվանքին 85-ամեակը կը հրաւիրէ բոլոր դպրեվանեցիներս` անդրադառնալու այն օրհնեալ եւ եզակի պատեհութեան, որ շնորհուեցաւ մեզի դպրեվանքին մէջ ուսանելու եւ յանուն դպրեվանքին ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ծառայելու Աստուծոյ` հայ ժողովուրդին ակօսով:

Յետադարձ ակնարկով, երբ դպրեվանքի մէջ կազմաւորման տարիներս կը վերբերեմ եւ հայ ժողովուրդի ծառայութեան կողմնացոյցին հաւատարմութիւնը կը վերլուծեմ, խորապէս կը գիտակցիմ, թէ մեր խնամատար մայրը` դպրեվանքը երեք եզակի բարիքներ պարգեւեց եւ կը շարունակէ պարգեւել դպրեվանեցիներուն:

Առաջին` աղօթական կեանքի քաղցրութիւնը: Դպրեվանքը աղօթքի տուն է եւ դպրեվանեցիներ աղօթող ընտանիք են ամէն բանէ առաջ: Աղօթքը միայն ժամերգութիւն եւ պատարագ չէ դպրեվանքի մէջ, այլ մնայուն գոհաբանական արտայայտութիւն` կեանքի ամէնօրեայ հոլովոյթի բոլոր հանգրուաններուն: Աղօթքը, իր հաւաքական եւ անհատական տարածքներով, դպրեվանեցիները կը զօդէ Աստուծոյ, իրարու, մեր ժողովուրդի զաւակներուն, համայն մարդկութեան եւ ամբողջ ստեղծագործութեան հետ. որովհետեւ, աղօթքի ճամբով դպրեվանեցիներ իրենք զիրենք կը բանան Աստուծոյ եւ իրենց նմաններուն, ու աստուածային պահպանութեան խնդրանքին հետ համամարդկային արժէքներու փնտռտուքի ճիգի կը նախաձեռնեն: Այս օրերուն, երբ կեանքի հեւքը շեշտը աշխատանքին վրայ կը դնէ եւ յաջողութիւնը մեր ուրիշներէն աւելի ունեցած նիւթականով կը կշռէ, դպրեվանքը, աղօթական կեանքի կրթանքով, բարի գործի յաջողութեան եւ հոգեկան իրագործումի նժարը վաւերական կը դասէ: Դպրեվանեցիներ հոգեպէս կը պարպուին, երբ իրենց աղօթական կեանքը ցամքի եւ իրենք պարզ գործակատարներ դառնան:

Երկրորդ` իմացական հարստացման նախաճաշակը: Հոգեւոր սնուցման հետ դպրեվանքը իր զաւակներուն միտքը գնայունը անդրանցող մնայուն իրագործումներու կը մղէ: Հոգի, միտք եւ մարմին հաւասարակշռութեամբ կ՛աճին դպրեվանքի մէջ, որ միայն եկեղեցի, դասարան եւ սեղանատուն չէ. այլ ամբողջական հայ մարդը կերտող վառարան` պատանեկան կեանքը իմաստաւորելու, երիտասարդական եռանդը նուիրաբերելու եւ ամբողջական մարդը իրագործելու ճանապարհը ցոյց տալով դպրեվանեցիներուն: Գիրք եւ գրականութիւն, որպէս ինքնահարստացման կրթանք, կը տրուին դպրեվանեցիներուն, որպէսզի անոնք ապագային ի՛նչ պաշտօններ ալ որ ստանձնեն, չանջատուին իրենց միտքը մշտականօրէն հերկող իմացական արօրին բարիքէն: Դպրեվանեցիներ կ՛աղքատանան, երբ իրենք զիրենք զրկեն իրենց միտքը հարստացնող շարունակական ընթացքէն, եւ գիրքին տեղ դիրքը առաջնահերթ դառնայ իրենց կեանքին մէջ:

Երրորդ` ծառայական ոգիի մշտաթարմութիւնը: Դպրեվանքին ջամբած հոգեւոր եւ իմացական եզակի դաստիարակութիւնը իր նպատակը կը գտնէ ամբողջ կեանք մը, դասարանէն գերեզման, որպէս ծառայութիւն ապրելուն մէջ: Դպրեվանեցիներ իրենց ծառայական կեանքը որպէս կոչում կ՛ապրին` հասնելով մեր ժողովուրդի ծով կարիքներուն: «Ծառայել Աստուծոյ` հայ ժողովուրդին ընդմէջէն» կարգախօսն ու կեանքի ճանապարհն է դպրեվանքին: Աղօթել եւ ուսանիլ ծառայութեան համար. ա՛յս է դպրեվանեցիներուն տարբերութիւնը իրենց սերնդակիցներէն, որոնք կ՛ուսանին, որպէսզի իրենց ձեռք բերած վկայականներով եւ իրագործումներով ուրիշներ իրենց ծառայեցնեն եւ կամ, լաւագոյն պարագային, երբ ուրիշներուն ծառայելու պարտաւորութիւն ունենան, այդ ծառայութիւնը դրամով արժեչափեն: Դպրեվանեցիներու ցուցաբերած ծառայութեան գերագոյն տիպարը Քրիստոս է, որ հոգիի եւ մտքի գագաթներ նուաճելու ուղին մշտապէս բաց կը պահէ Իրեն հետեւելու ուխտով անսայթաք ընթացողներուն խաչակրութեան համար:

Այսօր, երբ հայ ազգի զաւակները ամէն երկինքի տակ հոգեւոր, իմացական եւ ծառայական կեանքի սով կ՛ապրին, դպրեվանքը իր առաքելութեան մէջ աւելի վճռական կը դառնայ` որպէս առաջին հացթուխ ունենալով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, որուն, 2015 թուականին, Հայոց  ցեղասպանութեան 100-ամեակին եւ դպրեվանքի հիմնադրութեան 85-ամեակին զուգադիպող կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 20-ամեակը ամէնէն վաւերական ապացոյցն է նուիրեալ կեանքի հայելիացման` մեր աշխարհատարած ժողովուրդին դիմաց ցցուած մարտահրաւէրներուն դպրեվանքին տուած հաւաքական պատասխանով:

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԵԶԵԱՆ
Կաթողիկոսական Փոխանորդ Կիպրոսի Թեմին
(Տեսուչ Դպրեվանուց 2011-13)

 

 

Նախորդը

Վարդգէս Սինանեանի Յիշատակին*

Յաջորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանին Այցելութիւնը «Թռչնոց Բոյն»

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?